Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ 2024 CAHL BANQUET

May 9, 2024
in Գաղութային
0
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ 2024 CAHL BANQUET

 

Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, կ.ա. ժամը 11-ին, ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տան Տիկնանց յանձնախումբը հանդիսաւոր կերպով նշեց Մայրերու Օրը Տըպայէի «Լա Մարինա» ճաշարանին մէջ:

Ներկայ էին ազգային, բարեսիրական, եկեղեցական տարբեր կառոյցներու տիկնանց յանձնախումբերու  ներկայացուցիչներ եւ ՔԱՀԼ-ի  հաստատութիւնը քաջալերող բարեկամներ:

Օրուան  հանդիսավար, յանձնախումբին ատենադպրուհի  Տիկ. Շաքէ Գարայեան բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, շնորհաւորելով  բոլոր մայրերուն տօնը, ապա շեշտեց մօր դերակատարութեան կարեւորութիւնը, որ մայրը միշտ  եղած է  ազգին  յենարանը եւ իրմով  յարատեւած է ազգը, իր անձնազոհութեամբ  եւ սիրով, պահպանելով աւանդութիւներն ու ազգային եւ ընտանեկան արժէքները։ Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահին՝ Տիկ. Սիրարփի Վարդանեանին, իր իշխանական նուիրատուութեան համար, որ սիրայօժար ու մեծ գոհունակութեամբ ընդառաջած էր  այս  ձեռնարկի նախագահութեան հրաւէրին: ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց  յանձնախումբը  յուշանուէրով մը  պատուեց օրուան նախագահը:

Ապա, հրաւիրեց յանձնախումբին փոխատենապետուհի Տիկ. Մանուշակ Շահպազեանը՝ իր սրտին խօսքը փոխանցելու ներկաներուն։ Տիկ. Շահպազեան շնորհակալութիւն  յայտնեց  բոլոր  ներկաներուն,  որոնք ժպիտ սփռելով սիրայօժար  ներկայ  եղան եւ սատարեցին այս հաստատութեան ձեռնարկի յաջողութեան: Նոյնպէս  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք  ներկայ  չեղան,  բայց  իրենց  սրտաբուխ  օժանդակութեամբ  նեցուկ  կանգնեցան սոյն ձեռնարկին: Տիկ. Շահպազեան շեշտեց  ՔԱՀԼ  հաստատութեան  կարեւորութիւնը եւ հոն կատարուած աստուածատուր եւ բարի աշխատանքը: Գնահատեց  հաստատութեան տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը եւ անոնց տարած դժուարին, սակայն շատ կարեւոր առաքելութիւնը: Ապա հրաւիրեց պատուելի Սեպուհ Թէրզեանը:

Պատուելի Թէրզեան իր խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն  յայտնելով  ներկաներուն,  որ  ընդյառաջեցին  եւ ներկայ  գտնուեցան  այս ձեռնարկին, միասին վայելելու օրուան  ջերմութինը։ Պատուելին ուզեց ներկաները յատկապէս տեղեկանան ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց  յանձնախումբի անդամներուն երկար տարիներու, անձնազոհ եւ նուիրեալ  ծառայութինը ու աշխատանքը ի նպաստ ՔԱՀԼ-ի: Ան խնդրեց որ անդամները ոտքի կենան ծանօթացման համար եւ ծափահարութեամբ գնահատուեցան:

Պատուելի Թէրզեան բացատրելով ծառայութեան իմաստը, ան մէջբերեց Յովհաննու                                                          Աւետարանէն (15.12) «Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»՝ Քրիստոսի անժամանցելի խօսքը: Ծառայութիւնը սիրոյ արտայայտութիւն է, հրաւիրելով բոլորս զիրար սիրելու իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ, սիրելու զիրար որպէս գաղութ եւ սիրելու զիրար որպէս մէկ ազգի  զաւակներ: Յատկապէս այս օրերու անկիւնադարձային դժուարին պայմաններուն, աւելի քան երբեք, պէտք է միասնական ըլլալ եւ ձեռք-ձեռքի տալով յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւններ: Ձեռք երկարելու ենք մեր շուրջ գտնուող կարօտեալին եւ տկարին: Այս սիրոյ արտայայտութիւնը իր ջերմ դրսեւորումը  կ’ունենայ  նաեւ ՔԱՀԼ-ի մեծ ընտանիքին, ուր անտէր տարեցը կը ստանայ խնամք եւ յարգանք:

Ճաշկերոյթը ազգային, հայրենասիրական եւ սիրուած երգերով ճոխացուց  սիրուած երգիչ՝ Վիգէն Տիշչէքէնեանը, Շանթ Տիշչէքէնեանի ընկերակցութեամբ։

Աւարտին, ներկաները մեծ գոհունակութիւն յայտնեցին եւ փափաք ներկայացուցին, որ նման ձեռնարկներ կրկնուին: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ  բաժնուեցան սրահէն:

 

 

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-11

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.