Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Հայրապետական պագամ յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին` հիմնականօրէն անդրադառնալով արցախահայութեան տագնապին հարցով լուծումներ որոնելու եւ արցախահայութեան տուն վերադառնալու իրաւունքը հաստատելու պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ առած քայլերուն:
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին, հաւատացեալներու կողքին, ներկայ էին այս օրերուն կաթողիկոսարանին մէջ օրերս գումարուող համագումարի մասնակիցները:
Իր պատգամին մէջ, առաջին հերթին, Հայրապետը վերյիշեցուց Քրիստոսի` իր աշակերտներուն վստահած առաքելութիւնը, որուն իրագործումին շնորհիւ ներկայիս մենք կը վայելենք հայ եկեղեցւոյ հովանին: Առ այդ, այս պրիսմակէն դիտելով հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը` Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ հայ եկեղեցին միշտ ալ իր կեանքը նոյնացուցած է իր ժողովուրդի կեանքին հետ. այս իմաստով արցախահայութեան ներկայի հրատապ հարցերը կը պատկանին նաեւ մեր եկեղեցւոյ: Ան ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին, իր մարգարէական կոչումին հաւատարիմ մնալով, յորդորողի եւ վտանգներու եւ չարիքի դիմաց կեցուածք ճշդողի եւ ուղղողի դեր ստանձնած է` վկայ Ղեւոնդ Երէցներն ու Խրիմեան Հայրիկները:
Անդրադառնալով վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ արտայայտուող կեցուածքներուն, որոնց նպատակը լուսանցքայնացնել է մեր եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց. «նման երեւոյթներու եւ փորձերու դիմաց, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, մենք «ՈՉ» կ՛ըսենք. կը մերժենք նման մօտեցումներ եւ քայլեր` ոեւէ մէկուն կամ որեւէ իշխանութեան կողմէ: Այդ փորձերը խոտոր կը համեմատին մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ առաքելութեան, մեր պատմութեան ոգիին ու վկայութեան»: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան` նշելով, որ հայ եկեղեցին մէ՛կ եկեղեցի է` իր Հայրապետական երկու Աթոռներով. ուստի, որեւէ արարք, կեցուածք կամ արտայայտութիւն ուղղուած Ս. Էջմիածնին, ուղղուած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որովհետեւ մեր եկեղեցին մէկ է եւ մենք չենք կրնար լուռ մնալ նման երեւոյթներու դիմաց:
Այս բոլորէն ետք, Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը իր առաքելութիւնը ըմբռնած է որպէս հաւատքի՛ առաքելութիւն եւ ազգային ծառայութիւն: «Մեր պատմութիւնը յստակ կերպով կը վկայէ, որ հոգեւորը ու ազգայինը, հայրենիքը, ազգը ու եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Եկեղեցին ինքզինք պէտք չէ նոյնացնէ քաղաքական, պետական, կուսակցական կառոյցներու հետ. ան ինքզինք պէտք է նոյնացնէ Հայաստանի գերագո՛յն շահերուն եւ մեր ազգին իտէալներուն հետ», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը` միաժանամանակ յիշեցնելով անցնող տարիներուն Հայրենիքը յուզող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ մեր Ս. Աթոռին կեցուածքներն ու տեսակէտները: «Յաճախ ըսած ենք եւ պիտի ըսենք, թէ Արցախը մեզի համար անցեալ չէ. Արցախը մեզի համար մի՛շտ ներկայ է, մեր կեանքին մէջ մնայուն տագնապ է եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օրակարգին վրայ միշտ առաջնահերթութիւն է»,- ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ այս առումով անդրադարձաւ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին կազմակերպած գիտաժողովին:
Բացատրելով Հարթակին եւ այս գիտաժողովին նպատակները, մասնակիցներուն մասնագիտական եւ իրենց ոլորտներուն մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւնը` Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ մեր Ս. Աթոռը Արցախի ժողովուրդին հետ է եւ անոր տագնապին լուծման համար, միջազգային համայնքի երաշխաւորութեամբ, իրաւական եւ քաղաքական ուղիներու որոնման աշխատանքներ կը տանի, որովհետեւ Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան դէմ պայքարը լոզունգներէ անդին կը պահանջէ գործնական քայլեր: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ հայութեան պատմութիւնը բնաւ զիջումի քաղաքականութեան պատմութիւն չէ եղած, այլ եղած է մարտունակ քաղաքականութեան պատմութիւն: Համայն հայութեան Հայրենիք Հայաստանի ու Արցախի տագնապները նաեւ մե՛ր տագնապներն են, ըսաւ ան ու իր խօսքը եզրափակելով` յորդորեց. «Հետեւաբար, եկէ՛ք, սիրելի ժողովուրդ հայոց, Աստուծոյ օրհնութեամբ մեր հաւատքը ու մեր յոյսը վերահաստատենք` Արցախի եւ մեր հայրենի ժողովուրդին նկատմամբ: Եկէ՛ք, Աստուծոյ օրհնութեամբ, գործնապէս ցոյց տանք, թէ մենք մէ՛կ Հայրենիք ունինք, մէ՛կ ազգ ենք եւ այս անանջատելի մէկութեան գիտակցութեամբ շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ, գործնապէ՛ս, Արցախին, Հայաստանին եւ հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակներուն»: