ՀԱՐԱՒԱՓՐԻԿԵՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԻԿ՝
ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԼԱ (1918-2013)
Ա. ՄԱՍ
Հարաւափրիկեցի քաղաքական գործիչ, ցեղապաշտական շարժումին դէմ պայքարող մարտիկ: Ան բանտարկուեցաւ ու բանտէն շարժեց ամբողջ ժողովուրդ մը, փաստելով այն վարկածը, թէ երբ ժողովուրդը կը հաւատայ յեղափոխականի մը ու անկեղծ գործիչի մը, ինչպէս որ Մանտելլան էր, կ’առաջնորդուի անոր խօսքերով՝ նոյնիսկ բանտէն արձակուած: «Ափարթհէյտ»ի կամ ցեղապաշտական իշխանութեան հեռանալէն ետք ան դարձաւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահը: Ափրիկէի ազգային քոնկրէս կուսակցութիւնը, որուն նշանաւոր անդամներէն էր Մանտելլա, դարձաւ այն կուսակցութիւնը, որ հեզասահ ձեւով կատարեց անցումը ցեղապաշտական համակարգէն իրաւ դեմոկրատական համակարգ:
Մանտելլա ծնաւ «Թեմպու» արքայական ընտանիքի անդամներէն մէկուն յարկին տակ: Հետեւեցաւ փաստաբանութեան ճիւղին «Ֆորթ Հէյր» եւ «Վիթվաթըրսրանտ» համալսարաններուն մէջ ու աւարտելէ ետք սկսաւ աշխատիլ Ճոհաննեսպուրկ քաղաքին մէջ: 1943 թուականին միացաւ Ափրիկէի ազգայինքոնկրէս կուսակցութեան ու անոր շարքերուն մէջ սկսաւ պայքարը գաղութատիրութեան ու ցեղապաշտական կառավարութեան դէմ: 1944-ին հիմնեց Երիտասարդական լիկան, որ հակացեղապաշտական երիտասարդական շարժում մըն էր ու ապագային տարաւ մեծ պայքար: Քանի-քանի անգամ ձերբակալուեցաւ կառավարութեան կողմէ իր տարած հակացեղապաշտական շարժումին համար: 1956-ին միացաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ արգիլուած Համայնավար կուսակցութեան: 1963 տարին յատկանշական էր Նելսըն Մանտելլայի կեանքին մէջ: Այդ տարի ան ամբաստանուեցաւ պետական հարուած կազմակերպելու ամբաստանութեամբ ու դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան: Կառավարութիւնը կը զգար թէ անզօր է Մանտելլայի մարդասիրական փիլիսոփայութեան դէմ: Միակ ձեւը զայն բանտարկելն էր:
«Ռոպըն Այլընտ», «Փոլիսմուր Փրիզըն» եւ «Վիքթոր Վերսթըր Փրիզըն» այն բանտերն էին, ուր մնաց Մանտելլա: Բանտին պատը չկրցաւ արգիլել Նելսըն Մանտելլային՝ խօսքը հասցնել ժողովուրդին: Պայքարը այնքան սաստկացաւ ու միջազգային ընտանիքը վախնալով քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն, պատժամիջոցներ պարտադրեց կառավարութեան վրայ: Վերջապէս 1990 թուականին, նախագահ Տէ Քլերք ազատ արձակեց Մանտելլան: Տէ Քլերք եւ Մանտելլա բանակցեցան աւարտելու համար ցեղապաշտական համակարգը եւ կայացնելու դեմոկրատական ընտրութիւններ: 1994 թուականին տեղի ունեցան առաջին դեմոկրատական ընտրութիւնները ու Նելսըն Մանտելլա նախագահ ընտրուեցաւ:
ՔԻՄԻԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՌԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԾՓԱՅ
Սառը եւ ջուրը կազմուած ըլլալով նոյն նիթէն, ինչո՞ւ ջուրը երբ սառ դառնայ կը ծփայ: Կը նշանակէ թէ ան աւելի թեթեւ է ջուրէն հեղուկ վիճակի մէջ: Գիտնականներ այս տեսութիւնը կը փաստեն հետեւեալ ձեւով. երբ ջուրը սառի, անոր խտութիւնը կը նուազի ու ան աւելի թեթեւ կը դառնայ: Այս է պատճառը որ սառը կը ծփայ ջուրին երեսը:
Այս պարագան միայն ջուրին մէջ կը նկատենք: Միւս բոլոր նիւթերը երբ սառին աւելի խիտ ու ծանր կը դառնան: Ճիշդ ջուրին հակառակը:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԻՍԼԱՄԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ – Թ. ՄԱՍ
Այս թիւով պիտի շարունակենք սերտողութիւնը ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Ան-Քլեմանթին Լարոքի երկին, որուն մէջ մասնագէտը կը ներկայացնէ իսլամը որպէս կրօնք եւ քաղաքական իշխանութեան հասնելու ձեւ: Պիտի սերտենք նաեւ, թէ ինչպէ՞ս կարգ մը երկիրներ իսլամը կը շահագործեն որպէս քաղաքացիական պատերազմի զէնք ու իշխանութեան հասնելու ձեւ:
Սիւննի իսլամի մէջ սկսան երեւիլ կարգ մը շարժումներ, որոնք ազդուած էին սկզբնական շրջանի շարժումներէն: ԺԸ. դարէն սկսեալ երեւան եկան նոր շարժումներ: Արաբական թերակղզիին մէջ ԺԸ. դարուն սկսաւ ուահապպականութիւնը: Մոհամմատ Պըն Ապտ Էլ Ուահհապ (1703-1792) էր հիմնադիրը այս շարժումին: Շարժումը ազդուած էր «հանպալի» ուղղափառ շարժումէն: Այսինքն «Քորան»ի որեւէ բացատրութիւն չէր ընդուներ: Ան պէտք է կարդացուէր ու գործադրուէր ինչպէս որ է: Այս շարժումը ազդուած էր Իպն Թայմիյայի վարդապետութենէն, որ կը հաւատար թէ Իսլամն է միակ ճիշդ կրօնքը ու Գիրքի հետեւող միւս կրօնները, այսինքն յուդայականութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը, «իրական» կրօններ չէին: Ուահհապականութիւնը թէեւ հետեւեցաւ Իպն Հանպալի խիստ ուղղին, նաեւ զայն վերածեց քաղաքական ուղղութեան մը ու հիմը դրաւ Իսլամի քաղաքական ազդեցութեան: Սէուտական պետութիւնը որ հիմնուեցաւ 20-րդ դարուն, իր հիմերը հաստատեց ուահհապական շարժումի փիլիսոփայութեան վրայ:
(Շարունակելի)
«Geopolitique Des Islamismes», Anne-Clementine Larroque, Point Delta 2014
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ (Philosophy)
ՄԵՐ ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԸ – ՔՆՆԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ – Դ. ՄԱՍ
Այս բաժինին մէջ պիտի շարունակենք քննական ակնարկ մը նետել մեր գոյութեան ու ընելիքին վրայ որպէս հին ժողովուրդի մը զաւակներ: Ո՞ւր ենք այսօր եւ ո՞ւր կ’երթանք: Ճիշդ ձեւով քննութիւն կատարելու համար, առաջին քայլը պաղարիւն, առանց կողմնակալութեան աշխատիլն է: Միակ ձեւը գիտական-վերլուծական աշխատանք կատարելն է: Տուփէն դուրս մտածելն է որ պիտի առաջնորդէ մեզ գտնելու ամենայարմար լուծումը մեր հարցերուն որպէս տարագրուած, սակայն հզօր կամք ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներ: Անցած է ժամանակը ըլլալու խեղճ ու հացի կարօտ, ըլլալու խնդրարկու օտար դեսպանատուներու առջեւ:
Երկրորդ ուժի կէտը Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքն է: Թուրքիա կը գտնուի Ասիոյ ու Եւրոպայի միջեւ տարածուող հողամասին վրայ: Թուրքիա նաեւ կը հսկէ Սեւ ծովը Միջերկրական ծովուն կապող ծովային անցքերուն վրայ: Իր դիրքը շահագործելով Թուրքիա ժամանակին ու ներկայիս կը սիրաշահի կայսրութիւններ ու գերտէրութիւններ: Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա, ապա ԱՄՆ օգտագործեցին այդ դիրքը՝ կարենալ զսպելու համար Ռուսական կայսրութեան էջքը դէպի Միջերկրական ծով: Այս դիրքին պատճառով Թուրքիա անդամակցեցաւ Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտին ու շարք մը միջազգային կառոյցներու: Ուրեմն, իսլամի շահագործումէն ետք այս երկրորդ կէտն է շահագործումի: Տկարացնելու համար Թուրքիոյ դիրքերը, աշխատանք պէտք է տանիլ այդ լծակին ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար ամէն միջոցներով: Արեւմտեան Հայաստանի համար պայքարը այդ ուղիին վրայ կատարուած առաջին գործն է:
(Շարունակելի)
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ – Ը. ՄԱՍ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Լիբանանի մէջ հայերու գոյութեան մասին: Շատ հին ժամանակներէ հայ ժողովուրդի զաւակներ կայք հաստատած են Միջերկրական ծովու արեւելեան ծովափի շրջանին, Անտիոքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:
Երբ նորադարձ քրիստոնեաներէ կազմուած Մեմլուք զօրքեր, որոնք Էյուպեան Եգիպտոսի անձնական բանակը կը ներկայացնէին, տեսակ մը Ենիչերիք, գրաւեցին Եգիպտոսի գահը 1250 թուականին, մտան Սուրիա, եւ վերջ տալով՝ նախ Դամասկոսի (1250) եւ ապա Հալէպի (1260) սուլթանութեանց, Կիլիկիոյ սահմանները հասան, եւ երբ լսեցին որ Հուլաղու՝ հայոց թաթար դաշնակիցը մեռած է, առաջին անգամ մտան Կիլիկիա 1265 թուականին եւ մինչեւ Սիս մայրաքաղաքը յառաջացան: Կոստանդինի որդին Լեւոն գերի ինկաւ եգիպտացիներուն, որոնք զանազան տեղեր ասպատակներ սփռելով բազմաթիւ գերիներ հաւաքեցին – հայ պատմագիրներ 40 հազարի կը հանեն անոնց թիւը – եւ մեկնեցան երկրէն:
Այս առաջին հարուածը վերջինը չեղաւ դժբախտաբար եւ 1274-ին, Լեւոն Գ.-ի օրով (1270-1289), միեւնոյն տեսարաններու ականատես եղաւ Կիլիկիա: 1375-ին, Լեւոն Ե.-ի իշխանութեան շրջանին, վերջ կը տրուի եւ ամբողջ տարի մը Կիլիկիան սուրի եւ գերութեան կը մատնուի: Դէպի Եգիպտոս գերի տարուելու ատեն շատ մը հայեր կը փախչէին ու կ’ապաստանէին Լիբանանի լեռները:
Հայեր Ռուբինեան շրջանին իսկ եկած հաստատուած են Պէյրութ:
(Շարունակելի)
Աղբիւր՝ «Հայերը Լիբանանի Մէջ», Ս. Վարժապետեան , 1951
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ՀԱԿԱՕՔՍԻՏԱՅԻՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՉԱՓԸ
Բժշկութեան կողմէ հաստատուած է, որ հակաօքսիտային նիւթերը կը զօրացնեն մարդու մարմնի պաշտպանութեան համակարգը: Սակայն, հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ աւելորդ ուտելը այդ նիւթերուն կրնայ ունենալ հակառակ ազդեցութիւն: Կարգ մը հակաօքսիտային նիւթեր կը կազմուին մարդու պաշտպանութեան համակարգին կողմէ: Ուրիշ նիւթեր ալ կու գան մարդու կերած պտուղներէն ու բանջարեղէններէն: «Beta-carotene»-ը կու գայ ստեպղինէն, «lycopene»-ը կու գայ լոլիկէն, «polyphenol»-ը կու գայ խաղողէն:
Գիտականօրէն փաստուած է, որ «beta-carotene»-ի շատ օգտագործումը շնչառական հիւանդութենէ կամ սիրտանօթային հիւանդութիւններէ տառապող մարդոց վիճակը կրնայ բարդացնել: C կենսանիւթի շատ օգտագործումը կը յառաջացնէ փորհարութիւն: E կենսանիւթի շատ օգտագործումը կրնայ յառաջացնել հակառակ ազդեցութիւն «aspirin», «warfarin», «tamoxifen» եւ «cyclosporine A» դեղերուն հետ:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ – Թ. ՄԱՍ
Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը։ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը։
Հայկական պարը կրնանք դասաւորել ըստ կատարումի ձեւին, ձեռքերը բռնելու ձեւին եւ բովանդակութեան:
Կարինէ Հայրապետեան գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ հայկական պարին ծիսական էութիւնը: Արեւապաշտ մեր նախնիներէն մեզի մնացած ամենաուժեղ կապը հայկական առասպելական պարն է, որովհետեւ ան կը կրէ ծիսական պաշտամունքի ոգին ու ձեւը:
Սերտելէ ետք Ուզուն դարա պարին առասպելական իմաստը, ան կ’անցնի Գորանի պարի ծիսական բացատրութեան:
Գորանի
Գորանի պարատեսակը կը պատկանի ծիսական այն պարերու շարքին, ուր հազարամեակներու պատմութիւն, հաւատք ու մշակոյթ ունեցող հայ ժողովուրդը բնութեան երեւոյթները, տարեփոխումները, կեանքի ու կենցաղի շատ խորհուրդներ, կենսադրոյթներ կը ներկայացնէ հաւատալիքներուն ու պատկերացումներուն համապատասխան: Հայ ժողովուրդի ընկալումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հին Արեւելքի մէջ վիշապը պաշտուած է իբրեւ ջրային տարերքի, պտղաբերութեան ու հարստութեան հովանի, իսկ աւելի ուշ դարձած է ահեղութեան, իշխանութեան խորհրդանիշ։
Վիշապը հայոց առասպելաբանութեան մէջ ունի երկուութեան գաղափար՝ բարիի եւ չարի: Վիշապի պաշտամունքը առնչուած էր ջուրի, անձրեւի, Ծով Ծիրանի եւ ստորերկրեայ ջուրերու հետ: Ըստ առասպելի, Վիշապը իր պոչը քարշ տալով երկրի վրայ՝ նշագծած է ջրանցքներ փորելու ուղիներ, ակունքներ, ուր դրուած են վիշապաքարեր։
Վիշապաքաղ Վահագնը Չար Վիշապի հետ կը մենամարտի, կը յաղթէ եւ Հայոց աշխարհին վերածնունդ-գարուն կը պարգեւէ: Հայոց ռազմի ու զօրութեան Աստուած Վահագնը Վիշապաքաղ է, եւ Վիշապասանձ է:
Հրաչեայ Աճառեանը Հայերէնի Արմատական բառարանին մէջ կը բացատրէ.
քաղ-արու այծ, քոշ, նոխազ, պայ,
մարդապայքաղ- մարդ -վիշապ -եղջերու- այծ
եղջերուաքաղ- կէս եղջերու, կէս այծ
Վահագնը Վիշապ եւ Քաղ-Այծեղջիւր արեւապաշտական գաղափարակիր խորհուրդն է:
Վիշապաքաղ Վահագնը իր մէջ կը կրէ երկու հզօր կենարար տարերքներ՝ Ջուրը եւ Արեգակը: Վիշապ-Քաղ-Այծեղջիւրը Արեգակի, Լոյսի խորհուրդը կրող, Ծիրանի Ծով երկնային ջուրերու Տիրակալն է, Վիշապ-ա-Քաղը եղջիւրներու մէջ Արեգակը պատսպարող Աստուածն է, որ Արեգակը կ’ասպարէ Սեւ ստորերկրեայ ջուրերէն կամ Չար Վիշապէն:
(Շարունակելի)
Աղբիւր՝ «Ուիքիփետիա»
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ – Դ. ՄԱՍ
Բջիջային հեռախօսը կրնայ վերածուիլ արուեստի պաստառներ արտադրելու գործիքի մը: Ութ ծրագիրներ կան, որոնք ձեր լուսանկարները կը վերածեն արուեստի գործերու:
Չորրորդ ծրագիրն է «Photo Lab»ը, որ ձեր լուսանկարները կը վերածէ արուեստի գործերու արուեստական բանականութիւն կամ artificial intelligence օգտագործելով: Այս ծրագիրին միջոցով դուք կրնաք ձեր ընկերային ցանցերու էջերու մէջ ձեր դրած լուսանկարները վերածել արուեստի գործերու Filter-ի օգտագործումով:
Աղբիւր՝ «www.makeuseof.com»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ