Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ.

April 19, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ.

 

ՀԱՅԿ ԿՈՆՃՈՐԵԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՉԵՆ ԺՈՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեան ընդունած է Չինաստանի կոմունիստական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի միջազգային վարչութեան փոխնախարար Չեն Ժուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԱԺ տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Վաղարշակ Յակոբեանը եւ պատգամաւոր Ալխաս Ղազարեանը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները ընդգծած են երկու երկիրներուն միջեւ առկայ դարաւոր ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք յատկապէս վերջին տարիներուն կը զարգանան կանոնաւոր կերպով:

Զրուցակիցները կարեւորած են միջկուսակցական եւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ տարբեր՝ առեւտրատնտեսական, կրթական եւ մշակութային  ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խորացումն ու սերտացումը:

Երկուստեք կարեւորուած են փոխայցերն ու շփումները միջկուսակցական մակարդակով:

«Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ բարեկամական եւ ջերմ յարաբերութիւնները դարերու պատմութիւն ունին: Ես համոզուած եմ, որ մենք ունինք ահռելի չօգտագործուած ներուժ եւ կրնանք շատ աւելիին յաւակնիլ եւ շատ աւելի մեծ արդիւնքներ արձանագրել ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ քաղաքական երկխօսութեան եւ մշակութային համագործակցութեան ոլորտին մէջ»,- մասնաւորապէս ըսած է Հայկ Կոնճորեանը:

Խմբակցութեան ղեկավարը չինացի հիւրերուն ներկայացուցած է Հայաստանի նախաձեռնած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ նշելով անոր ռազմավարական նշանակութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին համար:

Հանդիպման աւարտին Չինաստանի կոմունիստական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի միջազգային վարչութեան փոխնախարար Չեն Ժուն շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար, կարեւորած է բազմակողմ համագործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը տարբեր հարթութիւններու վրայ:

Share61Tweet38
Previous Post

«ԿԸ ՑԱՒԻՄ, ՈՐ ԱՄՆ-Ն ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՎՃՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ»

Next Post

ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԻՏԱՐԿԵՐ ՈՐՊԷՍ 3-ՄԻԼԻՈՆԱՆՈՑ ՇՈՒԿԱՅ, ԱՅՆ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԹԱԿ Է»

Next Post
ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ.  «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԻՏԱՐԿԵՐ ՈՐՊԷՍ 3-ՄԻԼԻՈՆԱՆՈՑ ՇՈՒԿԱՅ, ԱՅՆ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԹԱԿ Է»

ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԻՏԱՐԿԵՐ ՈՐՊԷՍ 3-ՄԻԼԻՈՆԱՆՈՑ ՇՈՒԿԱՅ, ԱՅՆ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԹԱԿ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.