ՀՀ կառավարութիւնը 2 միլիառ 920 միլիոն դրամի չափով գումար պիտի յատկացնէ 10 կրթահամալիր կառուցելու համար: Կառավարութեան հերթական նիստին նախագիծը ներկայացրուց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը:
«Նախագիծով կը նախատեսուի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան 2024 թուականի պետական պիւտճէով կրթահամալիրներու կառուցման համար նախատեսուած գումարի շրջանակներուն մէջ կատարել վերաբաշխում` 2 միլիառ 920 միլիոն դրամի չափով` Քաղաքաշինութեան կոմիտէէն Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին փոխանցելով 10 կրթահամալիրի կառուցման աշխատանքներու պատուիրատու մարմինի լիազօրութիւնները»,- ըսաւ Անդրէասեանը:
ԿԳՄՄ նախարարը նշեց, որ կրթահամալիրներ պիտի կառուցուին Արագածոտնի մարզի Ճարճակիս գիւղին, Գեղարքունիքի մարզի Կախակն, Արեգունի, Փոքր Մասրիկ, Մաքենիս գիւղերուն, Լոռու մարզի Բազում, Միխայլովքա, Կաթնառատ, Գարգառ գիւղերուն, Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքի Շաքի գիւղին մէջ:
«Այս նախագիծը եւս մէկ աշխատանք է «300 դպրոց, 500 մանկապարտէզ» խոշորածաւալ ծրագրի, ինչպէս նաեւ դպրոցներու գոյքային ու շէնքային պայմաններու բարելաւման ընթացիկ ծրագրերու շրջանակներուն մէջ»,- եզրափակեց նախարարը: