Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏ

March 21, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏ

 

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։

Խորհրդակցական նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով կազմակերպելի ձեռնարկներուն։

Ժողովը արձանագրեց.-

Ա. Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ձեռնարկներուն ներգրաւել կուսակցական, յարանուանական եւ միութենական բոլոր շրջանակները։

Բ. Կոչ ուղղել երիտասարդական եւ ուսանողական բոլոր միաւորներուն աշխուժօրէն մասնակցելու Ցեղասպանութեան ոգեկոչական թէ պահանջատիրական նախաձեռնութիւններուն։

Գ. Ձեռնարւները նպատակուղղել լիբանանեան հանրային կարծիքին եւ ապահովել համալիբանանեան հնչեղութիւն եւ զօրակցութիւն։

Դ. Ընդգծել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն չդատապարտելը եւ հատուցում չպարտադրելը Թուրքիոյ առիթ հանդիսացած է, որ գործադրուին այլ ցեղասպանութիւններ։

Ե. Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը համարել մեր ժամանակներուն իրականացած ցեղասպանութիւն եւ պահանջել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումը։

Զ. Շարունակուող ցեղասպանութիւններու շարքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան առընթեր բարձրացնել Լիբանանի սովամահութեան, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու զանգուածային ջարդերուն, Արցախի ցեղային զտումին եւ Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանական արարքները։

Է. Յառաջացնել կեդրոնական յանձնախումբ եւ անոնց կից գործող ենթայանձնախումբեր, միասնական ձեւով հերթական անգամ ամրագրելու լիբանանահայութեան միասնականութիւնը, մեր պահանջատիրական երթի շարունակականութիւնը եւ մեր բոլոր իրաւունքներու վերականգնման համար անտեղիտալի պայքարը։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները խորապէս համոզուած են, որ լիբանանահայութիւնը ստուար շարքերով պիտի մանակցի Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ձեռնարկներուն եւ վերանորոգէ համազգային պահանջատիրութեան իր յանձնառութիւնը։

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԲՈԼՈՐ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»

Next Post

ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.