Ըստ լիբանանեան հաւաստի աղբիւրներու, մնայուն հաղորդակցութիւն կայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլի միջեւ: Հիմնական օրակարգն է նախագահի ընտրութիւնը: Պըրրիի եւ Պասիլի միջեւ յարաբերութեան զարգացումը իր դրական հետքը պիտի ձգէ երկրի ընդհանուր քաղաքական վիճակին վրայ, սկսելով նախագահի ընտրութենէն: