Կասկածէ վեր է, որ ընկերութեան մը, ազգի մը կամ որեւէ խմբաւորումի ողնայարը կը հանդիսանայ երիտասարդ տարրը, որ իբրեւ քաթալիսդ մղում կու տայ շարժումներու կամ պատճառ կը դառնայ ընկերային անդամալուծութեան: Եթէ ընկերութիւն մը առողջ է, անպայման որ ունի երիտասարդութիւն մը, որ զայն կ՛առաջնորդէ դէպի առաջ՝ յառաջդիմութեան, ընկերային դրական փոփոխութիւններու, քաղաքակրթութեան եւ գաղափարախօսական նուաճումներու ուղղութեամբ։
Երբ ընկերութիւն մը կը պարզէ հիւանդագին վիճակ մը, էական պատճառներէն մէկը պէտք է փնտռել երիտասարդութեան դրսեւորած հոգեմտաւոր իրականութեան մէջ։ Չմոռնանք որ երիտասարդութիւնը ինքնըստինքեան գոյութիւն չէ, նոյնիսկ եթէ բնախօսական տուեալները այդ մէկը կ՛ենթադրեն։ Երիտասարդութիւնը նաեւ դաստիարակութիւն է, ժառանգութիւն է: Երիտասարդութեան ըմբոստ, առկայ պայմանները մերժելու, միշտ փոփոխութիւններու հակամէտ նկարագիրը կրնայ ճիշդ հակառակ արդիւնքը տալ եթէ չուղղուի, չդաստիարակուի։
Պահպանողական, իշխանատենչ եւ շահամէտ ղեկավարութիւները, պետական թէ կուսակցութիւններու մակարդակին վրայ, դէմ են դաստիարակուած եւ տեսլապաշտ երիտասարդութեան, որովհետեւ նման երիտասարդութեան մը գոյութիւնը ենթահողը կը պատրաստէ փոփոխութիւններու, յառաջդիմութեան, հաշուետուական համակագի յառաջացաման եւ յեղաշրջումներու, որոնք բնականօրէն կը հակադրուին իշխանամոլական խաւարամտութեան եւ աւատապետական մաֆիականութեան:
Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ հայ երիտասարդութիւնը պահպանողականութիւն-փոփոխութիւն յարաբերութեան մէջ: Բնականօրէն, հայ երիտասարդը եւս ենթակայ է իր միջավայրի ազդեցութեան, որ իր անմիջական դրոշմը կը դնէ անոր առօրեային վրայ: Քաղաքական կամ ընկերային հոլովոյթներու հետ բնականօրէն փոխուած է հայ երիտասարդութեան դիմագիծը։ Այսպէ՛ս է, կը փոխուի։
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Հայաստանի նորաստեղծ պահպանողական խաւի իշխանատենչ խաղերը եկան կլանելու նաեւ հայ երիտասարդութիւնը, որ մեծ տոկոսով սկսաւ լողալ նոյն իշխանատենչութեան եւ նիւթապաշտութեան ճահիճին մէջ ու սկսաւ բռնել այլասերման ճամբան: Սփիւռքը շատոնց մխրճուած էր այդ տիղմին մէջ:
Այս հոսանքին առընթեր, նշմարելի է նաեւ գոյութիւնը այլ հոսանքի մը, որ կը պահուըտի գաղափարին ետեւ, իր արարքները կ՛արդարացնէ գաղափարով, բայց այս կեղծիքին ետեւ հիմնականօրէն առկայ է անձնիշխանութիւնը՝ իր աւատապետական ու մաֆիական ստորոգելիներով։ Այս հոսանքը նոյնքան այլասերող եւ ապաքաղաքականացնող իրավիճակ մը ստեղծած է, որովհետեւ կ՛արտադրէ տիպարներ, որոնք գաղափարականութիւնը աղարտելու կողքին, կը վարակեն ժխտականութիւն եւ վանողականութիւն։
Այս բոլորին մէջ կայ սակայն գաղափարական առողջ երիտասարդութիւն մը, որ կը պայքարի պահելու համար իր առհաւական դիմագիծը։ Այս երիտասարդները, սակայն, ներկայ իրավիճակին մէջ կը ներկայացնեն փոքրամասնութիւն մը եւ իրապաշտ ըլլալու համար, առայժմ չունին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մեր կեանքը բարեփոխելու տուեալներ, որովհետեւ դէմ-յանդիման կը գտնուին անպատասխան հարցադրումներու: Ինչպէ՞ս կենսաւորել տեսլապաշտութիւնը իշխանատենչական անբարոյութեան այս մթնոլորտին մէջ։ Տեսլապաշտութիւնը վերածել միջոցի թէ նպատակի։ Եթէ միջոց է, ինչպէ՞ս պայքարիլ հակառակ հոսանքի ահարկու զէնքերուն դիմաց։
Այս հարցումները հայ երիտասարդութիւնը դէմ-յանդիման կր դնեն հրամայականի մը՝ մտածողութեան եղանակի մը, քննական մտածողութեան զարգացման, որ ունի գիտական, վելուծական եւ հետաքննական հիմք ու լաւագոյնս կը պատշաճի ներազգային եւ միջազգային իրավիճակներուն, մասնաւորաբար համացանցի եւ ընկերային ցանցերու անհակակշիռ զարգացման մթնոլորտին մէջ: Պէտք է փոխենք մեր մտածելու ձեւը, ոչ թէ խորքը։ Մեր մտածելաձեւը պէտք է յարմարի 21-րդ դարու արհեստագիտական արագընթաց նուաճումներու հոլովոյթին, ինչու չէ տեսնելու, տուեալներ հաւաքելու, վերլուծելու եւ եզրակացնելու համակարգչային եղանակին: Վերջ ի վերջոյ, պայքարը, շարժումը գիտութիւններն են, իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բազմաթիւ երեսներով։
Գաղափարական մեր ժառանգութիւնները, մեր արմատներէն եկած աւիշը մեզի կրնան շնորհել հաւատք, սակայն չեն կրնար մեզի տրամադրել գործի եւ պայքարի գիտական միջոցները։ Պէտք է յամառօրէն կառչինք մեր մշակութային ժառանգութեան եւ անշեղօրէն պահենք մեր ազգային աւանդութիւնները, սակայն ասոնցմէ դուրս չենք կրնար չտեսնել հրամայականը՝ մտածելու նոր եղանակի մը, քննական մտածողութեան զարգացման։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուած թերութիւնները չենք կրնար սրբագրել ինքնանպատակ քննադատութիւններով կամ ճառերով, բայց մանաւանդ… բամբասանքներով ու հայհոյանքներով:
Ամբողջ մարդկութիւնը պահպանողական հոսանքին մէջ կլանող արշաւին դիմաց, չենք կրնար չփնտռել ազդու զէնքեր, չենք կրնար չտեսնել մեր հաւաքական կեանքին փտտումը, չճանչնալ մեր թերութիւնները եւ ըստ այնմ չհակազդել: Հակազդելու համար պէտք է ունենալ քննական մտածողութեամբ շաղախուած առողջ միտք, որ ծնունդն է միջազգային եւ ներազգային իրավիճակներու առարկայական ծանօթութեան: Մեր դատը թաղելու եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Արցախի դէմ լարուող դաւերուն դիմաց, չենք կրնար մեր վճռականութիւնը չստանալ մեր երիտասարդութենէն, գիտակից երիտասարդութենէն։
Պայքարը անցելապաշտութիւն չէ, գիտութիւն է։ Այս օրերուն գիտակցութիւնը սերտօրէն կ՛առնչուի գիտութեան: Հաւատքը միշտ դերակատար է, բայց առանց գիտութեան անբաւարար։ Գիտութիւնը պէտք չէ շփոթել ուսման հետ։ Այս պարագային, գիտութիւնը ծանօթութիւն է, առարկայական ծանօթութիւնն է շրջապատի պայմաններուն, խաղին օրէնքներուն։ Գիտութիւնը ապագան գնահատող տեսիլք է, ցնորատեսութիւն չէ։ Գիտութիւնը ծրագրում է։
Կ՛արժէ լրջօրէն մտածել այս մասին։ Տարակուսանքը եւ հարցադրումները կը նկատուին սկիզբը քննական մտածողութեան։ Պայման է որ տարակուսինք մեր ներկայ իրավիճակով եւ հարցադրումներ կատարենք մեր ապագային նկատմամբ։
Ժամանակն է որ մեր կարդացածներն ու լսածները չսեփականացնենք հալած իւղի պէս… տարակուսինք եւ հարցադրենք… որովհետեւ ճշմարտութիւնը կրնայ այլ տեղ ըլլալ:
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ