Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՍԴՀԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԸՆԹԱՑՈՂ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

May 13, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՍԴՀԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԸՆԹԱՑՈՂ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Լոս Անճելըսի իր կեցավայրին մէջ ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները՝ ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը՝ նախագահ Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնած է կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն համազգային նշանակութիւն ունեցող գործընթացներուն մէջ անոնց կատարած աշխատանքին եւ ներդրած ջանքերուն համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային ընդհանուր իրողութիւններուն եւ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ հայաստանեան ներքաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

Վահագն Խաչատուրեանը, պատասխանելով հանդիպման մասնակիցներու հարցումներուն, մանրամասնութիւններ յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման գործընթացին վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ սահմանազատումը կ՛իրականացուի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան հասնելու, ինչպէս նաեւ տարածքային ամբողջականութեան անխաթարութեան սկզբունքներու շրջանակին մէջ:

Նախագահը ընդգծած է, որ հայաստանեան իշխանութիւնը անհրաժեշտ քաղաքական կամք ունի յստակօրէն շարժելու հարեւաններուն հետ բարիդրացիական եւ կարգաւորուած յարաբերութիւններ հաստատելու ուղիով:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ առկայ խնդիրներու չէզոքացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու խթանման կարեւորութեան:

Անմիջական մթնոլորտի մէջ Հանրապետութեան նախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան, ռազմարդիւնաբերութեան, երկրի պաշտպանական կարողութիւններու ընդլայնման, տնտեսութեան բազմազանեցման եւ այլ ուղղութիւններով իրականացուող միջոցառումներուն մասին:

Միտքեր փոխանակուած են ներհայաստանեան հասարակական-քաղաքական զարգացումներու պատճառահետեւանքային կապերու, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու փոխազդեցութիւններուն վերաբերեալ:

Հանդիպման աւարտին ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները կրկին վստահեցուցած են, որ կուսակցութիւնը իր կարողութիւններով պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ու երկրի օրակարգային հարցերու սպասարկման:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Next Post

ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ՇՈՒՆՉԸ՝ ԿԻՒՄՐԻԻ ՍԵՐԿԷՅ ՄԵՐՔՈՒՐՈՎԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՆԵՐՔՈՅ

Next Post
ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ՇՈՒՆՉԸ՝ ԿԻՒՄՐԻԻ ՍԵՐԿԷՅ ՄԵՐՔՈՒՐՈՎԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՆԵՐՔՈՅ

ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ՇՈՒՆՉԸ՝ ԿԻՒՄՐԻԻ ՍԵՐԿԷՅ ՄԵՐՔՈՒՐՈՎԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՆԵՐՔՈՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.