ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՄԱՐԶԷՆ Լ.Ղ. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՊԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԳԵՐԵՒԱՐՈՒԱԾ ԵՒ ՀԱՅԱԹԱՓՈՒԱԾ ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ
1977-2023
Կարծես թէ անհաւատալի երազ էր, երբ 1977-ի Օգոստոս 8-ին, Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողս, ընդառաջելով Հաթերք գիւղի ականաւոր դէմքերէն Տիգրան Օհանեանի, ճամբայ ինկայ դէպի «արգիլուած հայրենիք», այն ժամանակ խորհրդային Ատրպէյճանի ինքնավար մարզ՝ Լեռնային Ղարաբաղ: Երեւանի աւտոկայանէն վարձելով «փափախճի» Աշոտ ամենագնաց «Մոսկվիչ» ինքնաշարժը, 10 ժամուան դժուարին ճանապարհորդութենէ ետք, Սեւանի ափերով հասանք Սարսանկի նորկառոյց լիճ ամբարտակի կողքին գտնուող Հաթերք գիւղը:
Ի՜նչ իմանայինք որ տասնամեակ մը ետք արցախեան ազգային ազատագրական շարժումը այստեղէն է որ ծնունդ պիտի առնէր ընդդէմ Պաքուի բռնատէրերու եւ խորհրդային կառավարիչ «Օմոն»-ի (Ներքին գործերու նախարարութեան յատուկ ջոկատներ) դէմ:
Մեր կեցութեան քանի մը օրուան ընթացքին ականատես եղանք Հեյտար Ալիեւի կեղծ համայնավարական լոզունգներու քարոզչութեան աւերիչ երեւոյթներու: Ամէն տեղ հայկական գերեզմաններու կողոպուտ, աճիւններու դուրս շպրտում, հայկական գիւղերու կղզիացում արուեստական եւ անմարդկային միջոցներով: Առեւանգումներ, սպանութիւններ ամէնուրեք եւ հայ ազգաբնակչութեան հետզհետէ համբերութեան բաժակի յորդումը, այն ժամանակ իսկ գաղտնի կազմակերպութիւններու եւ շարժումներու ծնունդով, որոնցմէ էր «Սողոմոն Թեհլիրեան» կազմակերպութիւնը: Մէկ խօսքով, յեղափոխութիւնը արդէն իսկ կը բոցկլտար, որ հետագային պիտի վերածուէր համազգային ցոյցերու եւ անկախութեան հռչակման:
Երեւանէն վերադարձիս, թուղթին յանձնեցի տպաւորութիւններս եւ որպէս յօդուած ուղարկեցի Պէյրութ, որ լոյս տեսաւ Ռ.Ա.Կ.«Զարթօնք»-ին մէջ, որմէ արտատպեցին սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթեր, ինչպէս՝ Ֆրանսայի հանրածնօթ «Հայ պայքար»-ը:
Ազատամարտիկ նահատակ Մոնթէ Մելքոնեան հետագային խոստովանած է, թէ ինք առաջին անգամ Ղարաբաղ Արցախի մասին կարդացած եւ իմացած է այդ պատմական յօդուածէն, որ սակայն պատճառ դարձաւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ձերբակալուելու եւ հեռացուելու Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքէն եւ հանրապետութենէն…:
1993-ին, նոր դուրս եկած Սուրիոյ «Մեզզէ» ռազմա-քաղաքի կալանավայրէն, Երեւանի պետական համալսարանի ականաւոր դասախօսներուս Պետրոս Յովհաննէսեանի ու Լենտրուշ Խուրշուդեանի ազդու միջամտութեամբ վերադարձայ համալսարան, ուր եւ աւարտեցի ուսումս 1996-ին, նաեւ միջազգային լրագրութեան բաժինէն: Անշուշտ առաջին գործս եղաւ այցելել Արցախ, նորանկախ Լ.Ղ. Հանրապետութեան, որ ծնունդ առած էր 1991-92 թուականներուն: Ծանօթացայ ազատամարտիկ, տակաւին պատանի Տարօն Յակոբեանին հետ (որդին Լ.Ղ. Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի քարտուղար, Արցախի դրօշը Սաֆանովի նախկին կառավարական շէնքին վրայ պարզողներէն, նահատակ Վլատիկ Յակոբեանին):
Շուտով, 11-ժամեայ յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ ետք, Երեւան-Գորիս-Շուշի-Ստեփանակերտ ուղիով, գիշերուան ժամը 12-ին, հասանք մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակը: Ամէն տեղ լուսաւոր էր, շնորհիւ Սարսանկի ամբարտակի ելեկտրակայանէն մինչ քաղաքամայր Երեւան օրուան եւ գիշերուան մեծ մասը կ’անցընէր մթութեան մէջ…
Զիս ջերմօրէն ընդունելով իր համեստ «վարձով» բնակարանին մէջ, արցախեան շարժման ականաւոր դէմքերէն մէկը, Վլատիկ Յակոբեան, նաեւ պատմաբան ու գիրքերու հեղինակ, մինչեւ առաւօտեան ժամերը, իր որդւոյն հետ զրուցեց արցախեան, հայաստանեան եւ սփիւռքեան հարցերու մասին: Հարիւրամեակներէ ի վեր առաջին անգամ, հայ ժողովուրդը կարողացաւ բռնագրաւեալ հողեր ազատագրել, հիմնելով երկրորդ հանրապետութիւն, հակառակ ներքին եւ արտաքին դաւադիրներու սադրանքներուն, յայտնեց մեծ հայրենասէրն ու առասպելական պետական գործիչը:
Առաւօտեան եղանք Լ.Ղ. Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար, Գէորգի Պետրոսեանին մօտ, իր կառավարական գրասենեակին մէջ: 1976-77 թուականներու Պատմութեան բաժանմունքի դասընկերս՝ Արթիւր Մկրտչեան, նորանկախ հանրապետութեան առաջին նախագահը «մութ պայմաններու» մէջ նահատակուած էր մերժելով Ատրպէյճանի ղեկավար Մութալիպովի եւ իր հայ դաւաճան գործակիցներու պահանջները…
Այցելելով մեծ նահատակ Արթիւր Մկրտչեանի շիրիմին, Հայրենական Մեծ պատերազմի հերոսներու պանթէոնէն մէջ, շրջելով Ստեփանակերտի ու Շուշիի մէջ, հանդիպեցանք նաեւ Զոյա Օհանեանին, այժմ դատախազուհի, որ Հաթերքէն իր քրոջ հետ տեղափոխուած էր Ստեփանակերտ, աշխատելով պետական կառոյցներու մէջ:
Անմոռանալի էր մեր առաջին եւ ապագային տասնեակ մը հանդիպումները Արցախի հոգեւոր Առաջնորդ, խիզախ եւ անվախ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին հետ, Շուշիի իր բնակարանին մէջ: Հետագային, իր ջանքերով պիտի վերականգնուէր Շուշիի իր բնակարանին դէմը գտնուող Սրբոց Ղազանչեցոց եկեղեցին: Իլհամ Ալիեւի հրամանով, հոգեկան խանգարումներով եւ ստորակայութեան զգացումով տառապող այդ ճիւաղը պիտի ռմբակոծէր Շուշիի Սրբութիւն Սրբոցը 2020-ին, «բանի տեղ չդնելով» Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինի եւ Սերկէյ Լաւրովի յորդորները՝ չքանդելու հայկական պատմական սրբատեղիները, որ իբր թէ Քրեմլինի պաշտպանութեան տակ առնուած էին….
1998-ի Սեպտեմբեր 2-4 ժամանակաշրջանին, Արցախ աշխարհ ապրեցաւ փառաւոր օրեր: Մայր Հայրենիքէն լրագրողներու մեծ պատուիրակութիւն մը ճամբայ ինկանք հանրակառքով դէպի ազատատենչ Ստեփանակերտ: Հոն էին արդէն ոչ միայն Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, նաեւ հայ ժողովուրդի փառապանծ ռուս զաւակներ՝ Զօրավար Ալեքսանտր Լեպեր, որ իր որոտընդոստ ձայնով յայտարարեց ի լուր աշխարհին, թէ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք Ատրպէյճանի մաս չէ կազմած, այլեւ՝ Խ.Միութեան… Փառաւոր ելոյթ ունեցաւ Ռուսիոյ պետական Տումայի փոխնախագահ, Արցախի մեծ բարեկամ Կոնստանթին Զաթուլին: Վերածնունդի հրապարակին վրայ գտնուող պատուանդանի վրայ կանգնած էին հայ ժողովուրդի միաբանուած հերոս ղեկավարները, գլխաւորութեամբ նահատակ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, պաշտպանութեան նախարարներ Սամուէլ Պապայեանի եւ Սերժ Սարգսեանի:
«Երբ միաբան էինք տարինք անհաւատալի յաղթանակներ», յայտարարեց Արցախի թեմի հոգեւոր Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան: Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Օլեկ Եսայեան ու բազմահազար ժողովուրդ ժամանած Հայաստանէն, Խ.Միութեան նախկին երկիրներէն, Սփիւռքէն: Այսպիսի հզօրներու ներկայութեամբ «Ատրպէյճանը ում շունն էր»:
Հետաքրքրական դրուագներ պատահեցան, երբ Զուիցերիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հայրենասէր գործիչ Վիգէն Չթըրեան կազմակերպեց Ատրպէյճանի մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան ականաւոր դէմքերու այցը Արցախ: Նախապէս Պաքուի մէջ, Հեյտար Ալիեւ կազմակերպած էր հանդիպում-խորհրդաժողով Հայաստանի-Արցախի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու մասնակցութեամբ երեք լեզուով «Բարեւ ձեզ, քամար ճորպա, հոշ կելտինիզ»-ով ողջունելով պատուիրակութիւնները իր պալատին մէջ: Այդ օրերուն, իր հեռատեսիլային եւ տեսերիզային ելոյթներով, Հեյտար Ալիեւ արդէն կը յորդորէր Ատրպէյճանի ժողովուրդը, որ Լեռնային Ղարաբաղը արդէն երկրին կազմին մէջ չէր այլեւս: Ըստ Հ.Հ. վաղամեռիկ դեսպան, հմուտ դիւանագէտ Համլէտ Գասպարեանի, եթէ Հեյտար Ալիեւ քիչ մըն ալ երկար ապրէր, Արցախի հարցը լուծուած կ’ըլլար ի նպաստ հայերու:
Վերադառնալով Ատրպէյճանի լրագրողներու պատուիրակութեան Արցախ այցելութեան, անվտանգութեան պայմաններէ մեկնելով Էրեբունիի օդակայանէն ուղղաթիռով փոխադրուեցանք Խոճալուի օդակայանը: Պաքուէն ժամանած էին այլ ազգութիւնններու պատկանող հեղինակաւոր մամլոյ գործիչներ: Քանի մը օր շարունակ, ազերի հիւրերը պտտեցան ինչպէս Ստեփանակերտի, այնպէս ալ Շուշիի մէջ, Արցախի հող վերցնելով եւ ստանալով պատասխան, թէ հողին համար բաժնեկիցներ չեն ըլլար..: Էլտիկար Ալիեւ, Օլեկ Եսայեանի ներկայութեամբ ճաշկերոյթի ընթացքին հայկական մենապար իսկ կատարեց, Երեւան թռչելէ առաջ, պատուիրակները այցելեցին Գանձասարի վանք, խորովածով հիւրասիրուելով ազնիւ արցախցիներու կողմէ եւ հրաժեշտի խօսքերէ ետք վերադարձան քաղաքամայր Երեւան:
Դժբախտաբար, միշտ չէ որ միաբան էին ազատ Արցախի ղեկավարները: Սակայն վստահ ենք որ հայ ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, իր մէջ ոյժ եւ կորով պիտի գտնէ ազատագրելու դարձեալ Արցախը, ինչպէս Դաւիթ Բեկի, Իսրայէլ Օրիի, Յովսէփ Էմինի եւ այլ պատմական նուիրեալներու օրինակով:
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ