Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

April 9, 2024
in Տնտեսական
0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

 

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆ

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿ

Տօնական օրերը Լիբանանի վաճառականներու սպասած շարժումը չստեղծեցին: Պէյրութի վաճառականներու սենտիքայի նախագահ Ժիհատ Ալ Թաննիր յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի ծանր վիճակը, երկրի տնտեսական վիճակը սղաճին ու աշխատավարձի բաւարար չըլլալը հիմնական պատճառներն են այս պահանջարկի թոյլ մնալուն:

Ըստ Ալ Թաննիրի, Պէյրութի մէջ փակուեցան շատ մը վաճառատուներ, որովհետեւ սղաճը առիթ չի ձգեր քաղաքացիին մտածելու իր ուտելիքէն աւելիի մասին: Դրամ չ՛աւելնար որ ան կարենայ գնել ուտելիքէն աւելին: Այս է հիմնական պատճառը պահանջարկի անկումին ու վաճառատուներու փակուելուն:

 

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ

ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Իր անկախութենէն մինչեւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վարէր տնտեսական քաղաքականութիւն, որուն հիմը կը կազմէր Ռուսական դաշնութիւնը եւ անոր դաշնակից, նախկին Խորհրդային միութեան անդամ երկիրները: Եւրասիական տնտեսական միութիւնը կը կազմէր այն տնտեսական դաշինքը, որ Հայաստանին կու տար կարգ մը դիւրութիւններ իր արտադրանքը վաճարելու համար այդ Միութեան սահմաններուն մէջ առանց մաքսի:

Ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը կը փորձէ այլընտրանք գտնել մասամբ փոխարինելու համար այդ համակարգը: Ծրագիրը առեւտրական ազատ գօտիի հաստատումն է, շոգեկառքի, օդանաւի եւ փոխադրակառքի միջոցով ապրանքի փոխադրութիւնը արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւններով: Այսինքն, Հայաստանը դարձնել ազատ առեւտուրի գօտի դրացի երկիրներէն եկած ապրանքը տարանցիկ անցընելու եւ վաճառելու համար: Արդէն Կիւմրի քաղաքին մէջ սկսած է աշխատանք այդ գօտին հաստատելու համար 37 միլիոն ԱՄՆ տոլար ամավարկով:

Ներկայիս Հայաստանի արտադրութեան 40 առ հարիւրը կը վաճառուի Ռուսիոյ: Երկիրը կախեալ է Ռուսիայէն ցորենի եւ վառելանիւթի ներածումին համար: Այս ծրագիրը երկրի համախառն արդիւնքը պիտի աւելցնէ 3 առ հարիւր տոկոսով եւ պիտի բանայ հազարաւոր աշխատատեղեր: Սակայն, ըստ վերլուծողներու, ամէն ինչ կախեալ է շրջանի աշխարհաքաղաքական վիճակէն, որ ներկայիս կ’ազդուի Ատրպէյճանի հետ ձգտուած վիճակէն, Ուքրանիոյ պատերազմէն ու Իրանի դէմ կայացուած պատժամիջոցներէն:

 

 

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿԸ

Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններու ընթացքին նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի կուսակցութեան կրած պարտութիւնը վերլուծողներ կը վերագրեն տնտեսական պատճառներու: Հակառակ պարտքի տոկոսի բարձրացումին 50 առ հարիւրի, սղաճը կը մնայ բարձր եւ կ’ուտէ մարդոց աշխատավարձը, ստեղծելով ծանր վիճակ: Այս է հիմնական պատճառը, որ նախագահ Էրտողանի վարչակարգը, հակառակ իր առած քայլերուն, չկրցաւ շտկել վիճակը ու վճարեց գինը: Սուրիոյ հետ սահմանին չբացուիլն ալ ունեցաւ իր ժխտական ազդեցութիւնը, որովհետեւ այդ սահմանէն կ’անցնի դէպի արաբական աշխարհ ուղղուող թրքական արտադրութիւնը յարմար գինով:

Թուրքիա համաձայնեցաւ ԱՄՆ-ի հետ այն քայլերուն շուրջ, ըստ որոնց, կարգ մը թրքական ընկերութիւններ պիտի կարենան աշխատիլ իրենց ռուս գործակիցներուն հետ, նոյն ժամանակ պահելով Ռուսական դաշնութեան դէմ կայացուած պատժամիջոցները: Թուրքիա սկսած է զգալ ԱՄՆ-ի եւ Արեւմուտքի Ռուսիոյ դէմ կայացուած պատժամիջոնցերու ազդեցութիւնն ու ժխտական հետեւանքները:

 

 

ԱՍԻԱ

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿԸ

Չինաստանի դրամատուները կը դիմագրաւեն ծանր վիճակ մը անշարժ գոյքի ընկերութիւններուն տրուած պարտքին պատճառով: Այդ ընկերութիւններէն մաս մը կը դիմագրաւեն պարտք չկարենալ վերադարձնելու վիճակ, որովհետեւ պետական ֆինանսաւորումը նուազած է ու նոր յարկաբաժիններու պահանջարկը նուազած է տնտեսական ծանր վիճակին պատճառով: Այս վիճակին շարունակութիւնը կրնայ ծանրացնել երկրին տնտեսական վիճակը:

 

 

ԵՒՐՈՊԱ

ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՍՆԱՆԿԱՑՈՒՄԻ ԱԶԴԱՆՇԱՆ

Ըստ Համաշխարհային դրամատան աղբիւրի մը, եթէ քայլեր չառնուին մինչեւ տարեվերջ, Ուքրանիա կրնայ հասնիլ սնանկացումի: Եթէ Արեւմուտքը չօգնէ, երկիրը մեծ հաւանականութեամբ պիտի սնանկացում յայտարարէ: ԱՄՆ-ի գոնկրէսը չէ վաւերացուցած 60 միլիառ ԱՄՆ տոլարի օժանդակութիւնը, որ պէտք է տրուի Ուքրանիոյ: Պատերազմին պատճառով տնտեսութեան քայքայումը եւ արտաքին օժանդակութեան նուազումը հիմնական պատճառներն են այս վիճակին: Եթէ 2025-ի սկիզբը Արեւմուտքի պարտատէրեր պահանջեն իրենց տուած պարտքերը ուքրանական ընկերութիւններու եւ դրամատուներու, երկիրը կրնայ սնանկացում յայտարարէ:

 

 

ԱՄԵՐԻԿԱ

ԱՋԻ ԵՐԵՒՈՒՄԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ

Վերջին տարիներուն աջակողմեան ամբոխավար (populist) հոսանք մը սկսաւ ի յայտ գալ Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի կարգ մը երկիրներուն մէջ: Արժանթինի մէջ Խավիէ Միլէյ, Պրազիլի մէջ Եայիր Պոլսոնարօ, Էլ Սալվատորի մէջ Նայիպ Պիւքելէ կը կազմեն այդ հոսանքին ներկայացուցիչները: ԱՄՆ-ի մէջ Տոնալտ Թրամփ կը համարուի այս շարժումի հովանաւորներէն: Այս հոսանքին լոզունգն է «Երկիրը դարձնել մեծ անգամ մըն ալ»: Այսինքն «Make Argentina Great Again»: Վերադարձնել երկրին ազգային արժէքները: Այս շարժումը ուղղուած է համաշխարհայնացումին դէմ ու երկիրը կը փորձէ վերադարձնել տեղայնացումի (localization) անոր տնտեսութիւնը վերականգնելու համար:

 

 

ԱՄՆ

ԱՄԱՎԱՐԿԻ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսը վեց ամիս ուշացումով վաւերացուց 2024 տարուան ամավարկը կամ պիւտճէն: Ուշացումին պատճառը երկու կուսակցութիւններուն միջեւ անհամաձայնութիւնն էր: Մինչ Հանրապետական կուսակցութիւնը կ’ուզէ վարել աւելի հաւասարակշռուած տնտեսական քաղաքականութիւն, կառավարութեան արձանագրած պիւտճէի բացը նուազեցնելով ու սահմանի պաշտպանութիւնը զօրացնելով, Դեմոկրատ կուսակցութիւնը կ’ուզէ պահել ներկայի ծախքի չափը՝ չնուազեցնելու համար բնակչութեան տրուող ծառայութիւնը: Ամավարկին չափը 1200 միլիառ ԱՄՆ տոլար է: Ամավարկին 70 առ հարիւրը պաշտպանութեան ուղղուած է:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

ԳԻՆԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՈՒՄ ԵՒ ԹՈՇԱԿ

Քարիւղի եւ շատ մը ուրիշ հում նիւթերու գիները յաւելում արձանագրեցին: «Brent» քարիւղի տակառին գինը բարձրացաւ 89 ԱՄՆ տոլարի: Միջին Արեւելքի մէջ անկայուն վիճակը հիմնական պատճառն է այս յաւելումին: Երկրորդ պատճառն էր քարիւղ արտադրող երկիրներու «ՕՓԷՔ» կազմակերպութեան որոշումը քարիւղի արտադրութիւնը նուազեցնելու, նաեւ Չինաստանի պահանջարկի յաւելումը:

Քաքաոյի գինը միջազգային շուկային վրայ յաւելում արձանագրեց: Նիւ Եորքի շուկային մէջ քաքաոյի մէկ մեթրիք թոնին գինը բարձրացաւ 9,625 ԱՄՆ տոլարի: Քաքաոյի 70 առ հարիւրը կ’արտադրուի Ափրիկէի մէջ: Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ արտադրութիւնը նուազեցաւ այս տարի: Ղանա եւ Փղոսկրեայ Ափունք ունեցան արտադրութեան նուազում կլիմայական պատճառներով:

ԱՄՆ-ի մէջ թոշակառուներու սնտուկը պիտի դիմագրաւէ ծանր վիճակ շատ մօտ ապագային: Ըստ մասնագէտներու, թոշակառուներ կ’ապրին աւելի երկար ժամանակ ու 65 տարեկանին թոշակի անցնիլը պէտք է փոխուի: Այս տարիքը պէտք է աւելնայ հասնելու համար 67 տարեկանի կամ աւելիի ըստ պահանջքի: Հոլանտա ներկայիս որդեգրած է շարժող թոշակի տարիքի ձեւը: Այսինքն, սնտուկին պիւտճէն հաւասարակռելու համար կը բարձրացնէ թոշակի անցնելու տարիքը: Հակառակ պարագային, թոշակի սնտուկը կրնայ սնանկ յայտարարուիլ:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

ՔԱՅՆԶԵԱՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ (Keynesian economics)

Կառավարութիւններու վարած ազատ դրամատիրական համակարգը ցոյց տուաւ իր տկարութիւնները 20-րդ դարու առաջին քառորդին: ԱՄՆ-ի «Սեւ Երեքշաբթի»-ն 1929 թուականին ամենամեծ հարուածն էր, որ ստացաւ ազատ դրամատիրական շարժումը: Համալսարանի դասախօսներ եւ տնտեսագէտներ սկսան առաջարկել լուծում դրամատիրական համակարգի սխալները թոյլ չտալու կամ անոնց ազդեցութիւնը մեղմացնելու համար:

Բրիտանացի դասախօս Ճոն Մէյնարտ Քայնզ (John Maynard Keynes) հաստատեց, որ կարենալ հսկելու համար դրամատիրական համակարգը, պէտք է կառավարութիւնը ունենայ որոշ լծակներ անոր վրայ ազդելու համար: Ըստ Քայնզի, տնտեսութիւնը չի կրնար ձգուիլ առանց հսկողութեան: Այս էր հիմնական պատճառը ԱՄՆ-ի բաժնետոմսերու շուկայի անկումին, որ պատճառեց հազարաւոր ընկերութիւններու սնանկացում ու անգործութեան մեծ ալիք: Կառավարութիւններ երբ նկատի առնեն թէ սպառումը նուազեցաւ, կրնան պարտքի դրամ առնել որոշ տոկոսով ու մտցնել շուկայ, արուեստական պահանջարկ ստեղծելու համար: Նաեւ մաքս պէտք է հաստատուի սահմանին վրայ պաշտպանելու համար երկրին արտադրութիւնը: Ձեւով մը կառավարութիւնը պիտի աշխատի որպէս հսկիչ տնտեսութեան իր կարողութեան սահմանին մէջ անոր անկումը թոյլ չտալու համար:

Ներկայիս վարուող նոր ազատական համակարգը մեծ հարուած հասցուց տնտեսութեան: Անգամ մը եւս լծակները կառավարութեան ձեռքէն առնուեցան ու դրուեցան մեծ ընկերութիւններու ու դրամատէրերու ձեռքերուն մէջ, իրենց յոռի հետեւանքներով:

 

 

Աղբիւրներ՝ «Տը Էքոնոմիսթ», «Ռաշա Թուտէյ»,  «Եուրասիանէթ.օրկ» եւ «Ալ Տիյար»

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share96Tweet60
Previous Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ – 10

Next Post

«ԽԱՂԱՂՈՒԹՅԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ ԿՐՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ ԴԱՌՆԱԼ»

Next Post
«ԽԱՂԱՂՈՒԹՅԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ ԿՐՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ ԴԱՌՆԱԼ»

«ԽԱՂԱՂՈՒԹՅԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ ԿՐՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ ԴԱՌՆԱԼ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.