Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ

April 9, 2024
in Հայաստան
0
ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ

«Մեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար պէտք է կանգնինք մեր օրինականութեան գիծերուն վրայ, իսկ այդ՝ մեր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանն է»: Այսպէս ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ խօսելով անվտանգութեան ապահովումին մասին: Անոր խօսքով, երբ նկատի կ’առնուի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանագիծը, այդ պարագային որեւէ կողմ հնարաւորութիւն չ՛ունենար արդարացնելու Հայաստանի դէմ իր յարձակումը: Համացանցային «Թելեկրամ» հարթակին վրայ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մասին եւ շեշտեց, որ անոր հեղինակը պէտք է ըլլայ ժողովուրդը:

Եւրոմիութեան խորհուրդի Քաղաքական եւ անվտանգային հարցերով յանձնաժողովի անդամները ընդունած ատեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուց, որ, համաձայն նախկին պայմանաւորուածութիւններուն, Երեւանն ու Պաքուն պէտք է փոխադարձաբար ճանչնան տարածքային ամբողջականութիւնը: Փաշինեան հիւրընկալեց նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պէյչինովիչ Պուրիչը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի կապերը եւ հայ-ատրպէյճանական զարգացումները: Եւրոպացի հիւրը յայտնեց, որ Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը կրնայ դառնալ խաղաղութեան հոլովոյթի կարեւոր նախադրեալ մը: Փաշինեան իր կարգին նշեց, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու հասցէագրումին եւ միջազգային աջակցութեան ցուցաբերումին մէջ կարեւոր է Եւրոպայի խորհուրդին դերակատարութիւնը: Պուրիչ գնահատեց այն, որ Հայաստան իր դիմագրաւած այս դժուար օրերուն տակաւին կարողութիւն ունի հետեւելու բարեփոխումներու զանազան ուղղութիւններուն:

Եւրոպացի պաշտօնատարը տեսակցեցաւ նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ: Զրուցակիցները շեշտեցին հայ ռազմագերիներուն եւ առեւանգուած անձերուն տունդարձի կարեւորութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ՕՐԸ՝ ՃՇԴՈՒԱԾ 

Next Post

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Next Post
ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.