Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՍԱՀՄԱՆ ՉԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻՐ, ԱՅԼ ԿԸ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒԻ»

May 23, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՍԱՀՄԱՆ ՉԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻՐ, ԱՅԼ ԿԸ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒԻ»

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատումի համաձայնութիւններուն միջոցաւ կը վերարտադրուի Հայաստանի ինքնիշխան սահմանը, որ արդէն գոյութիւն ունեցած էր, իսկ այժմ պարզապէս կը յստակացուի: «Հետեւաբար, տեղի ունեցածը զիջում անուանելը տեղին չէ, այլ խորքին մէջ յաջողութիւն է, որովհետեւ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ բանակցութեամբ կը վերարտադրուի սահմանը եւ կը դրուի հետագայ զարգացումի եւ անկախութեան ամէնէն կարեւոր անկիւնաքարը», շեշտեց Փաշինեան: Խօսելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անգործութեան մասին, Փաշինեան յայտարարեց, որ ՀԱՊԿ-ի առնուազն երկու անդամ մասնակցած էր Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի պատերազմի նախապատրաստութեան:

Վարչապետը երէկ Ազգային ժողովին մէջ խօսեցաւ եկեղեցւոյ կողմէ տուրքերու վճարումի թղթածրարին մասին: «Մենք առաջարկեցինք աշխատանքի լծել հարկային համակարգը, բայց հաւաքուած ամբողջ գումարը վերադարձնել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, եթէ անոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ», ըսաւ վարչապետը: Դիտել տալով, որ իր առաջարկը մերժուած է, Փաշինեան այդ համարեց թափանցիկութեան խնդիր: «Այսինքն, ելեւմտական հոսքերու հետ, ըստ էութեան, կան խնդիրներ: Տուրքերէն խուսափողներուն մօտ կը բացակայի պետական գաղափարախօսութիւնը, մեր պետութեան ապագային մասին անոնց պատկերացումը», նշեց Փաշինեան: Իսկ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Պատասեան յայտարարեց, թէ պետութիւնը ունի տուրքերու ոչ անհրաժեշտ արտօնութիւններէն հրաժարելու քաղաքականութիւն մը:

Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին երէկ բանավէճ տեղի ունեցաւ նաեւ իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կարգ մը երեսփոխաններու միջեւ՝ Հայաստանի գերիշխան տարածքին առնչութեամբ: Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Քոնճորեան պատասխանեցին իրենց ուղղուած՝ ընդդիմադիր երեսփոխան Արծուիկ Մինասեանի հարցումին եւ նշեցին, որ Հայաստանի գերիշխան տարածքը 29.743 քառակուսի քիլոմեթր է: Անոնք, իրենց կարգին, ընդդիմադիրներէն պահանջեցին յստակօրէն յայտնել, թէ կ’ընդունին այդ տարածութիւնը: Իսկ երբ ընդդիմութիւնը մերժեց յստակ պատախան տալ, դիմելով խուսափողական այլընտրանքներու, Քոնճորեան յայտարարեց. «Դուք քաղաքական հայդուկներ էք, որովհետեւ ձեզի պէտք չէ յստակութիւն, օրինականութիւն»: Ան բացատրեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն 208 քառակուսի քիլոմեթր գրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ՝ մէկ մասը 1990-ականներէն, իսկ մնացեալը՝ 2021-էն ետք:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆԴԷՊ ԶԳԱՅՈՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Next Post

ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Next Post
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.