Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՐՊԷՍԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՌՆԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆ

March 15, 2024
in Յօդուածներ
0

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գումարուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած ժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած է հաղորդագրութիւն, որուն մէջ եկեղեցական հարցերէն աւելի անդրադարձ կայ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններուն:

Բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած ենք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վերջին տարիներու յայտարարութիւններու քաղաքական բովանդակութեան, որոնք կա՛մ չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ կա՛մ ալ կը ներկայացուին աղաւաղուած ձեւով: Նմանատիպ յայտարարութիւնները սկսած են ծառայել մէկ նպատակի, որ է Հայաստանի ներկայ կառավարութեան բոլոր առած քայլերը քննադատել եւ փորձել ժողովուրդը համոզել` դիրքորոշուելու իշխանութիւններուն դէմ:

Նախորդ երկու վարչակարգերուն օրով Հայաստանի դիմագրաւած բազմաթիւ խնդիրներուն ու ժողովուրդի ընդվզումներուն մասին ոչինչ ըսող հոգեւորականները, այսօր դարձած են քաղաքական գործիչներ ու իրենք իրենց կը վերապահեն իրաւունք` բոլոր հարցերու շուրջ դիրքորոշուելու իշխանութեան դէմ:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը իր վերջին յայտարարութեան մէջ դիտել կու տայ, որ եկեղեցի-պետութիւն «ոչ-բնականոն յարաբերութիւններուն պատճառով լուծման կարօտ մնացած են ազգային-հոգեւոր նշանակութեան շարք մը առանցքային հիմնախնդիրներ», փորձելով ձգել այն տպաւորութիւնը, թէ ատոր պատասխանատուն եւս իշխանութիւններն են:

Յիշողութիւնները թարմացնելու համար նշենք այն զարգացումները, որոնց պատճառաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները հասան իրենց ներկայ անբաղձալի վիճակին: 44-օրեայ պատերազմի աւարտին, երբ ընդդիմութիւնը փողոց դուրս եկած էր պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ յստակ էր, որ ժողովուրդը կը մերժէր միանալ նախորդ` փտած համակարգի գլխաւորած շարժումին, Մայր Աթոռը ինք հասաւ ընդդիմադրութեան օգնութեան` միանալով վարչապետի հրաժարականի պահանջին: Ընդդիմութիւնը եւ Մայր Աթոռը ձախողեցան իրենց նպատակին մէջ` շնորհիւ Հայաստանի ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան: Փաշինեան շարունակեց պաշտօնավարել, մինչեւ այն պահը երբ որոշուեցաւ կազմակերպել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ: Այդ տեղի ունեցաւ պատերազմէն ութ ամիս ետք` 2021-ի Յունիսին: Ընտրութիւնները տեղական ու միջազգային դիտորդներու կողմէ գնահատուեցան ժողովրդավարական եւ ազատ: Իշխող ուժը ստացաւ խորհրդարանի տեղերուն մեծամասնութիւնը եւ Փաշինեան վերընտրուեցաւ վարչապետի պաշտօնին:

Կը կարծուէր, թէ այդ պահէն սկսեալ, երբ Հայաստանի հանրութիւնը ըսած էր իր խօսքը, եկեղեցւոյ համար փակուած պիտի ըլլար վարչապետի հրաժարականին հարցը, սակայն դժբախտաբար այդպէս չեղաւ պարագան: Անկէ ետք եւս Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց մնալ վարչապետի հրաժարականի իր պահանջին վրայ: Աւելին, ընդդիմութեան կազմակերպած ցոյցերուն, որոնց ընթացքին կը հնչէին նաեւ բռնութեան կոչեր, ներկայ կ՛ըլլային բարձրաստիճան եկեղեցականներ` ունենալով բոցաշունչ ելոյթներ: Այս բոլորին դիմաց, երկրի ղեկավարութեան կողմէ չտեսանք հրապարակային վիրաւորական որեւէ խօսքեր Եկեղեցւոյ ու անձնապէս Վեհափառի հասցէին:

Հայաստանի համար այս բախտորոշ ժամանակաշրջանին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները բնականոն չեն հիմնականին մէջ մէկ կողմի սխալ ու անհեռանկար դիրքորոշումներուն պատճառաւ: Ժամանակն է, որ Եկեղեցին հրաժարի իր քաղաքական պահանջներէն ու կեդրոնանայ ժողովուրդի հոգեւոր հարցերու լուծման վրայ: Մերձեցման առաջին քայլը վերապահուած է Վեհափառ Հայրապետին, որմէ ետք միայն Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները կրնան կամաց-կամաց վերադառնալ իրենց բնականոն հունին, որուն այնքան պէտք ունին մեր ազգն ու հայրենիքը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՙԻՄ ՔԱՅԼԸ՚Ի ՏՆՕՐԷՆ

Next Post

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ` ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԴՀԿ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ «ՓԱՐԱՄԱԶ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Next Post
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ` ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԴՀԿ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ «ՓԱՐԱՄԱԶ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ` ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԴՀԿ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ «ՓԱՐԱՄԱԶ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.