Մարտ 1-ը ծննդեան օրն է Թիֆլիս ծնած եւ նոյն քաղաքը մահացած Նար-Դոսի (Միքայէլ Յովհաննիսեան՝ բուն անունով, 1867 – 13 Յուլիս 1933, թաղուած տեղի հայոց Խոջիվանքի գերեզմանատունը):
Արեւելահայ վիպագրութիւնը մասնաւորապէս եւ ընդհանրապէս հայ վիպագրութիւնը` 19-րդ դարէն մինչեւ խորհրդային ժամանակներ, չունի երկրորդ անուն մը, որուն գրական գործերը՝ գեղագէտի վարպետութեամբ ճարտարապետուած, լեզուն՝ ճարտարօրէն յղկուած ու մշակուած, տիպարները՝ իրապաշտ ու հոգեբան, այլեւ նիւթին խորը թափանցող մարդիկ, թեմաները՝ հարուստ ու ինքնատպութեամբ յատկանշուող, ատակ՝ շատ բան հասկցնելու, պատմումի պերճ երանգներով բաբախուն, վերջապէս տոգորուած ըլլան բանաստեղծական շունչով, որոնք երեւան կը հանեն հաւասարակշռուած միտքի ու զգացման այն գեղապաշտ վիպագիրը, նորավիպագիրը, որ Նար-Դոսն է:
Մուրացանի եւ Ալեքսանտր Շիրվանզադէի կողքին, արեւելահայ վիպագրութեան ռահվիրաներէն՝ Նար-Դոսի անտրտունջ, ինքնամփոփ, լուռումունջ պայքարուն կեանքը ցուցանիշ է յամառ ու անկոտրում կամքով, ինքնաշխատութեամբ փառքի ու յաջողութիւններու բարձրացած գրողի, որ իրաւամբ կը կոչուի հայ վիպագրութեան Պալզաքը:
Ահա մեծատաղանդ վիպասանի մը այն բնորոշիչ յատկանիշերը, որ պարագրկեցին անոր գրական նկարագիրն ու հոգեկերտուածքը, որ շուրջ կէս դարու ընթացքին ուռճացան ու արեւելահայ գանձատան հասցուցին վէպեր ու վիպակներ, նորավէպեր ու պատմուածքներ, էջեր հրապարակագրական ու գրաքննադատական, թարգմանական, թատերական գործեր («Մայինի գանգատը», «Մեղր եւ ճանճեր», «Եղբայր») ու հեքիաթներ, ի՜նչ փոյթ՝ խնամքի ու կառոյցի տեսակէտէ թոյլ քերթուածներ ալ, որոնցմէ քանի մը հատը 1883-1885 թուականներուն լոյս էին տետած «Արաքս» հանդէսի (Ս. Փեթերսպուրկ) եւ «Սոխակ Հայաստանի» ժողովածուներուն մէջ:
Իր նախնական ուսումը կը ստանայ Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղի Հայոց ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ կը փորձէ մտնել Ներսիսեան դպրոցը, բայց չի յաջողիր՝ զինք յանձնարարող պաշտպան մը չունենալուն համար: Անկէ ետք կը յաճախէ ոչ-հայկական վարժարաններ. նախ՝ Նիքոլաեւեան դպրոցը, ապա Վրաստանի Քութայիսի նահանգին մէջ Խոնիի ուսուցչանոցը, որ կը լքէ շուտով՝ կրթաթոշակ վճարելու կարողութիւն չունենալուն պատճառաւ: Կը փորձէ մտնել Թիֆլիսի երկաթուղային դպրոցը, ուր եւս չի յաջողիր նիւթական պատճառներով: Ի վերջոյ իր բախտը կը փորձէ արհեստագիտութեան մէջ՝ սորվելով փականագործութիւն. այստեղ իրեն աշխատակից կ’ունենայ ապագայ բանաստեղծ, իրմէ երկու տարիով մեծ Ալեքսանտր Ծատուրեանը: Այս արհեստէն ալ հեռանալէ ետք մինչեւ իր կեանքին վերջը կ’աշխատի զանազան թերթերու խմբագրութեանց մէջ՝ թարգմանիչի, քարտուղարի, սրբագրիչի պաշտօններով: Հուսկ ամբողջովին կը նուիրուի գրական-ստեղծագործական կեանքի:
*****
Սկզբնական շրջանի «Աննա Սարոյեան» (1898) եւ «Սպաննուած աղաւնին» (1889) վիպակներուն առընթեր, Նար-Դոսի գլուխ-գործոցներէն կը համարուի «Մահը» վէպը (1912)՝ իր գրչին ամենահասուն արտադրանքը, որուն վրայ ան հակուած մնալով ամբողջ 24 տարի՝ զայն մշակած է ութ-ինն անգամ: Ըստ հեղինակին, այս գործը հայրենասիրական շարժումի մասին գրուած վէպ է, որուն մէջ կ’արծարծուի ռուսահայոց մէջ երեւան եկած հայրենասիրական յորդ ու անխառն ապրումները, երբ սակաւաթիւ անկեղծ հայրենասէրներու զուգընթաց սունկի պէս կը բուսնէին հասարակութեան նուիրական զգացումները շահագործող անթիւ դատարկապորտներ՝ լոկ իրենց ծակ գրպանները պարարտացնելու ձգտումով. աւելին՝ հասարակութիւնը քանդելու նպատակով…: Յոռի երեւոյթներ՝ որ կային անցեալին եւ շա՛տ կան այսօր ալ մեր հասարակութեան մէջ…:
Ընտանեկան անբարեկեցիկ պայմաններու մէջ հազիւ նախնական կրթութիւն մը ստացած եւ բազում հոգերով լեցուն, Նար-Դոս իր հացը ճարելու մտահոգութեամբ իր կեանքի տաժանակիր տարիները սպառեց խմբագրական «սեւ» աշխատանքներու մէջ, որ իր բառով կոչուեցան «մարտիրոսագրութիւն»: Այս իմաստով, ցայտուն է Սպանդար Սպանդարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Նոր Դար» թերթին Նար-Դոսի 18 տարիներու աշխատակցութիւնը՝ 1890-1908: Թերթ մը, որ մեր լրագրական պատմութեան մէջ անոր հակադիր կողմին վրայ ունեցաւ Թիֆլիսի պուրժուա-դեմոկրատ «Մշակ»ը (1872-1921), որ խմբագրած են Գրիգոր Արծրունին եւ Ա. Քալանթարը, Լէօն, Տ. Հախումեանը եւ ուրիշներ:
18 տարի, Նար-Դոս՝ որպէս պահպանողական գրող մը, ոչ միայն մշակականներէն ենթարկուեցաւ հալածանքի, այլեւ իր գրականութիւնը կրեց ծանրածանր ցաւը նողկալի անտեսումի եւ արհամարհանքի: «Նոր Դար»ի փակումէն ետք ան շարունակեց աշխատիլ «Աղբիւր-Տարազ», «Սուրհանդակ», «Հորիզոն» թերթերու խմբագրութեանց մէջ՝ անարդար ու չնչին աշխատավարձերու «բռնակալութեան» տակ ողոքելով իր ծով համբերութիւնը…:
Իր ծայրայեղօրէն համեստ բնաւորութեան պատճառաւ Նար-Դոս չկրցաւ յատկապէս իր գրական կեանքը հեզասահ նաւարկել՝ իր բնատուր տաղանդին ու գրական արժանիքներուն արդար տեղ մը ապահովելու համար: Իր սեփական շահերը դժբախտաբար վստահելով անկարեկիր մարդոց, դիմելն ու խնդրելը ե՛ւ ի հարկին պահանջե՛լը Նար-Դոսի էութեան մէջ անգոյ բառեր էին՝ զինք հակահարուածներէ պաշտպանելու առումով: Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, ուր երկրորդական, երրորդական ու չորրորդական դէմքեր գտան դիրք ու պաշտպանութիւն իրենց գործերուն, Նար-Դոս նախընտրեց մնալ Թիֆլիս, բնաւ չեկաւ Երեւան, եւ իր լրագրական աշխատանքները շարունակեց սովետական մամուլին մէջ, անդամակցելով Թիֆլիսի Հայ գրողներու միութեան, որուն Պատուոյ նախագահ ընտրուեցաւ հետագային:
Որպէս վիպագիր, ան համբաւ շահեցաւ նաեւ իր «Պայքար» խորագրեալ վէպով, որուն վրայ եւս երկար հակուած աշխատեցաւ՝ զայն վերամշակելով ու յղկելով ութ-ինն անգամ: Վէպը՝ որ գրուած է 1897-ին, իր 30 տարեկանին, չորս տարի զայն վերամշակելէ ետք վերջապէս հրատարակեց 1911-ին: Սոյն վէպին մէջ իր հետապնդած նպատակներուն մասին Նար-Դոս գրած է, թէ ինք աշխատած է լուսարձակի տակ բերել այդ ժամանակուան (խօսքը՝ 1890-ականներուն) հայ հասարակական գործիչներ ու զանազան ներկայացուցիչներ, գրեթէ բոլորն ալ իրական մարդիկ, եւ ուզած է պատկերել այդ ժամանակաշրջանի գլխաւոր երկու հոսանքներու՝ պահպանողականներու եւ ազատամիտներու, այսինքն՝ նոր-դարականներու եւ մշակականներու միջեւ բախումները:
*****
Նար-Դոս 1886-էն սկսած է գրել վիպակներ ու վէպեր: «Աննա Սարոյեան» (1888) խորագրեալ իր առաջին վիպակը կամ վէպ-նամականին, օրինակի համար, բնութագրական է: Աննան, որ կը մեծնայ եւ կ’ապրի հարուստ ու երջանիկ ընտանիքի (հայր, մայր, երեք եղբայր) մը մէջ, շրջապատուած դայեակներով եւ աղախիններով, անոր ամէն մէկ ցանկութիւնը աղախինները իսկոյն կը կատարէին: Եւ ահա օր մըն ալ կը սկսի տան փլուզումը: Կը պարզուի որ խաղամոլ հայրը հսկայական պարտքեր կուտակած է ուսին ու շատ չանցած ընտանիքը կը կորսնցնէ ամէն ինչ եւ կ’իյնայ յետին ծայր չքաւորութեան մէջ: Ասոր կը յաջորդէ աւելի մեծ դժբախտութիւն, երբ հայրը կը դառնայ անդամալոյծ ու խելագար: Աննայի փոքր եղբայրը կը մահանայ թոքախտէ. միջնեկը՝ ծուլութեան մարմնացում, իսկ աւագը գինեմոլ ըլլալուն համար ոչ ոք կը հանդուրժէ…: Աննան իր սիրտը կը բանայ այս բոլորին մասին, կը գրէ ու կը պատմէ իր ամէնէն սրտակից ընկերուհիին: Վերջին նամակին մէջ ան կը տեղեկացնէ, թէ… թոյն է խմած՝ չդիմանալով դժոխային տանջանքներուն…:
Նար-Դոսի «Ես եւ նա» սիրավէպը (1889) հաճելի է որպէս ընթերցում եւ ուսանելի՝ ամէն տարիքի ընթերցողի համար: Վերջին տարուան ուսանող մը ինք, երբ կը կորսնցնէ իր սէրը, եւ յուսահատ՝ կեանքին իմաստէն, կ’իյնայ յոռետեսութեան հորը: Իրեն համար ա՛լ ամէն բան կորսուած կը կարծէ: Բայց իր տառապանքին մէջ պատահականութիւն մը կը փրկէ զինք, երբ կը կարդայ իտալական «Վրէժ» սիրավէպը, որ յանկարծ կը լուսաւորէ իր ներաշխարհը՝ զինք դարձնելով նոր ու հզօր անհատականութիւն մը: Այսպէս է, որ Նար-Դոս այս սիրավէպը կոչած է «Ես եւ նա»:
«Սպաննուած աղաւնին» վէպը որ գլուխ-գործոցներէն կը համարուի Նար-Դոսի՝ երկին միտքը գրողը երկար տարիներ փայփայած ու իր մտասեւեռումին կիզակէտն է դարձուցած: Գիշեր մը, Միքայէլ Մարգարեանին տունը կու գայ Գարեգին Սիսակեանը եւ կ’ըսէ, թէ նշանուած է Սառա անունով աղջկան մը հետ, որուն հայրը եղած է իր մտերիմ ընկերը: Միքայէլին կը վիճակուի իմանալ, թէ պիտի դառնայ նորապսակ զոյգին կնքահայրը: Վէպը, որ յագեցած է խորունկ փիլիսոփայութեամբ ու իրապաշտ արուեստով, Նար-Դոս կեանքին ճիշդ պատկերը կու տայ խիզախօրէն, հետամտելով շեշտել մանաւանդ մարդկայնական գիծը անոր մէջ: Ան ոչ միայն կը հանդիսանայ արեւելահայ աշխարհաբարի լաւագոյն վարպետներէն, այլեւ կենցաղագիրներէն մին:
Իր պատմուածքներուն հոյլին մէջ կ’իյնան «Մեր թաղը» եւ «Զանազան պատմուածքներ» շարքը, «Նեղ օրերից մէկը», «Վերջին մոհիկաններ», «Թէ ի՛նչ եղաւ յետոյ», «Երբ շաքարամանից երկու կտոր շաքար պակասեց», «Սեւ փողերի տոկոսը», «Հոգուն վրայ հասաւ» եւ շատ ուրիշներ: Վիպակներու եւ վէպերու շարքին են՝ ինչպէս նշուեցաւ՝ «Սպաննուած աղաւնին», «Աննա Սարոյեան», «Ես եւ նա», ապա «Ճշմարիտ բարեկամը», «Նուէր», «Բարերար եւ որդեգիր», «Մահը», «Պայքար», «Մեծ գործի սկզբում», «Քնքուշ լարեր», «Խեղճ մարդիկ»: Իսկ յիշատակելով հեքիաթները, նշանաւորներն են՝ «Աստուած եւ թագաւորը», «Կապը կտրած կինը», «Ագահութեան սկիզբը», «Երկնքի զանգերը», «Մարդու աչքը»:
*****
Նար-Դոսի մահէն երկու տարի առաջ՝ 1931-ի Յունիսին, Թիֆլիսի մէջ կը նշուի մեծ գրողին գրական գործունէութեան 45-ամեակը: Վրաստանի կառավարութիւնը այս առիթով մեծ վիպագիրին կը շնորհէ «Վրաստանի ժողովրդական գրող»ի կոչում, անոր տրամադրելով ապրելու եւ ստեղծագործելու հանգիստ պայմաններ, իսկ Ախալքալաքի մէջ գտնուող Ալաստան գիւղի դպրոցը կը կոչուի Նար-Դոսի անունով: Երեւանի մէջ եւս Նար-Դոսի անունով կան փողոցներ: Գրողին կիսանդրին կը գտնուի Երեւանի Կեդրոն համայնքի՝ Նար-Դոսի անուան թիւ 14 հիմնական դպրոցին առջեւ: Իր յուշարձանը տեղադրուած է 1956-ին: Ընդգրկուած է Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:
Եղիշէ Չարենց, որուն գրական դատումներուն մէջ գնահատական լայն ընդգրկումով տիրական տեղ ունեցաւ վաստակը Նար-Դոսի, հանճարեղ բանաստեղծը՝ որպէս Հայպետհրատի գեղարուեստական բաժնի վարիչ հանդիսացաւ առաջինը, որ լոյսի բարիքին բերաւ տաղանդաւոր վիպագիրին ամբողջական գործերը:
Դժբախտաբար Նար-Դոսի հիւանդութիւնն ու յանկարծահաս մահը պատճառ դարձան, որ անոր «Նոր մարդը» ծաւալուն վէպը մնայ անաւարտ ու չհասնի հրատարակութեան:
Իր մահէն ետք՝ 1935-1950 ժամանակամիջոցին, մեծ վիպագիրի «Երկերի լիակատար ժողովածու»ն 8 հատորներու մէջ ամփոփուելով արժանացաւ Սովետական Հայաստանի հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայման, իսկ եռահատոր «Երկերի ժողովածու»ն՝ 1955-ին:
Նար-Դոսի արձակը ի՛ր իսկ կեանքն է, մարդկայնութեամբ տրոփուն՝ կեանքի խոր փիլիսոփայութեան հենքի մը վրայ բարձրացած ու ճիւղաւորուած, անխառն հայրենասիրութեամբ շողշողուն՝ տիպարային գիծերու հաւատարիմ իր սեւեռումներով:
Վահան Տէրեան՝ արեւելահայ բանաստեղծութեան մէջ, Նար-Դոս՝ արեւելահայ արձակի մէջ, եղան ներկայացուցիչները գեղեցկօրէն յղկուած ոճի, հիմը դնելով ձեւի կատարելութեամբ ու գեղագիտական ըմբռնումներով նուրբ ու բարձր արուեստի, հարկաւ իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին հանդիսանալով գրական խոշոր եւ ինքնադրոշմ դպրոց:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Աղթամար»
————————
ՆԿԱՐ 1.- Նար-Դոս
ՆԿԱՐ 3.- Նար-Դոսի անուան թիւ 14 դպրոցը Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ: