Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԶԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

February 26, 2024
in Գաղութային
0
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԶԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

8 Փետրուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ վարդապետական թեզի բանաւոր պաշտպանութիւն:

Մասնաւոր վարդապետական աստիճան ստանալու համար թեզ պաշտպանեց Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքությեան միաբան հոգեշնորհ Տ. Յովակիմ աբեղայ Սերովբեանը՝ «Թարգմանական կրօնական երկերը 18-րդ դարի պոլսահայ գրատպութեան մէջ» թեմայով:

Յանձնաժողովը կը նախագահէր Տաւուշի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը։ Յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռօշեանը, Մասյացոտն թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գեւորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը եւ ԵՊՀ Աստուածաբանութեան բաժանմունքի տնօրէն ու Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցգոյ հոգեւոր տեսուչ գերաշնորհ Տ. Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը։

Պաշտպանութեան ընթացքին հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ներկայացուց իր վարդապետական թեզը, պատասխանեց յանձնաժողովի անդամներուն եւ ներկաներուն հարցումներուն:

Յաւարտ բանաւոր պաշտպանութեան՝ Քննիչ յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն տուաւ վարդապետական թեզի պաշտպանութեան եւ արժանի համարեց հոգեշնորհ Տ. Յովակիմ աբեղայ Սերովբեանին շնորհելու մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան:

Յառաջիկայ օրերուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ, ձեւաւորուած աւանդութեան համաձայն, Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան յատուկ արարողութիւն:

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Next Post

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ, ԲԱՅՑ ԻՆՔ ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐՆԵՐՈՒ ԶԷՆՔ ԿԸ ԳՆԷ»

Next Post
«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ, ԲԱՅՑ ԻՆՔ ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐՆԵՐՈՒ ԶԷՆՔ ԿԸ ԳՆԷ»

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ, ԲԱՅՑ ԻՆՔ ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐՆԵՐՈՒ ԶԷՆՔ ԿԸ ԳՆԷ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.