Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն երիտթրքական կուսակցութիւնը 1908-ի յեղաշրջումէն առաջ եւ ետք հետամուտ էր երկրին մէջ զարգացնելու եւ զօրացնելու ազգայնամոլութիւնը, ի նպաստ թուրք ցեղին եւ ի վնաս քրիստոնեաներուն, որոնց կարգին մանաւանդ հայոց: Թուրքերը քրիստոնեայ ըսելով առաջին հերթին հիմնականօրէն հայերը նկատի ունէին: Թրքական ազգայնամոլութեան ծիրին մէջ զանազան գաղափարախօսութիւններ մէջտեղ կը նետուէին: Ասոնց շարժառիթները կեղծ ու շինծու էին եւ թելադրուած երիտթուրք ղեկավարութեան կողմէ: Այդ գաղափարախօսութիւնները կեանքի բնական զարգացումներու եւ հոլովոյթին իբրեւ արդիւնք եղող միտքեր չէին, այլ Օսմանեան պետութեան կրած պարտութիւններու ճնշումէն մղուած՝ քաղաքական որոշումներ եւ հրէշային ծրագրեր մշակելու գետին պատրաստելու կը միտէին, որոնք բոլորն ալ կը նպատակադրէին վերջ ի վերջոյ բնաջնջել հայ ազգը:
Ազգայնամոլութեան պայմանները գոհացնող կաղապարուած գաղափարախօսութիւններ շռայլողները՝ պարզապէս վարձկաններ էին երիտթուրք ղեկավարութեան կողմէ վարձատրուող, որոնք ընդհանրապէս Եւրոպայէն եկած եւ Կ. Պոլիս հաստատուած ոչ-թուրքեր էին: Այս խորամանկ իմաստակները իսլամ կրօնքը շատ լաւ սերտած էին, սակայն անոր ուսուցմունքներուն հակասող ու նենգ դարձուածքներով օժտուած տեսութիւններ կը ստեղծէին, հայերը բնաջնջելու թուրք ղեկավարութեան ծրագրերուն յարմարող շինծու գաղափարախօսութիւններ մէջտեղ նետելով:
Թուրք այլախոհ պատմաբան Թաներ Աքչամ «Ամօթալի արարք մը» խորգրեալ եւ «Հայոց ցեղասպանութիւնն ու թրքական պատասխանատութեան հարցը» ենթախորագրեալ իր հեղինակած անգլերէն գիրքով, Մեթրոփոլիթըն պուքս, Հենրի Հոլթ եւ ընկ., Նիւ Եորք, 2007, 484 էջ (A Shameful Act – The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility, A Holt Paperback Metropolitan Books/Henry Holt and Company- New York, 2007, 484 p.), թրքական ազգայնականութեան կ’անդրադառնայ՝ ի շարս Հայոց ցեղասպանութեան առընչուած այլ նիւթերու: Թաներ Աքչամ թրքական ազգայնամոլութիւնը ազգայնականութիւն կը կոչէ, իբրեւ մեղմացուցիչ հանգամանք, յայտնի չէ ինչ պատճառով: Կարգ մը պատմաբաններ, որոնց մէջ հայեր, որոնք արեւմտամէտ ուղղութեան կը հետեւին, այլեւայլ պատրուակներով նկատել կու տան, թէ թրքական ազգայնամոլութիւն կոչելը գիտական մօտեցումէ հեռու է եւ չեն ուզեր ազգայնամոլութիւն բառով իսկական որակումը ընել թրքական ազգայնականութեան: Ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու համար չարին ծառայողներուն պատրուակներն ու պատճառաբանութիւնները չեն պակսիր:
Թաներ Աքչամ նախ կը բացատրէ թրքական ազգայնամոլութեան՝ իր որակումով թրքական ազգայնականութեան ծագումը, անոր սկիզբը սահմանելով ռուս-թրքական 1878-ի պատերազմը: Ապա ան իբրեւ Համաթրքական (Panturkist) գաղափարաբանութեան հեղինակներու գլխաւորը՝ շեշտը կը դնէ թուրք Զիա Կէօքալփի փիլիսոփայական գործերուն վրայ, իբրեւ թուրքերու ազգայնամոլութեան նախահայրը: Սկիզբէն հարկ է շեշտել, որ Թաներ Աքչամ հաւանաբար Նիւ Եորք ըլլալուն պատճառով, բնաւ չի յիշեր թէ համաթրքութեան գաղափարի հեղինակները սիոնիստ հրեաներ էին, ինչպէս հունգարացի հրեայ-սիոնիստ Արմինիուս Վամպէրի, աւստրիացի հրեայ-սիոնիստ Ֆրանց ֆոն Վերնէր (Մուրատ Էֆէնտի կեղծանունով), լեհ հրեայ-սիոնիստ Քոնսթանթի Պոռժեցքի (Մուսթաֆա Ճելալետտին փաշա կեղծանունով), ֆրանսացի հրեայ-սիոնիստ Լէօն Քահէօն, գերմանահպատակ հրեայ-սիոնիստ Ալպըրթ Քոհէն (Թեքին Ալփ կեղծանունով) եւ այլն «… եւ հուսկ ուրեմն է որ հրապարակ ելաւ առաջին թուրք փանթուրքիստ տեսաբանը Զիա Կէօքալփ անունով, որ իրականութեան մէջ աշակերտն էր հրեայ-սիոնիստ հիմնադիր-քարոզիչներուն…» (այս տուեալները քաղուած են եւ մէջբերումը կատարուած է Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի «Սիոնիզմի եւ փանթուրքիզմի առընչութիւնները եւ անոնց սպառնալիքը Հայաստանի լինելութեան» գրքոյկէն, հրատարակութիւն Լիբանանահայ գրական շրջանակի, Պէյրութ, 1990, էջ 10-12):
Զիա Կէօքալփ կ’առաջարկէ վերադառնալ հին օսմանեան ըմբռնողութեան եւ ետդարձ մը ընելով վերջ դնել «իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութեան ցնորք»ին (էջ 88, Թաներ Աքչամ): Յիշեցնելու կարգով ըսենք, թէ երիտթուրքերը իշխանութեան գլուխ երբ հասան այս հաւասարութեան հասկացողութիւնը քարոզեցին բայց չգործադրեցին: Յստակ էր որ նախկին օսմանիզմը կեղեքած էր հայերը եւ ամէն ինչէ զուրկ դարձուցած զանոնք: Ճիշդ այս կէտին էր որ Կէօքալփ կ’ուզէր վերադարձնել երկիրը:
Թաներ Աքչամ կը նշէ, թէ Հայասպանութեան դրդապատճառը լաւ ըմբռնելու համար կարեւոր է գիտնալ Կէօքալփի տեսութեան գաղափարական հիմքերը: Զիա Կէօքալփ կ’ըսէ թէ երբ թուրք ազգը ինքզինք վտանգի առջեւ կը տեսնէ, ան ոչ մէկ բարոյական պարտադրանք կը զգայ ամէն միջոցներով չհակազդելու համար վտանգին: Ահաւասիկ Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան կանխամտածուած արդարացման փորձի օրինակ մը, որ Կէօքալփի կարծիքով թուրքերը կ’արդարացնէ ընելու ամէն ինչ որ ի նպաստ իրենց ազգին է:
Փաստացի է այն իրողութիւնը, թէ Կէօքալփ մասնաւոր ուսումնասիրութիւններ կատարած է պետութեան մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու մասին, մանաւանդ հայոց: Այս գործը աւելի մանրամասն գիտելիքներով օգտագործուած է՝ տեղեկութիւններ հաւաքելու համար Հայաստանի արեւմտեան հատուածի ցեղային-կրօնական կազմութեան մասին: 1913-ին երիտթուրք կառավարութեան կողմէ Ներքին գործերու նախարարութեան մէջ մասնաւոր պաշտօնատուն մը բացուած է՝ Գաղթականներու վերաբնակեցման գրասենեակ անունով: Այս գրասենեակը կը զբաղէր պալքաններէն եւ այլ վայրերէ թուրքերու վերաբնակեցմամբ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ:
Յայտնի իթթիհատական Խալիլ Մենթեշէ իր յուշերուն մէջ հետեւեալը գրած է. «Թալաաթ փաշան էր որ առաջարկած էր երկիրը մաքրագործել դաւաճան տարրերէ» (էջ 92, Թաներ Աքչամ): Անոր առաջարկը ամբողջացնողը եղած է իթթիհատական պատասխանատու Քուշչուպաշը Էսրէֆ, որ յայտարարած է թէ «այդ դաւաճան տարրերը ոչ-իսլամներն էին, որոնք պէտք է սպաննուէին», աւելցնելով որ «այս արարքը ազգային հարց մըն է» (էջ 92, Թաներ Աքչամ):
Վերոնշեալ բազմագոյն սիոնիստ տարրերու կեղծ քարոզչութեան իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնը: Այս մասին Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կ’ըսէ. «Յստակ է ուրեմն, որ Փանթուրքիզմի եւ Փանթուրանիզմի հիմնադիրները սիոնիստներ էին բացառապէս… որոնք հեղինակեցին եւ քարոզեցին զայն ամբողջ կէս դար (1873-1923), մինչեւ որ կերպարանաւորուիլ սկսաւ Արդի Թուրքիան կամ Քեմալական Թուրքիան» (էջ 13, Գասպար Տէրտէրեան):
Այս բոլոր տեղեկութիւնները ի մտի ունենալով, աւելի յստակ կը դառնայ ներկայիս Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղի ունեցող ժխտական զարգացումները թուրքեւազերիական համաթուրանական ձգտումներուն իբրեւ արդիւնք, որուն մէջ ակնյայտ է սիոնիզմի մատը համաթուրանականներու հակահայ գործունէութեան մէջ, սիոնական պետութեան՝ Իսրայէլի բացայայտ ամէն տեսակի միջամտութիւններով:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Պէյրութ