Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ

April 23, 2024
in Միջազգային
0
 ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ

 

 

Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յայտարարեց, որ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններուն արտաքին գործերու նախարարները որոշած են ընդարձակել Թեհրանի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները` առ ի հակադարձութիւն իսրայէլեան թիրախներու դէմ քանի մը օր առաջ գործուած հրթիռային լայնածաւալ յարձակումին:

Իսկ Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանաանի հրապարակեց Թեհրանի որդեգրած քայլերը` Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանի կործանումէն ետք: Ան նշեց, որ նախ փորձ կատարուած է իսրայէլեան նշեալ գործողութեան հարցին լուծումը գտնել դիւանագիտական միջոցներով` դիմելով ՄԱԿ-ին եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու: «Սակայն, երբ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա միջամտելով խափանեցին Ապահովութեան խորհուրդէն Իսրայէլը դատապատրտող որոշումներու հրապարակումը, մենք ստիպուեցանք ռազմական միջոցներով հակադարձել», բացատրեց Քանաանի՝ աւելցնելով, որ Իրան թիրախաւորած է իսրայէլեան զինուորական դիրքեր: Իրանցի բանբերը նշեց, որ տարածաշրջանի անկայունութեան պատճառը Իսրայէլն է, որ կը շարունակէ յարձակիլ պաղեստինցիներուն վրայ: «Առանց ամերիկեան անսահման աջակցութեան, Իսրայէլի ղեկավարութիւնը պիտի չյանդգնէր երթալ այս ծայրայեղութեան», նշեց Թեհրան:

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմարթ կարծիք յայտնեց, որ Իրանի յարձակումին հակադարձելու որոշումը Կազայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի կառավարութեան մեծագոյն իրագործումն է: «Առանց այլ կողմերու աջակցութեան, մենք հնարաւորութիւն պիտի ունենայինք կործանել Իրանի արձակած հրթիռներուն 75 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ 25 առ հարիւրը պիտի հասնէին իրենց թիրախներուն եւ ստեղծէին նոր իրողութիւն մը», ըսաւ Օլմարթ եւ գործնականօրէն հաստատեց, որ այլ երկիրներ եւս մասնակցած էին Իրանի հրթիռները զսպելու աշխատանքին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ԱՅԼԵՒՍ ԳՈՐԾ ՉՈՒՆԻՆ

Next Post

ԱՊՐԻԼ 24-ԻՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԵՆ ԱՆՎՃԱՐ ԵՐԹՈՒՂԻՆԵՐ

Next Post
ԱՊՐԻԼ 24-ԻՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԵՆ ԱՆՎՃԱՐ ԵՐԹՈՒՂԻՆԵՐ

ԱՊՐԻԼ 24-ԻՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԵՆ ԱՆՎՃԱՐ ԵՐԹՈՒՂԻՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.