Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 8-ի առիթով կիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ միայն գերիշխան, ուժեղ ու բարեկեցիկ պետութեան մը կերտումը կ’ամոքէ մեր պատերազմի կորուստին վիշտը:
Վարչապետը շնորհաւորեց բոլոր կիները իրենց տօնին առիթով ու անոնց մաղթեց ամենայն բարիք: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը գործադրելու ծրագրեր կրթական, տնտեսական ու այլ մարզերու մէջ, կիներու տաղանդը յայտնաբերելու եւ զարգացնելու համար: Կիներու յաջողութիւնը պետութեան յաջողութիւնն է, որովհետեւ անոնք կը կազմեն ընկերութեան կէսը: