Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՄ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ

April 18, 2024
in Գաղութային
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՄ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ողջունեց Մարքուս Ռիթերի այցը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն՝ նշելով, որ այս հանդիպումը պատեհ առիթ է ծանօթանալու ԵՄ դիտորդական առաքելութեան առջեւ դրուած խնդիրներուն։

Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց առկայ լարուածութեան եւ սահմանամերձ բնակավայրերու ժողովուրդի ապահովութեան առնչութեամբ՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններն ու առաջադրուող պահանջները նոր անվտանգային մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնեցնեն Հայաստանը, նաեւ կը վտանգեն խաղաղութեան հաստատման բանակցային գործընթացը։

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց բոլոր այն ջանքերը, որ տիրող դժուարին իրավիճակին մէջ բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու աջակցութեամբ կ՛ուղղուին ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան վերականգնման։

Իր հերթին, ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան եւ սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ՝ վստահեցնելով, որ կարելին ի գործ պիտի դրուի առաքելութեան կողմէ՝ նպաստելու սահմանային լարուածութեան նուազեցման ու Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան հաստատման։

Share61Tweet38
Previous Post

Մ.Ա.Կ.-Ը ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ

Next Post

ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՏ ԿԱՆՉԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Next Post
ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՏ ԿԱՆՉԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՏ ԿԱՆՉԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.