Նախագահութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, հրաւէրով Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, հազարաւոր հայորդիներ մասնակցեցան Յիսուսի Սուրբ Սրտին Ջերմեռանդութեան փակման տօնախմբութեան եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօնին:
Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ, ձեռամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, որուն ընթացքին Մատաղը օրհնուեցաւ, առընթերակայութեամբ Զմմառու Միաբանութեան Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչի տեղապահ Հ. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի եւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժիի:
Ս. Զոհին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հայրապետական պատգամով յորդորեց ներկայ հաւատացեալները շարունակել Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ջերմեռանդութիւնը մինչեւ Յունիս ամսուան աւարտը, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը եւ շեշտը դրաւ նմանելու Յիսուսին՝ ըսելով. «Այսօրուայ մեր հաւաքն ու ջերմեռանդութեան կատարողութիւնը խոստում մըն է, որ նմանինք Յիսուսի Ս. Սրտին, ըլլալով իսկապէս հեզ, եղբայրասէր, բարի, գթած եւ խոնարհ: Նուիրենք մեր անձերը իրեն, ինչպէս Ինքը նուիրեց ինքզինքը մեզի բազմողորմութեամբ: Սիրենք մեր Տէրը, նաեւ սիրենք մէկս միւսը, ամբողջ էութեամբ»: Հայրապետը իր քարոզը շարունակեց շեշտելով Ս. Հաղորդութեան կենսական ու հոգեւոր կարեւորութեան վրայ, ըսելով. «Ս. Հաղորդութիւնը սոսկ հաց մը չէ, այլ իսկական Մարմինն է մեր Աստուծոյն Յիսուս Քրիստոսի, որ իսկական Միս մըն է իր Մարմինէն: Երբ տարակուսեցան անոր սրբութեան եւ իսկական էութեան մասին, հետազօտարանի մէջ արդիւնքը ելաւ, որ ոչ թէ ցորենէ հաց է, այլ կենդանի բաբախուն սրտի երակի մկան է, հետեւաբար, սիրելիներ, Յիսուս իր Ս. Սիրտը տուաւ մեզի իբրեւ հոգեւոր եւ մարմնաւոր կերակուր»: Քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները պահ մը լռութեան մէջ լսելու Աստուծոյ ձայնը՝ Յիսուսի Ս. Սրտին զարկերը:
Ջերմեռանդութեան մասնակցեցան Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին Օգնական նորօծ եպիսկոպոս Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահը, Արհի. Հ. Գէորգ Արք. Խազումեանը, Արհի. Հ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանը, Հ. Գրիգորիս Ծ.Վ. Սիրանեանը, Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանը, Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեանը, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տէր Ռաֆֆի Քհնյ. Յովհաննիսեանը, Ս. Աւետում եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեանը, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյր, պետական եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ, հայ դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տնօրէններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հազարաւոր հաւատացեալներ:
Ս. Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին Զմմառու դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու «Յիսուսի Բարեկամ»ները, արարողապետութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի, Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Նշան Կիս. Մարաշլեանի։
Պատարագէն ետք, Սուրբ Հաղորդութեան հանդիսաւոր թափօրը շրջեցաւ հայաբնակ Պուրճ Համուտի թաղերը, օրհնելով անոր բնակիչները, «Ս. Մեսրոպ»ի սկաուտախումբին եւ «Ս. Փրկիչ» Շեփորախումբի նուագներու առաջնորդութեամբ: Թափօրը եւս աւելիով իր երկիւղը պահեց Յիսուսի Ս. Սրտին կերպարը ներկայացնող արձանն ու Խաչվառը ուսամբարձ շալկած «Բարեսիրական Միութեան» ու «Բարեսէր Տիկնանց Միութեան» անդամ-անդամուհիներու ծառայութեամբ։ Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն դէպի Պօղոս Արիս պողոտայ հասնելէ ետք, թափօրը թեքուեցաւ դէպի Սարդարապատ ակումբին թաղը եւ այնտեղէն ուղղուելով անցաւ Նոր Մարաշէն դէպի Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջափակը:
Մեսրոպեանի բակին մէջտեղ պատրաստուած Ս. Խորանի բազմոցին վրայ զետեղուեցաւ Ս. Հաղորդութիւնը եւ անոր դիմաց երկրպագութիւնը կատարուեցաւ Յիսուսի Ս. Մարմնին: Ապա Հոգեւորական դասը, Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, իսկ հաւատացեալները շարունակեցին աղօթքը, որմէ ետք երկինքը լուսաւորուեցաւ տօնական պայթուցիկներով եւ մատաղ բաշխուեցաւ հաւատացեալ ներկայ ժողովուրդին:
«Յիսուս հեզ եւ խոնարհ սրտիւ, արա՛ զսիրտ մեր ըստ Սրտին Քում»:
Դիւան Ս. Փրկիչ Ժողովրդապետութեան