Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳ

April 23, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա մեկնաբանեց քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգելու մտադրութիւնը եւ առաջարկեց ընտրութիւնը կատարել լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ, բացի հարաւէն եւ այնտեղ ուղղուիլ աւելի ուշ` իրավիճակը կայունացումէն ետք:

Անդրադառնալով տեղահանութեան թղթածրարին, Ժաաժաա յայտնեց, որ Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը երկրին համար գոյութենական ճակատագրական խնդիր մըն է: «Մենք չենք կրնար ձեռնածալ մնալ, դիտելով երկրին շարունակական փլուզումը», ըսաւ Ժաաժաա, խոստանալով ոչինչ խնայել` կանխելու համար իրավիճակը յաւելեալ անկումը: Լիբանանեան ուժերու ղեկավարին համաձայն, Սուրիոյ մէջ այսօր իւրաքանչիւր խաւի համար կայ ապրելու ապահով տարածք: «Իսլամիստները կրնան ուղղուիլ Իտլիպ, իսկ նուազ ծայրայեղական ընդդիմադիրները հնարաւորութիւն ունին բնակելու երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ: Կան նաեւ իշխանութիւններուն զօրակցող սուրիացիներ, որոնք կրնան դիւրութեամբ իրենց տուները վերադառնալ` վարչակարգի տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ», բացատրեց Ժաաժաա: Ան սուրիացիներու տեղահանութեան հարցով իր կուսակցութիւնը քննադատողներուն հարց տուաւ, թէ անոնք ինչ ըրին, երբ կառավարութեան մէջ ունէին աւելի քան 10 նախարար եւ ընդարձակ հնարաւորութիւններ:

Գործող կառավարութեան մէջ գաղթականներու հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆըտտին ահազանգեց, թէ սուրիացիներու գաղթակայաններուն մէջ կան բազմաթիւ զինեալներ, որոնց թիւը կրնայ հատել նոյնիսկ քսան հազարը, որոնք պատրաստ են կռուելու: Խօսելով տեղահանութեան երեւոյթի վտանգաւորութեան մասին, նախարարի պաշտօնակատարը սուրիացիներու տունդարձին համար կարեւորեց արտաքին լուծումները, ապա Միացեալ նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը ամբաստանեց տունդարձը խոչընդոտելու մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՊԱՐԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ԱՃԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆ

Next Post
ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ԱՃԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆ

ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ԱՃԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.