Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ-Ն ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՊԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՆգ ԱԳՆ

May 9, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ-Ն ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՊԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՆգ ԱԳՆ

 

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի չմասնակցի ՀԱՊԿ գործունէութեան ֆինանսաւորման: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռնպահ կը մնայ «Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագրի կազմակերպութեան 2024թ. պիւտճէի մասին» ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի՝ 2023թ. Նոյեմբեր 23-ի որոշման միանալէն եւ անով նախատեսուած՝ կազմակերպութեան գործունէութեան ֆինանսաւորման մասնակցելէ, միաժամանակ՝ չառարկելով տուեալ որոշման՝ սահմանափակ ձեւաչափով ընդունման»,- յայտնեց խօսնակը։ Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը աւելի վաղ ըսած էր, որ Հայաստանը կը պատրաստուի ձեռնպահ մնալու ՀԱՊԿ-ի ֆինանսաւորումէն։ Նշենք, որ Հայաստանը թէեւ դուրս չէ եկած ՀԱՊԿ-էն, սակայն չի մասնակցիր կառոյցի աշխատանքներուն, այդ շարքին՝ համատեղ զօրավարժութիւններուն։

Նիկոլ Փաշինեանը երկրի թիւ մէկ քաղաքական ամպիոնէն յայտարարած է, որ ՀԱՊԿ-ը տէ իւրէ կը հրաժարի արձանագրելէ իր պատասխանատուութեան գօտին Հայաստանի մէջ եւ պատշաճ չէ արձագանգած ՀՀ անվտանգային մարտահրաւէրներուն, աւելին՝ Հայաստանի համար անվտանգային խնդիրներ յառաջացուցած է։

Վերջերս ան նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանը տէ ֆաքթօ սառեցուցած է անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին։ Յաւելենք, որ շուրջ կէս տարուայ դադարէ յետոյ Փաշինյեան կը հանդիպի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Փորձագէտները չեն բացառեր, որ հանդիպման օրակարգին վրայ կրնայ ըլլալ նաեւ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հարցը։

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՆԱԽԱԳԱՀ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Next Post
ՆԱԽԱԳԱՀ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.