Մեզի յաճախ պատահած է դիտարկել, որ մեր խօսակիցը մեզի պէս չի մտածեր, իր ճշմարտութեան ընկալումը բոլորովին տարբեր է մերինէն։ Քարլ Կիւսթաւ Եունկ երբ դեռ Ֆրոյտի հետ կ՛աշխատակցէր, արդէն սկսեր էր հարցադրել այն պատճառներու մասին, որոնց համաձայն երկու խելացի անհատներ նոյն ձեւով չեն ընկալեր ճշմարտութիւնը։ Այս առիթով է, որ երեւան կ՛ելլէր երկու գիտնականներու գլխաւոր տարբերութիւնըգ Եունկի համաձայն Ֆրոյտ արտադարձ-extravertie խառնուածքի տէր էր, մինչդեռ ինք հակառակը` ներադարձ-introvertie։ Ըստ Եունկի, իւրաքանչիւր անհատի մօտ այս երկու հակումներէն մէկը կը գերազանցէ, ինչ որ դեր կը խաղայ իր ուրոյն անձին, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհի հետ անոր ունեցած յարաբերութեան նկատմամբ։ Այս նիւթի շուրջ իր դիտարկումները խորացնելով Եունկ կը պնդէ, որ գիտակցութիւնը ոչ միայն ենթակայ է այս երկու վերաբերումներու նկատմամբ, այլ ան կ՛օգտագործէ նաեւ չորս գլխաւոր պաշտօններ` իր շրջապատը ըմբռնելու համար, որոնք են զգայնութիւնը, մտածումը, զգացումը եւ յայտնատեսութիւնը։
Հաւաքական փիլիսոփայութեան հիմնադիր Եունկ 1921-ին լոյս տեսած իր «Հոգեբանական տիպարներ» գործին մէջ մանրամասն կը բացատրէ այս չորս պաշտօնները, ինչպէս նաեւ անոնց փոխյարաբերութիւններըգ առաջին պաշտօնը` զգայարաններն են, որորնց շնորհիւ կ՛ընկալենք արտաքին աշխարհը։ Երկրորդն է մտածումըգ անգամ մը, որ կ՛ընկալենք նիւթեղէն գոյութիւնը, մենք մեզի հարց կու տանք, թէ ի՞նչ է անոր էութիւնը, ուրիշ խօսքով մտածումն է, որ մեզի կը թոյլատրէ նիւթին ճանաչումը։ Յետոյ կու գայ զգացումի պաշտօնը, որ նիւթին արժէք մը կը գնահատէ, ի՞նչ է ան, ի՞նչ կը ներկայացնէ ինծի համար, զայն կը սիրե՞մ, թէ՞ ոչ, անոր նկատմամբ ցանկութիւն մը կը զգա՞մ, թէ՞ վանողութիւն մը կ՛արթնցնէ իմ մօտ։ Եւ վերջապէս յայտնատեսական պաշտօնը, որ կը թոյլատրէ մեզի այդ նիւթը կապել ուրիշներու հետ եւ զայն տեղաւորել ժամանակի մէջ (տպաւորութիւն, որ աղերս ունի անցեալի հետ կամ կը ձգտի դէպի ապագայ)։ Եունկ կը բացատրէ, որ զգացումն ու յայտնատեսութիւնը անբանական պաշտօններ են, մինչդեռ մտածումն ու զգայնութիւնը` բանական, որովհետեւ այս վերջինները կ՛արժեւորեն, կը զանազանեն, կը դատեն, կը վանեն կամ կը մերժեն։ «Այս չորս պաշտօններով զինուած ըլլալով մեզի յայտնի կը դառնայ եթէ բան մը, նիւթեղէն մը գոյութիւն ունի, թէ ի՞նչ է անոր բնութիւնը, ո՞ւրկէ կու գայ, ո՞ւր կ՛երթայ, եւ վերջապէս ի՞նչ կը ներկայացնէ ան մեզի համար, այսպիսով մեզ ուղղելով մեր հոգեկան տարածութեան մէջ»,- կ՛եզրակացնէ Եունկ։
Իւրաքանչիւր պաշտօնի առանձնայատկութիւններուն վրայ ծանրանալով, Եունկ կը մասնաւորէ ամէն մէկուն իւրայատուկ ուժանիւթը, որ անհատի համեմատ կը տարբերի, նաեւ կ՛ընդունի, որ ամէն մարդու մօտ տիրող պաշտօն մը գոյութիւն ունի։ Ոմանք ամէն բանէ առաջ զգայական անձեր են, որոնք ուժգնօրէն կապուած են արտաքին աշխարհին` իրենց զգայարաններով եւ կրած տպաւորութիւններով։ Ուրիշներ մասնաւորաբար յայտնատեսական-intuitif են, որոնք նիւթերը կ՛ընկալեն անորոշ, անյայտ ձեւով, սակայն զանոնք կը կապեն ուրիշ նիւթերու հետ` ժամանակի ընդմէջէն։ Կան դեռ ուրիշներ որոնք ամէն բանէ առաջ ենթակայ են իրենց զգացումներուն, նիւթերու եւ էակներու արտաքին տեսքէն հմայուելով։ Վերջապէս կան անոնք, որոնք ամէն ինչ իրենց մտածումի մաղէն կ՛անցընենգ կը վերլուծեն, կը զանազանեն եւ կ՛որոնեն հասկնալու համար։ Մարդուն տիրող յատկանիշը կապուած է անոր բնութեան, անոր ի ծնէ խառնուածքին, սակայն կրնայ դուրս գալ կամքի եւ ուշադրութեան ջանքերու շնորհիւ։ Կարելի է վերստեղծել կամ շեշտաւորել սա կամ նա պաշտօնը` ըստ ընտրութեան։
Եունկ դեռ կը շեշտաւորէ առաջադրելով պաշտօններու միջեւ որոշ անմիասնականութիւնգ զգայնութիւնը կը դիմադիմէ յայտնատեսութեան, երբ զգացումը կը հակազդէ մտածումին։ Ի դէպ դժուար է ըլլալ միաժամանակ զգայուն եւ յայտնատես, ինչպէս դժուար է ըլլալ նոյն ատեն մտածողական եւ զգացական վերաբերումի մէջ։
Վերոյիշեալ չորս պաշտօնները նոյնպէս նախապէս յիշուած երկու խառնուածքային հակումներ արտադարձ եւ ներադարձին կապելով եսին բաւական յստակ տիպարաբանութիւնն է, որ կը ստանանք։ Յիշեցնենք, որ գիտնական Չարլզ Տարվին արտադարձ խառնուածքի նախատիպարն է, իսկ փիլիսոփայ Էմանուէլ Քանդը ներադարձ խառնուածքի որպէս նախատիպար կը ներկայացուի։
Պատրաստեց` ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ