Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ – 10

ՈՍԿԵԱՅ  ԿԱՆՈՆԸ

April 9, 2024
in Յօդուածներ
0

 

 

 

 

«Մի՛ ըներ այն բանը, որ չես ուզեր որ քեզի ընեն»։ «Ոսկեայ կանոն» կոչուած այս սկզբունքը մարդկային բոլոր ընկերութիւններու մէջ բարոյական կեանքի հիմնական վարուելակերպերէն մէկն է։ Այս բնական օրէնքը անցեալի բոլոր իմաստասիրական եւ կրօնական բանաձեւումներուն մաս կազմած է։ Երախայ մը դիւրութեամբ կարող է ըմբռնել զայն, առանց նոյնիսկ անոր գիտակցութեան ամբողջական զարթնումին։ Մանուկ հասակէն հակառակ ըսելու «եղբօրդ կից մի տար», կ՛ըսենք «կ՛ուզէի՞ր որ եղբայրդ քեզի ոտքի հարուած մը տայ, ուրեմն, դուն ալ մի տար»:

Ոսկեայ կանոնը բանաձեւուած է բոլոր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու մէջ։ Աստուածաշունչի «Նոր Կտակարան»ին մէջ Յիսուս ոսկեայ կանոնին տիեզերական տարողութիւն կու տայ. ան կիրարկելի չէ միայն որոշ հաւաքականութեան մը, քաղաքի մը, ժողովուրդի մը, այլ բոլոր մարդկային էակներու յարաբերութիւնները կը տնօրինէ, առանց լեզուի, ցեղի, սեռի եւ ընկերային դիրքի տարբերութեան։ Ան մարգարէական օրէնքի ծուծն է։ Մատթէոսի աւետարանին մէջ ըսուած է. «Այն բոլորը, զորս պիտի ուզէիք, որ ուրիշներ ընեն ձեզի, դուք ալ ըրէք ուրիշներուն», կամ «Մի դատէք, որպէսզի չդատուիք», իսկ ուրիշ տեղ մը. «Կշիռը զոր կը գործածէք ուրիշներու համար, պիտի ծառայէ նաեւ ուրիշներուն, ձեզ կշռելու համար»։

Ոսկեայ կանոնը կիրարկել կը նշանակէ ինքզինք դնել ուրիշի մը տեղը, այն ուրիշը, որ ունի նոյն ցանկութիւնն ու վանողութիւնը։ Հանրային փոխադրամիջոցին մէջ չենք ախորժիր որ մէկը հրէ կամ հրմշտկէ մեզ, ուրեմն, ուշադիր ըլլանք նոյն սխալը չգործելու մեր կարգին։ Եթէ չենք ուզեր որ ստեն մեզի, ուրեմն ջանանք չստել։

Ոսկեայ կանոնը կարելի է գործադրել ժխտական ձեւով ալ, ինչ որ աւելի յաճախակի է, բայց դրական իմաստով. «Ըրէ՛ ուրիշներուն այն ինչ, որ պիտի փափաքէիր, որ ընեն քեզի»։ Այս վերջինը աւելի շինարար է, այն իմաստով, որ մեզ կը մղէ գործելու, ազդելու։ Բաւարար չէ միայն հրաժարիլ վատ արարքներէ, ինչպէս` գողնալ, օրէնքը չյարգել, տարապեցնել  եւլն.։ Այս կարգի դրական վերաբերումները կը սկսին պարզ եւ փոքրիկ բաներով, ինչպէս ` ժպտիլ, օգնութեան հասնիլ անոնց, որոնք կարիքը ունին։ Չզլանալ օգնել, զօրավիգ կանգնիլ ուրիշներու, տալ նիւթական թէ բարոյական առումով, եթէ ի վիճակի ենք, ոսկեայ կանոնին վերեւ յիշուած դրական արարքներուն մաս կը կազմեն։

 

 

Պատրաստեց`

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԷ ՈՐ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ, ԱՅԼ՝ ՀԱԿԱՌԱԿԸ

Next Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.