Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵԼ Է «ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ» ՕՐԷՆՔԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

May 9, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵԼ Է «ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ» ՕՐԷՆՔԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանը հանդիպած է Վենետիկի յանձնաժողովի եւ Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան գլխաւոր տնօրինութեան պատուիրակութեան հետ, որ գլխաւորած է Վենետիկի յանձնաժողովի անդամ Վերոնիքա Պիլքովան (Չեխիա):

Հանդիպման առանցքին «Ազգային փոքրամասնութիւններու մասին» օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ քննարկումն էր:

ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանը ողջունած է պատուիրակութեան անդամները եւ նշած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը կարեւորէ միջազգային կառոյցներուն հետ համագործակցութիւնը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը խստօրէն կը հետեւի միջազգային բոլոր օրէնքներուն, այդ շարքին՝ ազգային փոքրամասնութիւններու կրթութեան եւ մշակութային կեանքին վերաբերող իրաւունքներուն»:

Կողմերը անդրադարձած են «Ազգային փոքրամասնութիւններու մասին» օրէնքի նախագիծի մշակման գործընթացին եւ անոր մէջ ԿԳՄՄ նախարարութեան մասնակցութեան ու ներկայացուցած առաջարկներուն: Վենետիկի յանձնաժողովի պատուիրակութեան տեղեկացուած է, որ ԿԳՄՄ նախարարութիւնը մասնակցած է օրէնքի նախագիծին՝ ազգային փոքրամասնութիւններու կրթութեան իրաւունքին նուիրուած յօդուածի մշակման: Արթուր Մարտիրոսեանի դիտարկմամբ՝ յօդուածը թէեւ ծաւալուն չէ, բայց առանցքային նշանակութիւն ունի ամբողջ օրէնքի ծիրին մէջ:

Փոխնախարարը ներկայացուցած է լրացուցիչ տեղեկութիւն նշուած յօդուածի առանձին կէտերու վերաբերեալ, մասնաւորապէս՝ ուսուցման լեզուի ընտրութեան, առարկայական ծրագրերու մշակման, դասագիրքերու հրատարակման, ուսուցիչներու պատրաստման, միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ ընդունելութեան կարգերի վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԵՌԱՄՍԵԱԿԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԻ ԵՐԿՆԻՇ ԱՃ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ Է

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՍԿՍԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ 2027 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՍԿՍԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ 2027 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՍԿՍԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ 2027 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.