Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵԼՈՅԹԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

March 29, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵԼՈՅԹԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, հովանաւորութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ «Բարեւ» ասմուքի ելոյթը, կատարողութեամբ լիբանանահայ ասմունքող՝ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի:

Հայ բանաստեղծական ծաղկեփունջի ներկայացման ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Արամ Տեքիրմենճեանը, գաղութի ղեկավար եւ ականաւոր անձնաւորութիւններ:

Ասմունքի ընթացքին, Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան  ներկայացուց արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծներու գոհարներէն, արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Շուրջ մէկ ժամ ելոյթի տեւողութեան ընթացքին, իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան հետ  ան ներկաներուն փոխանցեց իր հարազատ ապրումներն ու զգացումները, անթերի առոգանութեամբ եւ յիշողութեամբ: Կարգ մը ասմունքներու հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ վաստակաւոր դաշնակահարուհի՝ Սուզաննա Մարտիրոսեան-Օհանեանը, իր հրաշալի կատարողութեամբ:

Ելոյթի աւարտին ներկաները իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը յայտնեցին Տիկ. Եփրեմեանին, շեշտելով օտար ափերուն մէջ հայաբոյր ու հայաշունչ միջոցառումներու ծարաւն ու անհրաժեշտութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

«ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՉԷ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ԴԷՄ»

Next Post

ԱՅՍՕՐ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԸ Կ‏՛ԻՅՆԱՅ ՈՒ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ, ԻՍԿ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆԸ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՈՒ ԿԸ ՓԱՅԼԱՏԱԿԷ

Next Post
ԱՅՍՕՐ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԸ Կ‏՛ԻՅՆԱՅ ՈՒ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ,  ԻՍԿ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆԸ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՈՒ ԿԸ ՓԱՅԼԱՏԱԿԷ

ԱՅՍՕՐ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԸ Կ‏՛ԻՅՆԱՅ ՈՒ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ, ԻՍԿ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆԸ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՈՒ ԿԸ ՓԱՅԼԱՏԱԿԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.