Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՏԱԽԱԶ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՈՅԻ ՄԻՋԵՒ

February 26, 2024
in Գաղութային
0
ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՏԱԽԱԶ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՈՅԻ ՄԻՋԵՒ

 

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին ընդհանուր դատախազ Դոկտ. Լուի Մորենօ Օքամփոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Յայտնենք, որ Դոկտ. Օքամփօ միջազգային համբաւ եւ յարգանք վայելող դատախազ է, որ կը բարձրաձայնէ ազգերու եւ ժողովուրդներու բռնաբարուած իրաւունքներու վերահաստատման ու վերատիրացման պահանջատիրութիւնը։

Խօսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ Դոկտ. Օքամփոն ընդգծեցին, որ իրաւաքրէական սկզբունքներու եւ միջազգային համապատասխան օրէնքներու հիման վրայ Ատրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կանխամտածուած եւ ծրագրաւորուած ցեղասպանութիւն էր ընդդէմ Արցախի ժողովուրդին։

Խօսակիցները նաեւ անդրադարձան Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններու ընթացքին գործադրուած ցեղասպանութեանց եւ ցեղային զտման գործընթացներուն։ Շեշտուեցաւ ցեղասպանութիւններու անպատժելիութեան երեւոյթը, որ պատճառ կը հանդիսանայ նոր ցեղասպանութիւններու գործադրութեան։

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Դոկտ. Օքամփոյի տարած աշխատանքները եւ յատկապէս Արցախի դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած գործողութիւնները ցեղասպանական քաղաքականութիւն նկատող իր աշխատասիրութիւնը, որոնք միջազգային իրաւաբանական մտածողութեան մէջ լայն տեղ գտած են եւ մեկնած են մարդկային իրաւանց սկզբունքներէն։

Share61Tweet38
Previous Post

ՌՈՒՍԻԱ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Next Post
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.