Լիբանանի կրթական նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի հրապարակեց կառավարութեան որոշումը՝ կատարելու համար երկրորդական բաժինի երրորդ դասարանի քննութիւնները: Իսկ նախապատրաստական բաժինի 9-րդ դասարանի աշակերտները քննութիւն պիտի անցընեն իրենց վարժարաններուն մէջ, նախարարութեան կողմէ պատրաստուած հարցարանի մը պատասխանելով: