Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ՅՈՅՍ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ՈՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ

May 15, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ՅՈՅՍ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ՈՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ

 

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան յառաջընթացը գնահատելու համար անհրաժեշտ է նշել, որ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն հետ մէկտեղ Հայաստանը դիմակայած է արտաքին անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն:

Այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ելոյթ ունենալով «Քոփընհակընի ժողովրդավարութեան գագաթաժողովին» եւ մասնակցելով  «Առաջնագիծէն. Հայաստանի ժողովրդավարութեան պաշտպանութիւնը» («From the frontline: Armenia’s defence of democracy») թեմայով քննարկման:

«Ժողովրդավարական բարեփոխումներուն հետ մէկտեղ Հայաստանը դիմակայած է արտաքին անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն. 44-օրեայ պատերազմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ատրպէյճանական զօրքերու ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ 2021-2022 թուականներուն եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթր բռնագրաւում՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անտարբերութեան եւ անգործութեան պայմաններու մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 100.000 հայերու հարկադիր տեղահանումը Հայաստանի քաղաքացիներուն մօտ կասկածի տակ դրած է՝ արդեօք ժողովրդավարութիւնը ճի՞շդ ընտրութիւն է, թէ՞ գուցէ ժողովրդավարութիւնը կը նշանակէ աւելի քիչ անվտանգութիւն»,- ընդգծեց Փաշինեան:

Ըստ ՀՀ վարչապետին՝ ժողովրդավարութիւնը պէտք է ապացուցէ իր արդիւնաւէտութիւնը անվտանգութեան, տնտեսական եւ մարդասիրական մարտահրաւէրներուն դիմակայելու հարցին մէջ:

«Մենք յոյս ունինք տեսնել, որ համաշխարհային ժողովրդավարութիւնը կանգնած է մեր կողքին՝ լուծելու այդ բոլոր մարտահրաւէրները: Մենք գոհ ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին երկայնքով ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումէն եւ կ՛ողջունենք ԵՄ-ի որոշումը՝ ընդլայնելու առաքելութեան կարողութիւնները»,- ըսաւ վարչապետը՝ յոյս յայտնելով, որ Հայաստանը կ՛ընդգրկուի նաեւ եւրոպական Խաղաղութեան հիմնադրամի ծրագրերուն մէջ, եւ որ այս առումով Երեւանը կ՛ապաւինի ԵՄ անդամ երկիրներու աջակցութեան:

Վարչապետ Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ Պրիւքսէլի մէջ 5 Ապրիլին կայացած Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի հանդիպման.

«Եւրոմիութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները ստանձնած են Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան, պետական հաստատութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղէն փախստականներու մարդասիրական կարիքներու լուծման ուղղուած պարտաւորութիւններու նոր փաթեթ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյընի, ԱՄՆ արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքընի եւ իմ բարձր մակարդակի հանդիպման ժամանակ, որ տեղի ունեցավ 5 Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ»,- յայտարարեց վարչապետը եւ ընդգծեց, որ այդ պարտաւորութիւններու արագ եւ արդիւնաւէտ իրականացումը չափազանց կարեւոր է։

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԴԱՌՆԱՅ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

Next Post

ՌԱՍՄՈՒՍԵՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՌԱՍՄՈՒՍԵՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՌԱՍՄՈՒՍԵՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.