Ռուպինա Ալահայտոյեան Արթինեանի հեղինակութիւնը հանդիսացող «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը 1920-2020» ժամանակաշրջանին նուիրուած հատորը մաս կը կազմէ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչական շարքին: Հեղինակի տարիներու վրայ տարածուող տքնաջան աշխատանքին արդիւնքն է սոյն հատորը, որ լիբանանահայ շարք մը եկեղեցական եւ աշխարհիկ կազմակերպութեանց հիմնադրած երգչախումբերու 100-ամեայ գործունէութեան մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը կը կատարէ: Ներկայացուած են 54 երգչախումբեր իրենց խմբավարներով, որոնք պատմական ճշգրտութեամբ կը փոխանցեն իրենց ժամանակի դրոշմը եւ կատարողական արուեստի առանձնայատկութիւնները:
Հեղինակին երաժշտական պատրաստութիւնը մեծապէս նպաստած է այս գործի որակական բարձր մակարդակի պահպանման: Լաւագոյնս մեկնաբանուած են համերգները՝ անոնց ձայնային եւ նուագախմբային առանձնայատկութիւններու ներկայացումով: Արթինեան հաւասարապէս գնահատած է եւ իր տրամադրութեան տակ ունեցած տեղեկութիւններով ջանացած է ամենավաստակաւոր երգչախումբերէն մինչեւ նորակազմները ներկայացնել առարկայականօրէն եւ ջերմութեամբ: Ան նաեւ խմբավարներու վաստակը ներկայացուցած է բծախնդրութեամբ եւ արդարամտութեամբ, իւրաքանչիւրին տալով իր արժանի գնահատականը: Ապագայի բանասէրը իր տրամադրութեան տակ կ՛ունենայ արժեւորումը խմբավարներուն եւ երգչախումբերուն մասին:
Ռուպինա Արթինեան Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» մատենադարանին մէջ երկար ժամեր տրամադրած է՝ օգտագործելու համար այնտեղ գտնուող արխիւները եւ տուեալ ժամանակաշրջանի հայ մամուլին մէջ եղած թղթակցութիւններն ու վերլուծական յօդուածները: Հեղինակը օգտագործած է նաեւ երաժիշտներէն ոմանց ձգած ինքնակենսագրական էջերն ու օրագրութիւնները: Ան օգտագործած է համերգներու առիթով հրատարակուած յայտագիրներն ու գրքոյկները, որոնք, բացի օրուան յայտագրէն, այլ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն խմբավարին եւ երաժշտական կտորներուն մասին: Հեղինակը ունեցած է նաեւ հարցազրոյցներ տարիներու ընթացքին, յաճախ երաժիշտներու կենդանութեան, որ պատճառ եղած է վաւերական եւ շօշափելի տեղեկութիւններու ապահովման: Հատորին համար մեծ արժէք կը ներկայացնեն օգտագործուած նկարները, որոնք պատմական նշանակութիւն ունին: Անոնք կեանքի կը կոչեն յիշատակուած անձերն ու խումբերը եւ լոյս կը սփռեն բովանդակութեան վրայ:
Հատորը կը բովանդակէ հեղինակին ընդհանուր ներածականը գիրքի ծննդոցին եւ տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքներուն մասին: Յառաջաբանը գրած է երաժշտագէտ եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանը: Հատորին մէջ ընդգրկուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Շնորհալի» երգչախումբը, Հայ Աւետարանական համայնքի երգչախումբերը, Բարսեղ Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբը եւ Համազգային կրթական, մշակութային ընկերակցութեան երգչախումբերը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի երգչախումբերը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան երգչախումբերը, Հնչակեան կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող եւ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան երգչախումբերը: Անկախ երաժիշտ խմբավարները եւ երգչախմբային միացեալ գործունէութեան միաւորը:
Հատորին վերջին էջերուն զետեղուած է անուանացանկ մը՝ դիւրացնելու համար պրպտումներու աշխատանքը:
Ընթերցողին նախաճաշակ մը տալու մտադրութեամբ հատորին մէջ ներկայացուած խմբավարներէն եւ անոնց երգչախումբերէն փունջ մը պիտի ընդգրկենք մեր յօդուածին մէջ:
Յակոբ Իւվէզեան (1891-1943) հանդիսացաւ լիբանանահայութեան առաջին երաժիշտն ու խմբավարը եւ նուագախումբի ղեկավարը: Ան նախքան տեղահանութիւնը՝ 1915-ին արդէն իսկ երաժշտութիւն կ՛ուսուցանէր Մարաշի եւ Այնթապի մէջ: Ան նախ կը հաստատուի Հալէպ, ուր կþաշխատի որպէս երաժիշտ՝ իր օրապահիկը հոգալու համար, ապա կþանցնի Լիբանան, ուր կþունենայ լայն գործունէութիւն: Կը դասաւանդէ Ղազիրի, Ճիպէյլի եւ Ճիւնիի որբանոցներուն մէջ ու որբերուն հոգիներուն մէջ կ՛արթնցնէ երաժշտութեան հանդէպ սէր: Երբ որբանոցները կը փակուին ան Պէյրութ կþանցնի ու կը հիմնէ 40 հոգինոց իր երգչախումբը եւ «Քնար» նուագախումբը: Իր դիւրահաղորդ բնաւորութիւնը, ներողամիտ ոգին եւ անմիջականութիւնը զինք սիրելի կը դարձնեն իր շուրջ գտնուող կրտսեր երաժիշտներուն: Իւվէզեան կը կազմէ նաեւ Աւետարանականներու երգչախումբը, որ ամէն Կիրակի ելոյթ կþունենայ «Մէմորիըլ հոլ»ի մէջ: 1936 թուին կը հիմնէ «Սիփան» միութիւնը, որ կը նախաձեռնէ 80 հոգինոց երգչախումբը սիմֆոնիք նուագախումբով:
1936-ին իր սաները կը կազմակերպեն իր երաժշտական գործունէութեան 25-ամեակը: Ան կը գնահատուի որպէս երգահան, տպագրիչ, ջութակահար, խմբավար եւ կազմակերպիչ երգի եւ նուագի խումբերու, նոյնպէս սրբազան երաժշտութեան: Ան եղաւ նաեւ ժողովրդական բազմարդիւն երաժիշտ եւ ուսուցիչ: Իւվէզեանի առինքնող անձնաւորութենէն յափշտակուած, տարուէ տարի կ՛աճի թիւը իր ուսանողներուն, որոնց մէջ Տիգրան Քասունին կը հանդիսանայ ամենատաղանդաւորը, որ կը ստանձնէ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ երգչախումբին խմբավարութիւնը եւ կու տայ բարձր մակարդակով յագեցած սրբազան երաժշտական համերգներ բարձրօրէն գնահատուած, մանաւանդ օտար ունկնդիրներու կողմէ:
Իւվէզեան յօրինած է 20 երգեր եւ մշակած 20 երգեր, ինչպէս՝ «Բամ փորոտան», «Մեր հայրենիք», «Տէր կեցո», «Քնիր իմ բալիկ», «Ահա ելաւ լուսին արծաթ»: Իր մահէն ետք 1943-ին կը կազմակերպուի Յիշատակի հանդիսութիւնը բարձր որակով: Երգչախումբը կը ղեկավարէ Տիգրան Քասունի: Վերջին մեներգը Իւվէզեանի հեղինակած «Տէր կեցո դու զհայս» կը կատարէ Տոքթ. Էմմանուէլ Էլմաճեան:
Յակոբ Իւվէզեան կը նկատուի վաւերական հիմնադիրը լիբանանահայ երաժշտական կեանքին:
Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967): Կոմիտասի սաներէն ամենատաղանդաւորը, բազմակողմանի ձիրքերով օժտուած երգահան, երաժիշտ, կատարող, խմբավար, ջութակահար եւ ուսուցիչ: Անոր կենսագրութեան մէջ մեծ արժէք կը ներկայացնէ Կոմիտասի հետ իր գործակցութիւնը: Պոլսոյ մէջ Կանաչեան ներկայ կ՛ըլլայ Կոմիտասի 300 երգիչներով կազմուած «Գուսան» երգչախումբի ելոյթին ու կը հմայուի այդ երգեցողութեամբ: Կ՛որոշէ մաս կազմել Կոմիտասի երգչախումբին:
Կոմիտաս անմիջապէս կը նկատէ Կանաչեանի երաժշտական տաղանդը եւ զայն առնելով խումբի ամենաընդունակներու կարգին, կ՛ենթարկէ զայն յատուկ հոգածութեան: 1913-1915 տարիներու ընթացքին Կանաչեան կը հետեւի Կոմիտասի հայ ժողովրդական երգերու խմբավարական արուեստի վերաբերող դասընթացքներուն: Կոմիտասի շունչին տակ այս տարիները, մանաւանդ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու երգեցողութիւնը «Գուսան»-ին մէջ, կը դառնայ Կանաչեանի լաւագոյն դպրոցը: Մեծ վարպետին՝ Կոմիտասի սաները անոր պատահած ողբերգութենէն ետք կը ջանային զարկ տալ հայ երգին, կազմակերպելով Պոլսոյ մէջ 300 հոգինոց երգչախումբ մը եւ մեծ համերգ մը «Հայ Գուսան» անունով, յարգելու համար մեծ վարպետին վաստակը: Անոնք կը հրատարակեն նաեւ «Հայ Գուսան» երգարանը: Հուսկ Կանաչեան Փարիզ կþանցնի եւ երաժշտագէտ Ռընէլէ Նորմանի մօտ ներդաշնագիտութեան եւ բազմերանգրութեան (քոնթրըբուան) դասընթացքներուն կը հետեւի: Օր մը երբ իր գրած մէկ երաժշտական կտորը ցոյց կու տայ ուսուցիչին, ան ժամանակ մը ետք կը կանչէ զինք եւ կ՛ըսէ՝ լաւ է որ դուն հայկական ոճով ստեղծագործես: Այդ խօսքը պատճառ կþըլլայ, որ Կանաչեան նուիրուի հայ ժողովրդական երգերու յօրինման եւ մշակման:
Կանաչեան Եգիպտոս եւ Կիպրոս կը հրաւիրուի համերգներ տալու: Ան խումբեր կը կազմէ եւ փորձերու կը սկսի համերգներուն ընդառաջ: Շատ մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընկալուին Կանաչեանի երգչախմբային համերգները: Կիպրոսի ունկնդիրներուն մէջ ներկայ էր Շահմուրատեանը, որ Կոմիտասի երգերու լաւագոյն մեկնաբանն էր, ան կը հմայուի Կանաչեանի ներկայացուցած երաժշտութեամբ: Կանաչեան եօթը տարի ետք վերջնականապէս կը վերադառնայ Պէյրութ 1933-ին: Լիբանանեան հանդիսատեսը մեծ խանդավառութեամբ կը հետեւի Կանաչեանի համերգներուն: Ան 25 տարի շարունակ կը հրամցնէ հայ երգը ինչպէս որ ժառանգ ստացած էր մեծն Կոմիտասէն: Կանաչեան մօտէն կը հետաքրքրուի նաեւ լիբանանեան ֆոլքլորով: Առաջին հերթին լիբանանեան քայլերգը կը մշակէ խմբերգի համար եւ արաբական ժողովրդական երգերը քառաձայն խմբերգներու կը վերածէ:
Կանաչեան արեւելեան ոճին գեղեցկութեամբ կը կառուցանէ լիբանանեան երգերը: «LþOrient» թերթի երաշտական թղթակիցը կը զարմանայ, թէ ինչպէս եւրոպացի երաժիշտներ կը ձախողին լիբանանեան երգերը ներկայացնել հարազատութեամբ, մինչ Կանաչեան կը յաջողի անոնց ոգին արտայայտել արեւելեան երանգաւորումով:
1937-ին Կանաչեան կը ստեղծագործէ իր «Ալվարդի երազ»ը, «Յայգերգ»ը, «Վարդերի հետ», «Ծով աչքեր» եւ ուրիշ գործեր: Կանաչեան իր տարեկան համերգները կը ներկայացնէ 70 հոգինոց երգչախումբով: Յայտագրին մէջ ներմուծուած կ՛ըլլան քիւրտ լեռնականներու «Լորքէ լորքէ», Զահլէի «Արուս» տիւրզի գիւղի «տըպըք տըպըք», հայրենի լեռներուն «Հոյ նար»ը, Մուսա լերան «Հէլէ հէլէ»ն քառաձայն երգչախումբով: «Գուսան»ի 1944-ի տարեկան համերգին Կանաչեան կը ներկայացնէ իր մեծագոյն գործը՝ «Նանօր»ը, որ ուխտագնացութիւն մըն է դէպի Մշոյ Ս. Կարապետ: Երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեան կը գրէ «Նանօր»ի մասին. «Կանաչեանի երգչախմբային գործերուն ամենակատարեալն է, ամենագեղեցիկը, ամենաերկարաշունչը եւ հայկականը: Բոլոր թեմաները «Նանօր»-ին հեղինակին զուտ ստեղծագործութիւններն են եւ ոչ թէ ժողովրդական մոթիֆներէն փոխ առնուած: Կանաչեան այս թեմաները յօրինած էր ապշեցուցիչ հարազատութեամբ ժողովրդական հոգիին եւ հայկական հոգեմտաշխարհին հետ, ինչպէս Համաստեղը հայ գաւառին նկատմամբ»:
Կանաչեան 1946 թուականին կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը, որ մեծ տառապանք կը պատճառէ երաժիշտին: Ան կը շարունակէ իր խմբավարութիւնը հակառակ իր մթագնած տեսողութեան: Երգչախումբին անդամները մեծ գուրգուրանքով կը շրջապատեն զինք: Բացառիկ շուքով կը տօնեն իր գործունէութեան 40-ամեակը, երաժշտական լաւագոյն ներկայացմամբ:
1959 Մայիսին կրօնական աննախընթաց համերգ մը կը կազմակերպուի Կանաչեանի կողմէ՝ Կոմիտասի եւ Եկմալեանի պատարագէն 24 եկեղեցական երգերով եւ շարականներով: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղապահ Խադ Արք. «Կիլիկեան խաչ»ով կը պարգեւատրէ Բարսեղ Կանաչեանը:
Բարսեղ Կանաչեանի յետմահու նուիրուած ամենավերջին իրագործումը «Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական երկերու ժողովածուն» է (երկու հատոր), որ խմբագրած են Պերտոս Ալահայտոյեան (երգահաւաք եւ երաժշտաբան) եւ դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեան (երաժշտական խմբագիր եւ համակարգչային խմբագրող), մեծանուն երաժիշտին մահուան 50-ամեակին առիթով: Այս 700 էջնոց երկլեզու ժողովածուն կը հրատարակուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն 2019-ին:
Ա.հատորը կը բովանդակէ Արամ վեհափառին օրհնութեան գիրը, երկու գիտական յօդուածներ, յառաջաբան Պետրոս Ալահայտոյեանի եւ Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանի կողմէ: Առաջին եւ երկրորդ հատորներուն մէջ տեղ գտած են Կանաչեանի երաժշտական ստեղծագործութիւններու մշակումներու մեծ թիւով օրինակներ եւ բնագիրներ: Ըստ երաժշտաբան Ալահայտոյեանի, «Բարսեղ Կանաչեանի արժէքը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ ան ստեղծագործական գետնի վրայ Կոմիտասի աւանդութենէն անդին անցաւ՝ իր անձնական դրոշմը դնելով եւ իր անձնական հեղինակութիւններով նոր հորիզոն բանալով մեր երգչախմբային աւանդութեան եւ հայ երգի ստեղծագործական կատարելագործման մէջ»:
Համբարձում Պէրպէրեան (1908-1999): Գաղթականութիւնը Համբարձում Պէրպէրեանը կը նետէ Աթէնք, ուր կը ստանայ իր երաժշտական կրթութիւնը: 1932-ին կը հաստատւի Լիբանան եւ համերգներ կու տայ թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Սուրիոյ մէջ: Ան երաժշտութիւն կը դասաւանդէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Մխիթարեաններու, Համազգայինի Ճեմարանին, Սահակեան վարժարանին եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու մէջ: Պէրպէրեանի առաջին համերգը տեղի կ՛ունենայ 4 Մարտ 1933-ին հայ ճեմարանի 50 հոգինոց դպրոցական երգչախումբով եւ նոյն տարին «Քէմբ»ի Սահակեան վարժարանի կողմէ 8-14 տարեկան աշակերտներու մասնակցութեամբ համերգով: Պէրպէրեան իր մանկավարժական աշխատանքին առընթեր 1934-ին կը յօրինէ մանուկներու համար գրուած օփերա պալետ մը՝ «Թիթեռ» կամ «Մանուկն ու բնութիւն»ը, Սահակեան վարժարանի աշակերտութեան կողմէ բեմադրուած եւ Պէրպէրեանի ղեկավարութեամբ:
1946-ին Պէրպէրեան կը յօրինէ ութաձայն օրաթորիօ մը Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութեան վրայ, օգտուելով հայկական եկեղեցական մեղեդիներու մոթիֆներէն: Այս գործը ան կը նուիրէ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանին: «Նայիրի» երգչախումբը մեծ յաջողութեամբ երգեց այս օրաթորիօն նուագախումբի ընկերակցութեամբ, 2 Յունիս 1946-ին, «Էսէմպլի հոլ»ի մէջ: Վեհափառը անձամբ ներկայ եղաւ սոյն համերգին:
3 Ապրիլ 1948-ին «Մեմորեալ հոլ»ի մէջ Պէրպէրեան իր «Նայիրի» երգչախումբով եւ Պէյրութի նուագախումբին մասնակցութեամբ տարեկան համերգ կու տայ՝ նուիրուած վաղամեռիկ երգահան Գուրգէն Ալեմշահի (1907-1947): Յայտագրին մէջ կ՛ընդգրկուին չորս նոր ստեղծագործութիւններ՝ «Հովւուհիին երգ»ը, «Գիւղ հայրենին», «Ռազմերգ» եւ «Պարերգութիւն»: 1952-ին Պէրպէրեան շրջապտոյտ մը կը կատարէ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, ուր մեծ յաջողութիւն կը գտնէ իր եօթհամերգներով եւ պատկերասփիւռի յայտագրով: Պէյրութ վերադարձին՝ 3 Մայիս 1953-ին, «Էսէմպլի հոլ»ի մէջ կը ներկայացնէ «Նայիրի» երգչախումբով Կոմիտասի, Սաթեանի, Խաչատուրեանի եւ իր նոր երկու ստեղծագործութիւններով:
Պէրպէրեանի երազն էր Հայրենիքի մէջ հնչեցնել իր հայրենակարօտ յօրինումները: 9 Յունիս 1961-ին Հայաստան կը մեկնի եւ Հայրենիքի արուեստագէտներուն հետ 15 օրուան անխոնջ աշխատանքով իր գործերուն նուիրուած անդրանիկ համերգը տեղի կþունենայ Երեւանի համերգային մեծ սրահին մէջ: Կը ներկայացուի թաւջութակի քոնչերթօն, Սայաթ Նովայի ութ երգերը, ջութակի համար գրուած «Պարը»: Երեւանի պետական երգչախումբը կ՛երգէ «Հէյ Նարէ, Նարէ ջան» պարերգը, «Տօլաօ», աշխատանքի երգը եւ «Վարդանանց» ծաւալուն քանթաթ Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութենէն:
Հայրենի արուեստագէտներու եւ երաժշտասէր հասարակութեան բարձր ընդունելութեան կ՛արժանանայ Պէրպէրեան:
Լիբանան վերադարձին խումբը կ՛ընդարձակէ իր գործունէութիւնը Տիգրան Չուխաճեանի «Կարինէ», «Յաղթանակի երգ» օփերա պուֆի ներկայացմամբ:
Վերամշակուած «Լէպլէպիճի»ն է հայացած, արդիականացած , վերամշակուած Թ. Սարեանի կողմէ, որ 1962-ին կը ներկայացուի 6 ելոյթներով: Լիբանանի մէջ Պէրպէրեանի վերջին գործը կ՛ըլլայ այս, որմէ վերջ 1963-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը շարունակէ իր երաժշտական գործունէութիւնը: Համբարձում Պէրպէրեանի նպաստը մեծ է լիբանանահայ երաժշտական եւ երգչախմբային կեանքին մէջ: Մօտ 30 համերգներ տուած է եւ ստեղծագործած է մեծաթիւ մեներգներ, խմբերգներ, դաշնամուրային գործեր, ջութակի համար գրուած կտորներ: Նաեւ չորս օփերա, առաւել քոնչերթօներ, սեմֆոնիներ, օրաթորիօներ եւ քանթաթներ:
Համբարձում Պէրպէրեանի 60 տարիներու վրայ երկարող երաժշտական ասպարէզին վաստակը հարուստ է արժէքաւոր ստեղծագործութիւններով: Ան իր պատուաւոր տեղը գրաւած է լիբանանահայ երաժշտական կեանքի պատուանդանին վրայ:
Աշոտ Պատմագրեան (1898-1980) երաժշտական բազմակողմանի վաստակի տէր արուեստագէտ մըն է, որ ճանչցուած է որպէս խմբավար, երգահան, երաժշտաբան եւ դասախօս: Ան ծնած է Թավրիզ, Պարսկաստան եւ նախնական կրթութիւնը ստացած է Արամեան վարժարանին մէջ ու իր երկրորդական ուսումը՝ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Իր երաժշտական ուսման մասնագիտութեան համար մեկնած է Գերմանիա, ուր ընդունուած է Պերլինի Շթերնշէս երաժշտանոցը, ուրկէ կը ստանայ դոկտորականի աստիճան՝ երեք տարուան ուսման շրջանը աւարտելէ ետք: Շրջանաւարտութենէն ետք ան կը նուիրուի հայ երգի ու երաժշտութեան ուսումնասիրութեան եւ տարածման աշխատանքին: Ան ամուսնացած է իր դասընկերուհի Ռոզ Արզումանեանի հետ, որ իր երաժշտական բարձրագոյն մասնագիտութիւնը ստացած է Լենինկրատի մէջ: Ան տաղանդաւոր երգչուհի էր եւ իր ամուսինին բոլոր ճամբորդութիւններուն կ՛ընկերանար որպէս մեներգիչ թէ՛ առանձին եւ թէ՛ խմբերգներու որպէս սոլիստ: Ան տիկնոջ հետ շրջած է միջինարեւելեան երկիրներ եւ Եւրոպա ու Ամերիկա: Պատմագրեան իր ճամբորդած երկիրներուն մէջ առաւելագոյնը երկու ամիսէն կը կազմէր դասական երաժշտութեան հեղինակներու գործերը: 14 Յուլիս 1936-ին Պատմագրեան առաջին անգամ ըլլալով կը ժամանէ Լիբանան: Այնտեղ կը կազմակերպէ երգչախումբն ու նուագախումը համերգի համար 30 Նոյեմբեր 1936-ին, Ամերիկեան համալասարանի «Ուեսթ հոլ»ի մէջ: Կը ներկայացուի Պեթհովեն եւ Մոցարթ երգչախումբի եւ նուագախումբի կողմէ, նաեւ հայկական երաժշտական յայտագիր: Լիբանանի համար համերգի արձագանգը զգայացունց էր եւ հայ թերթերն ու ֆրանսատառ մամուլը խանդավառ գրութիւններով արտայայտեցին իրենց բացառիկ տպաւորութիւնները: Համերգը կրկնուեցաւ «Մեմորիըլ հոլ»ի եւ Սահակեան վարժարանի ընդարձակ սրահին մէջ:
Պատմագրեաններու ճամբորդութիւնները կը շարունակուին Ամերիկա եւ Լոնտոն: Երկու տարի մնալով համերգներ կու տան Լոնտոնի, Նիւ Եորքի, Տիթրոյթի եւ Լոս Անճելըսի հայ գաղութներուն համար:
1958-1960 տարիներուն Պատմագրեանի երաժշտական գործունէութեան 40-ամեայ յոբելեանը կը տօնուի համազգային տարողութեամբ, բոլոր հայկական հոծ գաղութներուն մէջ: Այս շրջանին ան արդէն կորսնցուցած էր իր կեանքի եւ արուեստի ընկերուհին Ռոզ Պատմագրեանը:
Պէյրութի մէջ հինգ մշակութային միութիւններ՝ Նոր Սերունդ մշակութային մՄիութիւնը, Թէքէեան մշակութային միութիւնը, Հ.Ե.Ը., Գրական շրջանակ եւ Վերածնունդ միութիւն կը կազմակերպեն Պատմագրեանի 40-ամեայ յոբելենական ձեռնարկը 30 Յունուար 1960-ին: Հանդիսութեան առաջին մասը յոբելեարի երաժշտական գործերու մեկնաբանման նուիրուած էր:
1963-ին Աշոտ Պատմագրեան վերջնականօրէն կը հաստատուի Պէյրութ:
21 Մարտ 1964-ին Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը (ԼՄՄ) երաժշտական բացառիկ փառատօն մը կը կազմակերպէ «Թէաթր տիւ Լիպան»ի մէջ, «Քազինօ տիւ լիպան»: Այս երգեցիկ սիմֆոնիկ համերգին կը մասնակցին 100 երգիչներ եւ նուագողներ ԼՄՄ-ի 70 հոգինոց երգչախումբով, ղեկավարութեամբ Աշոտ Պատմագրեանի: Յայտագիրը երեք մասերէ կը բաղկանար. առաջին եւ երկրորդ մասերը հայ եւ դասական երաժշտութեան նմուշներով, իսկ երրորդը՝ Պատմագրեանի ստեղծագործութիւններով: Անոր գործերն էին հինգ մասերէ բաղկացած «օրաթորիօն», ապա յաջորդաբար՝ «Եալալի», «Տուտոլ», «Սայաթ Նովա» եւ «Նինամի հարսնիքը»: Համերգը մեծ ընդունելութեան եւ գնահատանքի կ՛արժանանայ ունկնդիր հասարակութեան կողմէ բուռն ծափահարութիւններով:
Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը կրկին հրապարակ կու գայ 5 Ապրիլ 1970-ին, «Թէաթր տիւ Լիպան»ի մէջ, իր երգչախումբի կատարմամբ, Աշոտ Պատմագրեանի խմբավարութեամբ եւ նուագախումբի ընկերակցութեամբ: Համերգը կþընդգրկէ Մենտըլսոնէ, Մոցարտէ, Ս. Ֆրանկէ, Պելլինիէ, Վէպերէ կտորներ: Նոյնպէս Պատմագրեանէ «Հայկական Օրաթորիա» հատուածներ, Չուխաճեան Արշակի «Արիան», Տիգրանեան «Անուշի Արիան», Ա. Պատմագրեանի «Սայաթ Նովա» եւ «Հարալէ», Է. Յովհաննէսեանի «Էրեբունի»: Դաշնակի եւ երգեհոնի ընկերակցութիւնը կը կատարէ Զուարթ Պուճիգանեան: Բացառիկ գնահատանքի արժանացաւ սոյն համերգը: Պատմագրեանի դասախօսութիւնները, համերգները, հրատարակութիւնները եւ յօրինումները մեծապէս նպաստած են Պէյրութի հայ գաղութի երաժշտական զարգացման: Ան իր կեանքին վերջին տարիները ապրեցաւ Լիբանանի մէջ, ուր մահացաւ 1981 թուականին:
***
«Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը 1920-2020» հատորը մեծ իրագործում է հայ ժողովուրդի յետեղեռնեան տարիներու մշակութային կեանքին որպէս վկայութիւն: Լիբանանեան այս օտար ափին վրայ իր կեանքը տակաւին չկազմակերպած հայ գաղութը կը մտածէր իր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի կազմակերպման, երգչախումբերու միջոցաւ: Երաժշտական այդ ժանրը կը գոհացնէր ոչ միայն արուեստի հանդէպ իր փափաքը, այլ ընկերային եւ հոգեկան իր կարիքը միասնաբար եւ խումբով ստեղծելու արուեստի այդ կախարդական մթնոլորտը: Այդ ճիգին մէջ այդ խմբավարները, երգիչներն ու նուագածուները առիթը ունեցան ստեղծելու գերազանցապէս արուեստով յագեցած երաժշտական միջոցառումներ, որոնք այսօր ալ պատիւ կը բերեն հայ հաւաքականութեան: Ինչպիսի սիրով, բծախնդրութեամբ եւ մանրամասնօրէն արձանագրած է Ռուպինա Արթինեանը երգչախմբային պատմական այս տուեալները: Ներկայ եւ ապագայ սերունդները երախտապարտ պիտի մնան իրեն այս նուիրեալ եւ անձնուրաց աշխատանքին համար: Կոթողային յաւելում է սոյն հատորը սփիւռքահայու մեր մշակութային եւ երաժշտական տարեգրութեան մէջ:
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ