Իսրայէլեան «Ետիյոթ Ահարոնոթ» կայքէջը յայտարարեց, թէ Պիր Սապաա քաղաքը ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ ու շէնք մը վնասուեցաւ: Քաղաքացի մը վիրաւորուեցաւ ռմբակոծումին որպէս արդիւնք: «Ալ Քասսամ» յայտարարած էր, թէ ռմբակոծեց քաղաքը որպէս հակադարձութիւն Իսրայէլի կատարած ոճիրին: