ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ԱՐԺ. Տ. ՂԵՒՈՆԴ ՔՀՆՅ. ԼՈՇԽԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ
(ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԽԱԼԻԼ ՊԱՏԱՈՒԻ ԹԱՂԱՄԱՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ)
Օգտուելով ԱՄՆ-ի արեւմտեան շրջանիս տուած իր կարճատեւ այցելութենէն, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան տեղական վարչութիւնը՝ հրապարակային ասուլիս մը կազմակերպած էր, Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի սրահին մէջ, Պէյրութի Խալիլ Պատաուի թաղամասի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեանի հետ։
Ընտրանի հասարակութեան մը ներկայութեան սոյն հանդիպում-ասուլիսի բացումը կատարեց տիար Վահէ Աջապահեանը։ Ան կազմակերպիչ միութեան անունով ողջունելէ ետք հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեանը ու ներկայ հասարակութիւնը, ամփոփ կերպով ներկայացուց երիտասարդ հոգեւորականին կենսագրութիւնն ու ժողովրդանուէր ծառայութիւնները, տարբեր ծուխերէ ներս կատարած իր պաշտօնավարութեան ընթացքին։
Շուրջ քառորդ ժամուան շահեկան տեսաերիզի մը միջոցով ներկաները մօտէն ծանօթացան Լիբանանի վերջին տարիներու անապահով վիճակին պատճառով երկրէն ներս համատարած անգործութեան եւ անոր հետեւանքով յառաջացած թաղային օժանդակ յանձնախումբերու օգտաշատ գործունէութիւններուն։ Իրերու այդ դժխեմ կացութեան լոյսին տակ, Տէր Ղեւոնդի նախաձեռնութեամբ, երեք տարիներ առաջ, ստեղծուած է թաղային կոմիտէ մը, որուն մաս կազմած են Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի եւ շրջանի Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան «Աղասի» մասնաճիւղի երիտասարդ ներկայացուցիչները: Միացեալ կոմիտէն անխոնջ կերպով, բծախնդրօրէն ցուցակագրած է թաղի կարիքաւորներու անուանացանկը։ Սկիզբը քանի մը տասնեակ ընտանիքներ, եւ ներկայիս հարիւրաւորներ, կանոնաւոր կերպով կը ստանան յատուկ տուփերու եւ արկղերու մէջ զետեղուած կենսական սննդամթերքներ եւ տնային գործածուող անհրաժեշտ իրեր։ Այս երախտաշատ ծառայութիւնն ու նպաստի կանոնաւոր բաշխումը տեղի ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակուի թէ՛ կեդրոնէն ներս եւ թէ՛ անձամբ կարիքաւորներու բնակարանները, մասնաւոր դրութեամբ ու յատուկ փոխադրամիջոցներով։
Ներկաները տեսերիզի միջոցով մօտէն ծանօթացան նպաստամատոյց մարմինի հայրենասէր անդամներու բարեսիրական ծառայութիւններուն, միաժամանակ իրազեկ դառնալով բնակչութեան առօրեայ դժուարութեանց։ Իր հերթին, արժանապատիւ Տէր Հայրն ալ յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուաւ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ սոյն նախաձեռնութիւնը նիւթապէս հովանաւորողներու մասին, որոնց թիւը երթալով կը նուազի, սնանկութեան կամ արտաղագթի ու այլ դժուարութեանց պատճառով։ Տէր Ղեւոնդը ուրիշ պարագայ մըն ալ յայտնաբերեց, այն է՝ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան հարցը։ Յատկապէս տանիքի մաշած ըլլալուն պատճառով, առաստաղէն ջուրի ներթափանցումը ահազանգային վիճակ ստեղծած է։ Իրերու այս դրութեան մէջ, հարկ է նիւթապէս աջակցիլ վերոյիշեալ հարցին եւ նպատամատոյցի դրութիւնը շարունակել։
Տէր Ղեւոնդի հետաքրքրական զեկոյցէն ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի ասուլիս եւ հիւրասիրութիւն։ Տէր Հօր կարծիքով, Լիբանանի ընդհանուր բնակչութեան ¥ոչ-գաղթականներ, որոնց թիւը մէկուկէս միլիոն է¤ 50 տոկոսը ինքնաբաւ եւ բարեկեցիկ է, 25 տոկոսը՝ կարիքաւոր, 25 տոկոսը՝ ողորմելի եւ կարօտեալ։ Գալով հայկական հիմնարկ-հաստատութիւններուն ¥եկեղեցական եւ բարեսիրական¤, անոնք ալ կը վարանին օժանդակելու եւ կ՛ըսեն թէ իրենք ունին այլ ծրագրեր եւ այդ ծիրէն դուրս չեն կրնար տարածուիլ…։
Մենք եւս կը ձայնակցինք տեսլապաշտ Տէր Ղեւոնդի վերապահ լաւատեսութեան, ի կատար ածելու եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնները։
Բարի երթ եւ յաջողութիւն իր օգտաշատ ծրագրերուն։
Գ. Մ.