Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐ ԻՐԵՆՑ ԿԵՆՍԱԹՈՇԱԿԱՅԻՆ ԽՆԱՅՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼ ՀՀ ԿԵՆՍԱԹՈՇԱԿԱՅԻՆ ՖՈՆՏԵՐ

June 12, 2024
in Միջազգային
0
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐ ԻՐԵՆՑ ԿԵՆՍԱԹՈՇԱԿԱՅԻՆ ԽՆԱՅՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼ ՀՀ ԿԵՆՍԱԹՈՇԱԿԱՅԻՆ ՖՈՆՏԵՐ

 

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած եւ ԼՂ-ի կուտակային համակարգի մասնակից անձերու հնարաւորութիւն պիտի տրուի Հայաստանի կենսաթոշակային ֆոնտեր տեղափոխել իրենց կենսաթոշակային խնայողութիւնները:

«Իրաւաբանական անձերու պետական գրանցման, իրաւաբանական անձերու առանձնացուած ստորաբաժանումներու, հիմնարկներու եւ անհատ ձեռնարկատէրերու պետական հաշուառման մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն եւ լրացում կատարելու մասին եւ «Կենսաթոշակային համակարգի կուտակային բաղադրիչի մասնակիցներու իրաւունքների եւ օրինական շահերու պաշտպանութեան լրացուցիչ երաշխիքներու մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը Ազգային ժողովը նիստին ընթացքին ներկայացուց Արդարադատութեան փոխնախարար Արմէնուհի Յարութիւնեանը:

«Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած այն անձերը, որոնք կ՛աշխատին Հայաստանի մէջ եւ Կուտակային կենսաթոշակներու մասին օրէնքի համաձայն կը կատարեն վճարներ, փաստացի կը համարուին Հայաստանի կուտակային համակարգի մասնակից: Այդ կը նշանակէ, որ այդ անձերը այս պահին ունին երկու կենսաթոշակային հաշիւ երկու առանձին համակարգերու մէջ: Կենսաթոշակային խնայողութիւններու մասնատումը կրնայ յանգեցնել լուրջ խնդիրներու ինչպէս ընկերային քաղաքականութեան, այնպէս ալ տեխնիկական տեսանկիւններէն: Եւ այս նպատակով նախագիծով կ՛առաջարկուի սահմանել ԼՂ կուտակային համակարգին մէջ ձեւաւորուած կենսաթոշակային խնայողութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող կենսաթոշակային ֆոնտեր տեղափոխելու հնարաւորութիւնը»,- ըսաւ Արմէնուհի Յարութիւնեանը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷ

Next Post

FREEDOM HOUSE. ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ 100-ԷՆ 7 Է 

Next Post
FREEDOM HOUSE.  ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ 100-ԷՆ 7 Է 

FREEDOM HOUSE. ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ 100-ԷՆ 7 Է 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.