Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՕՔԱՄՓՕ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ՝ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ԱԼԻԵՒԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԼՈՒ ԴԻՄՈՒՄԸ

May 15, 2024
in Միջազգային
0
ՕՔԱՄՓՕ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ՝ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ԱԼԻԵՒԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԼՈՒ ԴԻՄՈՒՄԸ

 

«Փոլիթիքօ» թերթին մէջ 10 Մայիսին լոյս տեսած յօդուածով մը, Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ կոչ կ՛ընէ այդ ատեանին, որ անյապաղ ընդունէ անցեալ ամիս Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոնին (CFTJ) այն դիմումը, որ հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործադրելու յանցանքով կ՛ամբաստանէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, յստակացնելով որ Ալիեւի ծրագիր ոչ միայն Արցախի հայութեան դէմ ցեղասպանական արարք մըն է, այլ նաւ թիրախ ունի նաեւ Հայաստանի հայութիւնը։

Օքամփօ կը մանրամասնէ, թէ Գալիֆորնիոյ Օրէնճ գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Կասիա Աբգարեանի գլխաւորութեամբ ներկայացուած ծաւալուն դիմումին մէջ ներկայացուած են Ալիեւի ցեղասպանական դիտաւորութիւններուն մասին բացայայտ փաստեր, սկսելով ատելութիւն հրահրող անոր յայտարարութիւններէն ու հասնելով մինչեւ անոր հակահայ սպառնալիքները եւ ռազմական գործողութիւնները, որոնք բռնի տեղահանութեան մղեցին 120.000 արցախահայեր։

Օքամփօ նաեւ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պաքուի հակահայ քաղաքականութեան, Արցախի պատերազմին ընթացքին արձանագրուած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն մասին, որոնց պատճառով Արցախի բնիկ ժողովուրդը բռնի կերպով տեղահանուեցաւ։ Ան կ՛աւելցնէ, որ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոնին կողմէ ներկայացուած դիմումին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Ալիեւ այժմ նոյնը կը փորձէ իրականացել այս անգամ Հայաստանի Գեղարքունիք, Սիւնիք, Վայոց Ձոր ու Արարատ մարզերուն մէջ, ուրկէ արդէն իսկ հազարաւոր հայեր հեռացած են։

Օքամփօ կը յիշեցնէ, որ Պաքու ոչ միայն «Զանգեզուրի միջանացք»ը կը փորձէ ապահովել, այլ ամբողջ Հայաստանը սկսած է կոչել «Արեւմտեան Ատրպէյճան», պնդելով որ այդ տարածքները եւս ատրպէյճանական եղած են։

Յօդուածը եզրակացնելով, ան ցաւ կը յայտնէ, որ հակառակ այս բոլորին, Պրիւքսէլ կը շարունակէ «կարեւոր գործընկեր» նկատել Պաքուն։

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԵԼՃԻՔԱՆ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ՝ ԱԼՄԱԹԻԻ ՄԷՋՄ ԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Next Post

ԱՄՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ԱՄՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

ԱՄՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.