Լիբանանեան բանակի լրատուական գրասենեակը հերքեց իսրայէլեան այն վարկածը, թէ Լեռնալիբանանի Ժըպէյլ եւ Քեսրուան շրջաններուն մէջ Հըզպալլա կը պահէ փապուղիներ ու հրթիռի կեդրոններ: Ըստ նոյն աղբիւրին, բանակը քննութիւն բացած է այս ուղղութեամբ ու ճշդած է, որ այդպիսի բան գոյութիւն չունի: