Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՕՐ

April 6, 2024
in Լիբանանեան
0
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՕՐ

 

«Երուսաղէմի Օր»ը Ռամատան ամսուան վերջին Ուրբաթ օրն է եւ այս օրը իր յատուկ կարեւորութիւնը ունի շիի համայնքին համար տարիներէ ի վեր հաստատուած սովորութեան մը համաձայն: Այս օրուան ընթացքին իր խօսած ուղերձին մէջ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլա կատարեց կարգ մը յայտարարութիւններ: Ան հաստատեց, որ եթէ Իսրայէլ կը մտածէ յարձակիլ Լիբանանի վրայ, իրենք պատրաստ են եւ կազմակերպութեան գործածած զէնքը ցարդ իր ունեցածին մէկ փոքր տոկոսն է: Իսրայէլ պիտի տուժէ Լիբանանի դէմ ուղղուած որեւէ ռազմական գործողութեան պարագային: Հարաւային Լիբանանի սահմանը պիտի մնայ բաց այնքան ատեն որ չեն դադրած ռազմական գործողութիւնները Կազայի մէջ: Ըստ Նասրալլայի, Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումը նոր առիթներ պիտի տայ իրենց պատերազմին աւարտը մօտեցնելու համար: Իրանեան հակադարձութիւնը անպայման տեղի պիտի ունենայ, սակայն անոր ժամանակը, վայրը եւ ձեւը ձգուած են Իրանի ղեկավարութեան: Նասրալլա հաստատեց, որ շրջանի երկիրներուն մէջ քաղաքական բոլոր քայլերը կապ չունին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն հետ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Next Post

«ՈՐՈՇՈՒՄ ԿԱՅԱՑՆՈՂԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ Է»

Next Post
«ՈՐՈՇՈՒՄ ԿԱՅԱՑՆՈՂԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ Է»

«ՈՐՈՇՈՒՄ ԿԱՅԱՑՆՈՂԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.