Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԸ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԿԸ ԼՍԷՐ. ԵՐԳԻՉԻՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳՈՎ

May 25, 2024
in Հայաստան
0
ԵՐԵՒԱՆԸ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԿԸ ԼՍԷՐ. ԵՐԳԻՉԻՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳՈՎ

 

Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հարիւրամեայ յոբելեանը Երեւանը տօնեց գեղեցիկ համերգային ծրագրով, որ տեղի ունեցաւ 22 Մայիսին, Քասքատի մէջ (Գաֆէսճէան քանդակներու պարտէզ):

«Երեւանը Ազնաւուր կը լսէ» խորագրով երեկոյին Գոռ Սուջեանի, Էրիկ Կարապետեանի, Սիւզաննա Մելքոնեանի եւ Լիպարիտ Աւետիսեանի կատարմամբ հնչեցին Ազնաւուրի սիրուած ստեղծագործութիւնները, որ կը պատմեն սիրոյ, յուսալքութեան, կանանց նկատմամբ մեծ ակնածանքի եւ մարդկային այլ զգացմունքներու մասին:

Արուեստագէտները ելոյթ ունեցան Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին նուագակցութեամբ` գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան: Երեկոյին սպասուած հիւրն էր ֆրանսացի դաշնակահար Էրիք Պերշօն, որ տարիներ շարունակ նուագակցած է երգիչին: Էրիք Պերշոյի ելոյթով մեկնարկեց համերգը:

Երեկոյին դժուար էր տեղաշարժ կատարել, քանի որ Քասքատը լեփ-լեցուն էր երգիչին երկրպագուներով, որոնց շարքերուն մէջ հայերէն բացի շատ էին նաեւ օտարազգիները, ինչ որ եւս մէկ անգամ կը խօսի այն մասին, որ Ազնաւուրի արուեստը համամարդկային է եւ չունի սահմաններ:

«Ազնաւուրը արուեստագէտ էր, որ փոխեց մեր պատկերացումները մեր տաղանդին մասին, փոխեց աշխարհընկալումը Հայաստանի, հայերու, մեր պատմութեան մասին»,- կը նշէ Սերկէյ Սմբատեանը: Ըստ անոր` տաղանդին շնորհիւ Ազնաւուրը կրցաւ նոյնիսկ ջերմացնել ու մտերմացնել երկիրները, ժողովուրդները:

խմբավարը կը կարծէ, որ` նման արուեստագէտի ժառանգութիւնը, ուժը, տաղանդը հնարաւորութիւն կու տան աշխարհին ներկայանալ այլ ձեւաչափով, որովհետեւ Ազնաւուրը աւելի մեծ է, քան այն ժանրը, որով ստեղծագործած է. ան կրցաւ երգով հատել բոլոր կարմիր գիծերը եւ ցոյց տալ ժանրի հնարաւորութիւնները:

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը ոգեւորութեամբ Ազնաւուր կը կատարէ, քանի որ երգիչը ե՛ւ Հայաստանինն է, եւ՛ աշխարհինը: «Ան դուրս է ակադեմական, դասական ձեւաչափէն: Լայն բազմութիւնը կը ճանչնայ Շարլի երաժշտութիւնը»,- կ՛ըսէ Սմբատեանը:

Համերգը կազմակերպած էր «Ազնաւուր» հիմնադրամը` համագործակցելով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին հետ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒՐՋ 3 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԷ 10 ԿՐԹԱՀԱՄԱԼԻՐ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Next Post

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ԴՊՐՈՑ ՉԻ ՓԱԿՈՒԻՐ, ԸՆԴՀԱԿԱՌԱԿԸ՝ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՆ ՆՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ 

Next Post
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ԴՊՐՈՑ ՉԻ ՓԱԿՈՒԻՐ, ԸՆԴՀԱԿԱՌԱԿԸ՝ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՆ ՆՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐ»  Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ 

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ԴՊՐՈՑ ՉԻ ՓԱԿՈՒԻՐ, ԸՆԴՀԱԿԱՌԱԿԸ՝ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՆ ՆՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.