Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ «ԵՒՐԱՃԱՍԹ»-Ը ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ ԵՆ

April 6, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ «ԵՒՐԱՃԱՍԹ»-Ը ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ ԵՆ

Հայաստանը ԵՄ քրէական արդարադատութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան գործակալութեան` «Եւրաճասթ»-ի հետ համաձայնագիր ստորագրեց:

Համաձայնագիրը ստորագրեցին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Արդարադատութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատար Տիտիէ Ռեյներսը եւ Պելճիքայի արդարադատութեան եւ Հիւսիսային ծովի հարցերով նախարար Փոլֆան Թիխելթը:

Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ստորագրուած այս համագործակցութեան համաձայնագրին շնորհիւ ՀՀ քրէական վարոյթներով իրաւական համագործակցութեան ոլորտին մէջ իրաւասու մարմինները եւ ԵՄ քրէական արդարադատութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան գործակալութիւնը պիտի կարենան աշխատիլ միասին:

Պելճիքայի արդարադատութեան եւ Հիւսիսային ծովի հարցերով նախարար Փոլֆան Թիխելթի խօսքով` այս համաձայնագիրը Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի միջեւ ամուր հիմք պիտի ստեղծէ:

«Համաձայնագիրը յատկապէս կարեւոր է Պելճիքայի նախագահութեան համար, քանի որ Եւրոպական միութեան եւ երրորդ երկիրներու միջեւ դատական համագործակցութիւնը մեզի համար առանցքային առաջնահերթութիւն է», նշեց պելճիքացի նախարարը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայաստանը ի սկզբանէ հետաքրքրուած եղած է այս համագործակցութեամբ, առաջին երկիրը եղած է, որ սկսած է բանակցութիւնները: Ան փաստեց, որ առաջին երկիրն է, որ կը ստորագրէ համագործակցութեան համաձայնագիրը:

«Մենք սերտ համագործակցութիւն ունեցած ենք «Եւրաճասթ»-ի, «Եւրոփոլ»-ի հետ` նոյնիսկ առանց համաձայնագրի, բայց այժմ այս համաձայնագիրը կու գայ ամրապնդելու եւ համագործակցութիւնը հաստատութենական դարձնելու: Այս համաձայնագրի ստորագրմամբ մենք նաեւ մէկ քայլ կը մօտենանք Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ամբողջական իրականացման: Սա դռներ կը բանայ փորձի փոխանակման եւ կարողութիւններու զարգացման նոր հնարաւորութիւններու համար»,ըսաւ Արարատ Միրզոյեանը:

Արդարադատութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատարը նկատեց, որ սա կարեւոր անկիւնաքար է ԵՄ-հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ:

«Ներկայացնելով «Եւրոփոլ»-ի յանցաւոր ցանցերու մասին զեկոյցը` պարզ կը դառնայ, որ սա հնարաւորութիւն կու տայ իսկապէս ամրապնդելու համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ դատական մակարդակով եւ ապահովելու, որ 80 երկիրներու հետ ոչ միայն Եւրոպայի մէջ, այլեւ անկէ դուրս մենք կարենանք համարկուած աշխատիլ: Մեզի համար կարեւորը այն է, որ այժմ Հայաստանը հնարաւորութիւն ունի ներկայացուցիչ ունենալու Եւրաճասթի շրջանակներուն մէջ, որ թոյլ կու տայ անհրաժեշտութեան պարագային մասնակցելու համատեղ քննչական խումբերուն», կարեւորեց Տիտիէ Ռեյներսը:

Անոր խօսքով` յաճախ դժուար կ՛ըլլայ հասնիլ արդարադատութեան, դատապարտելու կամ չդատապարտելու վերաբերեալ որոշում կայացնել:

«Հայաստանի այս մասնակցութիւնը այժմ իսկապէս հնարաւորութիւն կու տայ լիովին ամրապնդելու դատական համագործակցութիւնը ամէն առումով: Համաձայնագիր ունենալու փաստը իսկապէս հնարաւորութիւն պիտի տայ մասնակցելու շատ մեծ ցանցի մը եւ ամրապնդելու ներկայութիւնը Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան մէջ: Կը կարծեմ, որ նոյնիսկ անդամ երկիրներու մէջ, երբ մենք, օրինակ, համատեղ քննչական խումբեր կը ստեղծենք, այդ մեզի թոյլ կու տայ տեսնելու, թէ ինչպէս կ՛աշխատին միւս տարբեր դերակատարները, եւ թէ որքանով արդիւնաւէտ են», ըսաւ յանձնակատարը:

ԵՄ յանձնակատարը համոզուած է` «Եւրաճասթ»-ին միանալու այս համաձայնագիրը լաւ առիթ եւ խթան պիտի ըլլայ, որպէսզի Հայաստանի մէջ դատական համակարգի եւրոպական չափանիշերուն համահունչ ըլլալու գործընթացը արագանայ, ինչ որ արդէն ակնյայտ է անդամակցութեան թեկնածու երկիրներու մէջ:

ԵՄ անդամ երկիրներու դատախազութիւններուն վերապահուած գործառոյթները համակարգող եւ անդամ երկիրներու դատախազութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը խթանող համաեւրոպական կառոյց համարուող «Եւրաճասթ»-ը բազմաթիւ այլ գործառոյթներու հետ մէկտեղ կ՛իրականացնէ հաւաքագրուած տուեալներու փոխանակում ինչպէս ԵՄ անդամ, այնպէս ալ երրորդ երկիրներու իրաւասու մարմիններուն միջեւ:

Համաձայնագրին շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ պայքարիլ կազմակերպուած յանցագործութիւններու, փողերու լուացման, մարդկային եւ թմրանիւթերու թրաֆիքինկի, կիպեր յանցագործութիւններու եւ ահաբեկչութեան դէմ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՄ ԵՒ ԱՄՆ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ ԱՒԵԼԻ ԱՄՈՒՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ` ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՎ

Next Post

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ ՈՐԴԻՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post
ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ ՈՐԴԻՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ ՈՐԴԻՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.