Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տագէսեանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը եւ կարեւորութեամբ շեշտեց զայն աւելի ծաւալելու հրամայականը։ Ներկաները, իրենց կարգին, դարձեալ յանձնառու եղան գործակցական ոգիով շարունակելու իրենց հաւաքական քննարկումները ընդհանրապէս Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ։