Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼՈՒԾԵԼ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

April 17, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼՈՒԾԵԼ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

 

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հրաւէրով, երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներու խորհրդակցական ժողով, որ նուիրուած էր շրջանային զարգացումներու եւ Լիբանանի ապահովական վիճակի արծարծումին, նաեւ սուրիացիներու տեղահանութեան թղթածրարին: Միքաթի ժողովին ընթացքին Ներքին գործերու նախարարութենէն պահանջեց խստացնել օրէնքներու գործադրութիւնը եւ կանխել խախտումները տեղահանուած սուրիացիներուն կողմէ: Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարի հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ Միքաթի կարեւորած է Լիբանանի ներքին խաղաղութեան պահպանումը, դրուատելով ապահովական ուժերուն դերակատարութիւնը: Ժողովականները քննարկած են սուրիացիներու տեղահանութիւնը, որոշելով գործադրել լիբանանեան օրէնքները բոլորին վրայ: Ժողովականները նաեւ առնչակից մարմիններէն պահանջած են փակել սուրիացիներուն պատկանող ապօրինի հաստատութիւնները եւ զերծ մնալ քաղաքական միջամտութիւններէն:

Ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ Լիբանան ապաստանած երկու միլիոն սուրիացիներէն միայն 300 հազարը ունին կեցութեան արտօնագիր, 800 հազարը կը կրեն տեղահանութեան կարգավիճակ, իսկ մէկ միլիոն երկու հարիւր հազարը ընդհանրապէս չեն գրանցուած:

Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շեշտեց սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին հարցով խօսքէն գործի անցնելու անհրաժեշտութիւնը: Դիտել տալով հանդերձ, որ սուրիացիներուն տեղահանութիւնը գոյութենական վտանգ կը սպառնայ Լիբանանին, Պասիլ շեշտեց, որ ոչ-բոլոր գաղթականները ոճրագործ են, ուստի կարելի չէ խնդիրը լուծել անոնց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելով, այլ անհրաժեշտ է երկրէն վտարել լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող սուրիացիները, նաեւ անոնք, որոնք ապօրինաբար մուտք կը գործեն Լիբանան: Պասիլ լիբանանեան քաղաքապետութիւններուն կոչ ուղղեց հետեւելու իրենց իշխանութեան շրջաններուն մէջ գտնուող սուրիացիներուն եւ հեռացնելու բոլոր օրինախախտները, աւելցնելով որ անհրաժեշտ է չեղարկել գաղթականի կարգավիճակը այն սուրիացիներէն, որոնց պայմանները համահունչ չեն տեղահանութեան կարգերուն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ 19 ՄԱՅԻՍԻՆ

Next Post
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ 19 ՄԱՅԻՍԻՆ

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ 19 ՄԱՅԻՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.