Երէկ իսրայէլեան օդուժին գործունէութիւնը մագլցում արձանագրեց Պեքաայի շրջանին մէջ, երբ ռմբակոծուեցան Նապի Շիթ եւ Սարհին գիւղաքաղաքներու մօտ գտնուող դիրքեր: Ըստ ստոյգ աղբիւրներու, այս ռմբակոծումը կը գտնուէր ռազմաճակատի կարմիր գիծերու սահմանին մէջ: Հըզպալլան ալ ռմբակոծած էր իսրայէլեան բանակի բազմաթիւ դիրքեր: