Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Իտլիպ նահանգի հարաւային մասին մէջ գործող սուրիական բանակի ջոկատ մը բախում ունեցած է «Ժապհաթ Ալ Նուսրա»ին պատկանող ահաբեկչական խումբի մը հետ, որ կը փորձէր թափանցում կատարել բանակի դիրքի մը մէջ: Ահաբեկչական խումբը ունեցաւ մարդկային կորուստ եւ ձերբակալուեցաւ խումբէն անդամ մը:
Սուրիական բանակի հակաօդային ջոկատներ վար առին երեք անօդաչու թռչող սարքեր Քնէյթրա եւ Իտլիպ նահանգներուն մէջ: