Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՖՐԱՆՍԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷՆ Է, ՈՐ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՄԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱԶՄԱԶԱՆԵՑՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՈՐՈՇՄԱՆ»

February 26, 2024
in Հայաստան
0
«ՖՐԱՆՍԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷՆ Է, ՈՐ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՄԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱԶՄԱԶԱՆԵՑՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՈՐՈՇՄԱՆ»

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ՝ ԼԸՔՈՐՆԻՈՒԻՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիան Լըքորնիուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է.

«Կ՛ողջունեմ Ձեզ եւ Ձեր պատուիրակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Սա Ձեր եւ, ընդհանրապէս, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարի առաջին այցն է Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ արդէն իսկ այս փաստով պատմական է:

Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ մեր երկկողմ օրակարգի ձեւաւորման եւ այդ օրակարգը իրականացնելու հարցով աջակցութեան համար: Պիտի ընդգծեմ, որ ի հարկէ այն փոփոխութիւնները, որ տեղի կ՛ունենան մեր անվտանգային իրավիճակին եւ համագործակցութեան մէջ, տրամաբանուած են եւ հիմնաւորուած: Ի հարկէ, շնորհակալութիւն յայտնելով՝ պիտի նաեւ տրամաբանական համարեմ, որ Ֆրանսան առաջին երկիրներէն է, որ կ՛արձագանգէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ մեր յարաբերութիւնները բազմազանեցնելու մեր որոշման, որովհետեւ, ինչպէս նախորդ երկու օրերուն Փարիզի մէջ քննարկելու առիթ ունեցանք, մեր յարաբերութիւնները շատ խորն են եւ բազմաշերտ, ու տրամաբանական է, որ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոյնպէս այդ յարաբերութիւնները պէտք է արտայայտուին: Նաեւ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ նախագահ Մաքրոնի հետ մեր քննարկումներուն մէջ, ըստ էութեան, միշտ ներկայ եղած է անվտանգութեան բաղադրիչը, եւ հիմա ուրախ եմ, որ այդ քննարկումները յստակ արտայայտութիւն կը ստանան,  այդ շարքին՝ Ձեր աջակցութեամբ»:

Իր հերթին Սեպասթիան Լըքորնիուն նշած է.

«Դուք յուզեցիք ֆրանսացիները Ձեր ներկայութեամբ պանթէոնին մէջ: Կարելի է ըսել, որ սա շատ իւրօրինակ շաբաթ էր մեր երկու հանրապետութիւններուն համար: Ինչպէս այդ մասին ըսի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ ես հանդիպում ունեցայ, իրօք որ կար որոշակի պառակտում՝ մէկ կողմէ ջերմ բարեկամական յարաբերութիւնները, որ մենք ունէինք, եւ պաշտպանական ոլորտը, որ տակաւին լիովին իրագործուած չէր:

Կը կարծեմ, որ այս յառաջընթացին մեծ դեր կը խաղան նաեւ Ձեր անձնական յարաբերութիւնները Ֆրանսայի նախագահին հետ: Կը կարծեմ, որ այն հիմնուած է վստահութեան վրայ եւ թոյլ տուէք ինծի ըսել, որ նաեւ մեր երկկողմ վստահութիւնն է: Կը կարծեմ, որ Ձեր պաշտպանութեան նախարարին հետ մեր խումբերուն միջեւ շատ յստակ ճանապարհ մեզի համար ուղեգծած ենք: Եւ հաշուի առնելով այն սպառնալիքները, որոնք կախուած են Հայաստանի գլխուն, մեզ կը ստիպեն աւելի արագ յառաջ ընթանալ: Այսինքն՝ մեզի համար շատ կարեւոր է արագ արձագանգել եւ կազմակերպել քայլերը:

Արդէն շատ բան ընթացքի մէջ էր, բայց շնորհիւ այն երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ հանդիպման, որ դուք ունեցաք նախագահ Մաքրոնի հետ, մեզի թոյլ տուաւ այսօր աւելի յառաջ ընթանալ՝ այն նոյն ուղղութիւններով, որոնք մատնանշած էիք Փարիզի մէջ միասին»:

Զրուցակիցները քննարկած են պաշտպանական համագործակցութեան ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագրերը:

Կողմերը կարեւորած են ՀՀ զինուած ուժերու բարեփոխումներու շրջանակին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա փոխգործակցութիւնը, այդ շարքին՝ ռազմական կրթութեան, մարտական պատրաստութեան եւ այլ ուղղութիւններով:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:

Share61Tweet38
Previous Post

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ, ԲԱՅՑ ԻՆՔ ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐՆԵՐՈՒ ԶԷՆՔ ԿԸ ԳՆԷ»

Next Post

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԶԲԱՂՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎՄԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԷՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 873 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ Է

Next Post
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԶԲԱՂՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎՄԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԷՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 873 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ Է

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԶԲԱՂՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎՄԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԷՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 873 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.