Թիւ 23
«Մայրը տան սիրտն է: Աղօթենք որ որպէս կիներ կարենանք իրականացնել մեր գոյութեան նպատակը՝ սիրել եւ սիրուիլ ու այդ սիրոյ ընդմէջէն դառնալ Աշխարհի վրայ խաղաղութեան գործիքներ»:
Մայր Թերեզա, ալպանացի-հնդիկ Կաթողիկէ մայրապետ
Սերտելէ ետք մեր ժողովուրդին պատմութիւը, պիտի նկատենք այն մեծ դերը, որ ունեցած է հայ կինը մեր ընկերութեան մէջ: Ան եղած է մայր, դաստիարակ, բարերար, շինարար, թագաւորի խորհրդական, պէտք եղած ատեն պարիսպ պաշտպանող եւ ռազմիկներ խանդավառող ռազմուհի: Կինը եղած է կուսակցութիւն հիմնող, ազատագրական շարժումի առաջնորդ, փամփուշտ լեցնող օգնական ճակատին վրայ: Ուր ըսես չէ եղած հայ կինը: Ամէն անգամ որ մեր ժողովուրդը պէտքը զգացած է իր օժանդակութեան, կինը գտնուած է ամէն տեղ: Ներկայիս ան կը կատարէ մեծ վարչական գործ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Այսօր մեր միութիւններուն ու կուսակցութիւններուն մէջ մեծ դեր վստահուած է կայ կնոջ:
Հեթանոսական շրջանին, Անահիտ, Աստղիկ եւ Մանէ աստուածուհիները դարձած են ներշնչումը հայ կնոջ: Անոնցմէ սորված է հաւասարակշռութիւն, սէր, հոգիի գեղեցկութիւն եւ զարգացում: Քրիստոնէութիւնը կինը բարձրացուց Աստուածամօր աստիճանի: Կինը ծնաւ Փրկիչը մարդուն: Եւ Փրկիչը աստուածային սիրով սիրեց իր մայրը ու զայն բարձրացուց երկինք: Կինը միայն ընկերութեան ծառայող էակ մը չէր այլեւս, այլ՝ տիեզերքի խաղաղութեան ու հաւասարակշռութեան մէջ մեծ դեր ունեցող մը: Տանք արժանին հայ կնոջ ու զայն դարձնենք ընկերութեան մէջ հիմ ու օժանդակող ուժ:
Ռուս բեմադրիչ Ալեքսէյ Պալապանով եւ հայ բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեան հիւրերն են մեր այսօրուան «Մշակոյթի Անդրադարձ»ին: Այս ստեղծագործող մարդիկ շատ բան տուին մեզի, Աշխարհի մշակոյթին: Անոնք իրենց կեանքով եւ գործով փաստեցին, որ կինը հաւասարակշռողն է տիեզերքին: Ան է որ իր միտքով, խօսքով եւ գործով կը դաստիարակէ սերունդներ: Ան է ընտանիքին պահապան հրեշտակը մարդու ծնունդէն միչեւ մահ: Որքան անցնին տարիներ, մեր յիշողութեամբ երբ երթանք ետ, կը յիշենք պայծառ դէմք մը մեր անկողինին վրայ, մեզ դաստիարակող մը, մեզի բարիի ճամբան ցոյց տուող մը, կը յիշենք անձ մը, որ միշտ մեր կողքին էր մեր ամենադժուար եւ ամենաուրախ օրերուն: Կը յիշենք մեր մայրը: Կնոջ հաւասարակշռող, ազնիւ դերը ընկերութեան մէջ հիմն է հաւասարակշռուած տիեզերքի մը: Ընկերութիւն մը, ուր կինը չի դաստիարակեր իր գործով ու խօսքով, այդ ընկերութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի բռնէ ուծացումի ճամբան: Այս է այն պատուէրը որ կու գայ մեզի դարերու խորքէն պատմութեան փաստերով:
ՍԻՆԵՄԱՐՈՒԵՍՏ
ԱԼԵՔՍԷՅ ՊԱԼԱՊԱՆՈՎ (1959-2013)
Ռուս սինեմայի մեծ բեմադրիչ: Սինեմայի արուեստին մէջ նոր ուղի բացող մասնագէտ: Ալեքսէյ Պալապանով, Անտրէյ Թարքովսքիի հետ կը համարուի Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ռուսական սինեմայի դպրոցի ամենամեծ ներկայացուցիչներէն մէկը: Խորհրդային միութեան սինեման կը բաժնուի երկու ժամանակաշրջանի: Առաջինը, որ կը կոչուի «Ավան կարտ» սինեմա, սկսաւ 1920-ականներուն: Երկրորդ ժամանակաշրջանը սկսաւ նախագահ Խրուշչեւի ժամանակաշրջանին՝ 1950-ականներէն սկսեալ: 1991-էն ետք ռուսական սինեման փոխադրուեցաւ նոր դարաշրջան մը՝ իր ուրոյն հարցերով ու լուծումներով: Այս սինեմայի վարպետներէն մէկն էր Ալեքսէյ Պալապանով:
Ալեքսէյ Պալապանով իր գործունէութեամբ դարձաւ առեղծուած մը: Թերեւս իր օրերուն չհասկցուեցաւ, սակայն իր կեանքի վերջին ժամանակաշրջանին եւ մահէն ետք մարդիկ գիտցան այն տիտանը, որ կը գտնուէր Պալապանովի մէջ: Ան իր ուրոյն ոճով մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ռուսական ու համաշխարհային սինեմային վրայ: Իր կարճ կեանքի ընթացքին, ան 21 տարուան մէջ պատրաստեց 14 ժապաւէն: Իր գլուխգործոցներն են «Brother», «Brother 2» եւ «Dead Man՛s Buff» առեղծուածային «Of Freaks and Men» եւ «Cargo 200» ու անհեթեթ (absurd) «The Castle» եւ «Happy Days»:
Բեմադրիչին գործի ասպարէզ մուտքը զուգադիպեցաւ իր ծննդավայր Խորհրդային միութեան փլուզումին: Այս դէպքը ունեցաւ խոր ազդեցութիւն այն ժամանակ գործող բոլոր բեմադրիչներուն վրայ: Հին կուսակցական գրաքննութիւնը չկար այլեւս: Չկար նաեւ այն նեցուկը, որ բեմադրիչը կը ստանար իր ժապաւէնին համար: Ուրեմն, աշխատանքի ոճը փոխել պէտք էր՝ քայլ պահելու համար շուկայի պահանջին հետ, նաեւ ցոյց տալու համար արդի յետխորհրդային կեանքը իր բոլոր դրական ու ժխտական երեսներով: Ասոր մէջ է որ յաջողեցաւ Պալապանով: Այս էր իր ժապաւէններու յաջողութեան գաղտնիքը: Ան նաեւ յաջողեցաւ հաւասարակշռութիւն պահել այն ատենուան սակաւապետական, օլիկարխիք համակարգի պահանջքին եւ իրական արուեստին միջեւ: Այս օլիկարխիք համակարգն էր, որ կը ֆինանսաւորէր ժապաւէնները կուսակցութեան ու պետութեան բացակայութեան:
Պալապանովի վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած էր իրլանտացի անհեթեթ (absurd) գրող Սամուէլ Պէքէթ: Անոր պատմուածքներու նիւթերը դարձան իր «Happy Days» ժապաւէնին նիւթը: Կեանքի ունայնութիւնը ու անոր որպէս հետեւանք մարդոց տաժանելի կեանքը կը ներկայացուին այս ժապաւէնին մէջ: Պէքէթի պարապութեան կամ ունայնութեան գաղափարը իրականութեան մէջ կոչ մըն էր աշխատանքի ու պարապը լեցնելու մեր աշխատանքով ու գաղափարներով: Իր երկրորդ անհեթեթ (absurd) ժապաւէնն էր «The Castle», որուն նիւթը առնուած էր Ֆրանց Քաֆքայի նորավէպէն:
Իր գլուխգործոցն էր «Brother» ժապաւէնը, որ ցոյց տուաւ կեանքը յետխորհրդային Ռուսիոյ մէջ: Մարդը կը յարգուէր իր ունեցած դրամին համար, հոգ չէ թէ ինչ ձեւով շահած էր այդ դրամը: Այս ժապաւէնը իրականութեան մէջ կը ներկայացնէր բախումը ընկերութեան մէջ օրինականին եւ անօրինականին: Բանակէն վերադարձած երիտասարդ տղու մը պատմութիւնն է այս: Մայրը իրմէ կը խնդրէ մեկնիլ Սան Փեթերպուրկ՝ յաջողութեան հասած իր եղբօր մօտ, հոն անոր օժանդակութեամբ իր ապագան կերտելու համար: Հոն հաստատուելէ ետք երիտասարդ տղան կը նկատէ այն միջոցները, որոնց շահագործումով եղբայրը հարստութիւն դիզած էր: Ան մարդորս էր: Պատուէրով մարդ կը սպաննէր: Ժապաւէնը հասաւ մեծ յաջողութեան մեծ փառատօններու ընթացքին: Որքան սիրուեցաւ Պալապանով, այնքան շահեցաւ հակառակորդներ: Ժապաւէններուն նիւթը իւրօրինակ էր, սակայն օգտագործուած բառերը բախումի կ’առաջնորդէին ընկերութեան մէջ: Ցոյց կու տար այն ատենուան սակաւապետութեան կամ իւրայատուկ անձնաւորութիւններու իսկական դէմքը: Ասկէ է որ կը ցնցուէին իր հակառակորդները: Բնական տեսարանն էր իր իրապաշտ ժապաւէններու նիւթը, իրականութիւնը ծածկելու պէտք չունէր: Ըսուելիքը պիտի ըսուէր, որ մարդիկ փոխէին իրենց յոռի ընթացքը: Այս էր Պալապանովի ոճը:
Բեմադրիչը երբրեմն կ’երթար ծայրայեղութեան, անոր յոռի հետեւանքները ցոյց տալու համար: Ծածկելու բան չունէր, ըստ իրեն: Պահպանողական մարդոց համար այս ոճը անընդունելի էր: Ցոյց կու տար իսկական պատկերներ սեռային նիւթով ու հոն կար մարդու հոգեկան աշխարհը ցոյց տալու իսկական մարմաջ, մարդկային պահուած կիրքերը ներկայացնելու ուրոյն ոճ, որ շատ անգամ կը քննադատուէր:
Իր «Of Freaks and Men» եւ «Cargo 200» ժապաւէնները քննադատուեցան իշխող սակաւապետական համակարգին կողմէ: Այդ ժապաւէններուն մէջ ներկայացուած էր իրենց իսկական դէմքը: Ասկէ է որ կը վախնային անոնք: Պալապանով խիզախ բեմադրիչ էր: Ցոյց կու տար իշխող համակարգի անդամներուն յոռի բարքերը: Ժապաւէններուն մէջ, փողոցային հեղինակութիւններ, որոնք ամէն սեւ գործ կը կատարէին, օր մըն ալ օգտուելով Խորհրդային միութեան փլուզման յաջորդող դատարկութենէն, կը յայտնուին պետական պաշտօններու վրայ որպէս յարգուած քաղաքացիներ:
ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԼԻՍԻԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ (1936-2014)
Ալիսիա Կիրակոսեան տարագիր հայ արուեստագէտի տիպար մըն էր: Հայրենիքով խանդավառուող բանաստեղծուհի մը: Ըլլալով Արժանթինի քաղաքացի, ան ապագային դարձաւ ԱՄՆ-ի մէջ սպանախօս գրողներու միութեան պատուաւոր նախագահ: 2007 թուականին դարձաւ Հայաստանի ԳԱԱ-ի պատուաւոր դոկտոր: Գրած է նախ սպաներէնով, ապա՝ անգլերէնով եւ հայերէնով:
Պուէնոս Այրէսի համալսարանէն վկայուած է որպէս փաստաբան: Տասը տարի թատրոնի դերասան եղած է: 1968 թուականին կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս (ԱՄՆ)։ Բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը՝ «Մէկ օրում հինգ ձայն», լոյս կը տեսնէ 1966 թուականին։ Իսկ հայ ընթերցողը զինք ճանչցաւ 1967-1971 թուականներուն բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի հրաշալի թարգմանութեամբ հրատարակուած «Արմատ եւ էութիւն» բանաստեղծութիւններու ժողովածոյով (թարգմանուած սպաներէնէ), 1972 թուականին Սփիւռքի հայութեան համար նոյն գիրքը վերահրատարակուեցաւ, (1967-ին, իտալերէնով), «Հայաստանեան ապրումներ» (1970), «Բանաստեղծութիւններ» (1972) ժողովածոները։ Անոր «Փեթրօ Ամոր» (1969) թատրերգութիւնը ներկայացուած է Պուէնոս Այրէսի «Փայրօ» թատերասրահին մէջ։
Ալիսիա Կիրակոսեանի բանաստեղծութեան հիմնական նիւթերն են սէրը, մայրութիւնը, հայրենիքը եւ փիլիսոփայական խոհը։ Ան գերտարածական կոչուող բանաստեղծական շարժումի (1969) հիմնադիրն է (տեսութիւնը հրապարակած է սպաներէն, հայերէն եւ անգլերէն՝ 1992 թուականին)։ Անոր բանաստեղծութիւնը կը յատկանշուի ներաշխարհի պատկերներով, արդիական լեզուամտածողութեամբ, բանաստեղծական վերաիմաստաւորումներու ինքնատիպութեամբ։
Ալիսիա Կիրակոսեանի որոշ գիրքեր նկարազարդած է Փապլօ Փիքասօն:
Կիրակոսեան քանիցս այցելած է Խորհրդային Հայաստան (առաջին անգամ 1967 թուականին), որմէ քանի մը տարի անց գրած է «Նամակ առ Հայաստան» բանաստեղծութիւնը։ Կարծես բանաստեղծուհիին այցելութիւնը հայրենիք իր մէջ արթնցուցած է հողին ուժը եւ այդ ուժը Ալիսիային տուած է կորով ու աւիշ՝ իր մէջէն դուրս հանելու իր մեծ տաղանդը: Վայելենք «Նամակ Առ Հայաստան» բանաստեղծութիւնը յապաւումներով:
Նամակ առ Հայաստան
Երկի՛ր Հայաստան,
Ես քեզ գրում եմ
Բուենոս-Այրէս հեռու քաղաքից:
Մեր բաժանումից երկու տարի անց:
Եւ յուսով եմ ես,
Որ իմ նամակը
Քո արեւներին
Ու քո լեռներին դու պիտի կարդաս,
Ինձ պատասխանեն պիտի ջրերդ`
Մտերիմները
Քո արմատների…
Ինձ պատասխանի պիտի քո ոգին
Եւ պատասխանի իր մէկ ու միակ
Այն ճշմարտութեամբ,
Որ ի՛մն է նաեւ:
Երկի՛ր Հայաստան,
Դու կանչում ես ինձ,
Քեզ է պահանջում ու քեզ է կանչում
Նաեւ արիւնս,
Եւ ինձ տանջում է տենդը սպասման:
Ուրիշ, այլ սէրեր
Յուզում են միայն
Ակնթարթները իմ ժամանակի,
Քոնն է Հայաստա՛ն,
Ողջ անձեռնամուխ իմ ժամանակը
Եւ ամենաջինջ
Իմ արտասուքը:
Երկի՛ր Հայաստան,
Երբ ես ուզում եմ քո անունը տալ,
Իմ մէջ զարթնում է մի թաքուն աղօթք`
Ամենահինը,
Երբ քեզ եմ երգում,
Իմ մէջ շարժումն է
Սկսում բջիջն իմ ամենանոր:
Չգիտեմ, ճչա՞մ,
Թէ՞ արտասուքիս խառնեմ լռելեայն
Կարօտիս ցաւը,
Որ անանուն է:
….
Դեռ քեզ չտեսած,
Ճանաչում էի ես քո քարերը,
Յետոյ քեզ տեսայ,
Քեզ շօշափեցի,
Շնչեցի ես քեզ,
Լուծուեցի ջրում
Եւ փոշի դարձայ քամիներիդ մէջ:
Գիտե՞ս,
Իմ ու քո միասնութիւնը
Վաղնջական է:
Ես կամ առաջին քո յուշերի մէջ:
…
Չէ՞ որ ես տեսայ,
Թէ Հրազդանը
Քարի ու ջրի յաւերժ բախումով
Ինչ է նկարում,
Եւ ամպերի տակ տեսայ բաբախը
Արարատ լեռան,
Արարատ լեռը`
Ահեղ մի պայթիւն,
Որ ինձ հրկիզեց
Առանց լաւայի…
…
Երկի՛ր Հայաստան,
Ես բարձրացել եմ քո փառքի թեւով,
Քո կորուստներով եղել արնաքամ,
Աղօթել եմ ես քո մայրերի հետ,
Քո վէրքերի մէջ կսկիծ եմ եղել,
Ծնունդներիդ մէջ` բերկրութիւն մի պարզ:
…
Եւ դրա համար
Ես իմ լռութեան աղօթքներով եմ
Միշտ քեզ ողջունում,
Իմ ինքնապատկեր:
Ու քեզ օրհնելով,
Ես ինձ եմ օրհնում,
Քեզ վերապրելով,
Վերապրում եմ ինձ,
Եւ ճի՛չս, ճի՛չս
Այդ դու ես, որ կաս,
Հայրենի իմ հող
Եւ իմ դրօշակ`
Երկի՛ր Հայաստան:
ՊՐԻՍՄԱԿ