Զապէլ Եսայեան, Չօպանեանին եւ ուրիշներու ալ իր ուղարկած նամակներուն մէջ յաճախ անդրադառնալով սահմանադրութեան հռչակումէն ետք օրուան իրավիճակին՝ կը գրէր, որ «ազատութիւնը թեւատ ազատութիւն է, մեզի համար ազատութիւնը շողշողուն բառ մըն է միայն… Ազատութիւնը մենք ինքզինքնուս միայն կրնանք տալ. անիկա իբրեւ շնորհ չ’ընդունուիր երբեք…»: Ու «Եւփիմէ»ն լաւագոյնս կը պատկերէ այդ օրուան իրավիճակը, որուն յաջորդած այլ գլուխ-գործոց մէկ վէպը՝ «Աւերակներուն մէջ»ը (1911), կը պարագրկէ Կիլիկիոյ հայութեան մահասփիւռ ողբերգութիւնները, Կիլիկիոյ քաղաքներու ծխացող աւերակներու, հրդեհուած գիւղերու եւ ամայացած դաշտերու արիւնահանդէսները, որոնք կ’ամբողջացուին վիպագիրին տպաւորութիւններուն վերամբարձ կոտտանքով, գեղարուեստագէտի աստուածառաք հանճարով ցոլուն պատմում-ակնարկներով: Եսայեան իր «Անէծքը» վիպակին եւ «Սաֆիէ» ու «Նոր հարսը» գեղարուեստական պատմուածքներուն մէջ եւս կ’արտացոլացնէ Կիլիկիոյ աղէտը:
1911-ին կրկին Պոլիս վերադառնալով՝ այստեղ կը մնայ երեք տարի, կը շրջագայի իր ծննդավայրի «որովայն»ին մէջ, կը մասնակցի գրական-հասարակական կեանքին ու երեք տարի ետք՝ 1914-ին, դարձեալ կ’անցնի Փարիզ, ուր կը մնայ մէկ ամիս: Յաջորդ տարուան Ապրիլին, Ապրիլ 24-ին ծայր առած հայաջինջ գործողութիւններու ժամանակ, շնորհիւ իր մէկ ճարպիկութեան ու հնարամտութեան՝ Եսայդան հրաշքով կ’ազատի ու կ’անցնի Թիֆլիս, ուր հանդէս կու գայ հրապարակային դասախօսութիւններով, մամուլի մէջ յօդուածներով՝ նուիրուած խողխողուող արեւմտահայ ժողովուրդի իրավիճակին եւ արեւմտահայ անջիտուած գրականութեան: Այստեղ, 6 Փետրուար 1916-ին, «Հայկական վերջին հալածանքները Կ. Պոլսոյ մէջ» իր դասախօսական նիւթը կը տպուի Թիֆլիսի «Մշակ»ին մէջ: Հրապարակային ելոյթներով կը շրջագայի քաղաքէ-քաղաք՝ Ս. Փեթերսպուրկ, Մոսկուա, Պաքու եւ Իրան՝ 1918-ին, ապա Միհրան Տամատեանի եւ քանի մը գաղափարակից գործիչներու հետ կը շրջի միջինարեւելեան երկիրներ (Աղեքսանդրիա, Գահիրէ, Պէյրութ, Հալէպ, Այնթապ, Մերսին, Հաճըն, Ուրֆա, Ատանա եւ այլուր)՝ կազմակերպելով որբախնամութեան հոգեմաշ, այլեւ նուիրական գործը Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ:
*****
1915-ի Մեծ Եղեռնէն Թիֆլիս խոյս տուած ու հոն ապաստան գտած Եսայեանի արիւնոտ յուշերը կը տպուին Պաքուի «Գործ» ամսագիրին մէջ եւ ապա «Ժողովուրդի մը հոգեվարքը» (1917) եւ «Մուրատի ճամբորդութիւնը» (1917) խորագրեալ գիրքերու մէջ: Այդ տարիներուն լոյս կը տեսնեն նաեւ իր ուշագրաւ վիպակները՝ «Վերջին բաժակը» (1916) եւ «Հոգիս աքսորեալ»ը (1919): Առաջինը՝ ինքնակենսագրական բնոյթի ստեղծագործութիւն մը, ուր սիրոյ ներշնչման ուժը եւ անհատի ալեկոծ հոգիի ծփանքը կը բախին իրականութեան անյաղթ պատնէշին: Երկրորդին մէջ, մտաւորականութեան կեանքին ու հոգեբանութեան պատկերը, առաւել անոր ընկալչութեանց եւ գեղագիտական հայեացքներուն համադրութիւնը վիպագիրին պայծառ երեւակայութեամբ կը ներկայացուին ընկերահասարակական կեանքի համապատկերին մէջ:
Եսայեան արդէն Փարիզ էր՝ երբ խորհրդային կարգերը հաստատուեցան Հայաստանի մէջ: Գրագիտուհին գաղափարական իր արեւելումը դէպի խորհրդային կարգեր բացայայտած էր 1918-ի Մայիսին, երբ ան Թեհրանէն հետեւեալը կը գրէր Արշակ Չօպանեանին. «… Բնական է, որ խորհրդայիններու ճամբով պիտի երթայինք: Ինչ որ ալ ըլլայ՝ ռուս են վերջապէս, որոնք հնարաւորութիւնը ընծայեցին մեզ թուրքերու զազրելի տիրապետութենէն ազատիլ նոյնինքն Կովկասի մէջ»:
Խորհրդային Հայաստանի կազմաւորումէն ետք ինկող ժամանակաշրջանին մէջ կ’իյնայ հրատարակութիւնը վիպագիրին «Նահանջող ուժեր» (1923) քաղաքական վէպին, ուր Եսայեան վիպական ծաւալուն կտաւի վրայ առաջին անգամ ըլլալով նիւթ կը դարձնէ քաղաքական հոսանքներու պայքարը, Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն հայկական կուսակցութիւններու գործունէութիւնն ու անոնց միջեւ բախումները, այդ կուսակցութիւններուն դիրքորոշումը Խ. Հայաստանի հանդէպ: Սոյն վէպին մէջ Եսայեան պաշտպանելով խորհրդային կարգերը եւ բուռն հակադարձելով Խ. Հայաստանին հակադրուողներուն՝ կ’ընդգծէ, որ «… ժողովուրդը կը կորսուի, բայց Հայրենիքը կը փրկուի»: Ան յախուռն ելոյթներ կ’ունենայ Սփիւռքի այն զանգուածներուն դէմ, որոնք կը փորձեն սփիւռքահայութիւնը անջատել Մայր Հայաստանէն եւ անտեսել Սովետական Հայաստանի գիտական, կրթական, գրական, մշակութային ու արուեստներու բնագաւառներէ ներս ձեռքբերուած նուաճումները:
20-ական թուականներու իր արժէքաւոր ստեղծագործութեանց շարքին է «Պրոմեթէոս ազատագրուած» (1928) ծաւալուն գիրքը, որուն երկունքը սկսած էր 1926-ին՝ երբ վիպագիրը առաջին անգամ ըլլալով կ’այցելէր Սովետական Հայաստան: Գիրքին տեսական-քննադատական շարք մը յօդուածներուն մէջ Եսայեան բացառիկ նուրբ նկատառումներ ու դիտողութիւններ ունի պրոլետարական (բանուորական) գրականութեան առանձնայատկութիւններու նկատմամբ: Ան կ’երթայ այնքան առաջ իր համոզումներուն մէջ, որ Սովետական Միութիւնը կը համարէ «մեր հարազատ հայրենիքը, որ ցոյց կու տայ նոր կարգերու արդարացիութինն ու նպատակներու վեհութիւնը»:
1933-ի գարնան երբ վերջնականապէս կը հաստատուի Խ. Հայաստան, բնականաբար Եսայեանի համար կը բացուին կեանքի ու ստեղծագործութեան նոր ուղիներ եւ յոյսի որոնումներ: Յաջորդ տարի մասնակցելէ ետք Սովետական Միութեան գրողներու Ա. համագումարին, նոյն շրջանին լոյսի բարիքին կու գայ իր «Կրակէ շապիկը» (1934) վիպակը, յաջորդ տարի՝ «Սիլիհտարի պարտէզները» (1935) վէպ-յուշագրութեան Ա. հատորը, երբ դեռ չէր սկսած Կենտկոմի Ա. քարտուղար Աղասի Խանջեանի սպանութեամբ (9 Յուլիս 1936-ին) թափ առած Եղիշէ Չարենցի դէմ խաչակրական կատաղի հալածանքները եւ զայն դատավարութեան ենթարկելու վտանգաւոր տարողութիւնը երկրին մէջ: Ապա, 1936-ի վախճանէն առաջ գրուած (հրատարակուած 1966-ին. քաղաքական ու այլ վիճակներու բերումով հեղինակը դժբախտաբար չհասցուց զայն հիմնաւորապէս վերամշակել) վիպագիրին «Պարպա Խաչիկ» ծաւալուն վէպին կը յաջորդէ լոյս ընծայումը «Երկեր» ծաւալուն ժողովածուին, որուն մէջ գրողը ստեղծած է ներկայ եւ անցեալ կեանքի պատկերներ, որոնք իրենց գեղարուեստական ու գաղափարական աւշայորդումով կապուած են սովետական գրականութեան փորձին:
«Սիլիհտարի պարտէզները» ինքնակենսագրական վէպը, օրինակի համար, սոսկ կեանքի մը պատմութիւնը չէ՝ մեծ ու փոքր դէպքերու, պատահարներու յաջորդականութեամբ: Եսայեան այս վէպին մէջ յաջողած է խտացնել ԺԹ. դարու 80-90-ական թուականներու պոլսահայ կեանքը՝ ընկերային, կենցաղային, քաղաքական բազմակի դրսեւորումներով ու հոգեբանական վերապրումներով, որոնք կ’արտացոլացնեն գրողին ծննդավայրը, մանկութեան յիշատակները: Նորավէպերու շարք մըն է այս երկը, ուր իւրաքանչիւր նորավէպ ունի իր խորագիրն ու հերոսը, մարդոց ցաւի պատմութիւններն ու յոյսերը, երազները, փոխյարաբերութիւնները՝ ողբերգական հնչերանգներով զեղուն:
Գրականութեան ֆոնի վրայ՝ Եսայեան-Չարենց փոխհամակրական կապերու մասին յաճախ են գրուած: Այս իրողութիւնը ակնյայտօրէն կը ցոլայ Չարենցի արխիւներուն մէջէն: Չարենց, որ 27 Նոյեմբեր 1937-ին զոհ գնաց ստալինեւբերիական անասնական եղեռնագործութեանց եւ սպաննուեցաւ բանտախուցի մէջ, գերեզմանն անգամ ցարդ անյայտ է: «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»-ի համբաւաւոր երգիչը մեծ համարում ունէր Եսայեանի հանդէպ, որ 1936-ին, Հայաստանի գրողներու միութեան ժողովին մէջ եւ Չարենցի բանտարկութենէն մէկ ամիս առաջ արտասանած էր հետեւեալ խօսքը, որ կու տանք՝ քաղելով Երեւանի մէջ 2007-ին հրատարակուած Չարենցի «Վերջին խօսք» հատորէն (էջ 106), որ կը բովանդակէ բանաստեղծին անտիպ բանաստեղծութիւններն ու այլ փաստագրութիւններ. «Եղիշէ Չարենցը մեր ամենամեծ բանաստեղծն է, այդ անուրանալի է բոլորիս համար: Նրա տաղանդը շողշողուն լոյսի պէս շլացնում է մեզ… Մեզանից շատերի անունները կը կորչեն, բայց գալիք սերունդները չեն մոռանայ Չարենցին: Թերեւս մեզանից ոմանց անունները անցնեն գալիք սերունդներին միայն այն պատճառով, որ Չարենցի արժէքով մէկի հանդէպ եղել են արդար կամ անարդար»:
Արդարեւ, այսօ՛ր ե՛ւ ապագային, թէ՛ Եղիշէ Չարենցի եւ թէ՛ Զապէլ Եսայեանի անուններն ու գործերը յաւերժօրէն պիտի շողշողան հայ գրականութեան երկնակամարին: Երկու անհունաստեղծ մեծութիւններ, որոնց գերեզմանները մնալով անյայտ, անոնց վաղաժամ մահով մեր յոյզերուն վրայ աստղնտող անփարատելի կոտտանքը պիտի տեւէ շա՜տ երկար՝ դարերու հնութեամբ:
Չարենցի եղերական վախճանէն շատ չանցած, բազմաթիւ այլ մտաւորականներու շարքին, Ստալին-Բերիա ոճրագործներու հետապնդմամբ ու բռնադատմամբ ձերբակալուեցաւ, աքսորուեցաւ ու աքսորէ-աքսոր հիւծած վիճակով մահացաւ Զապէլ Եսայեան՝ որպէս խիզախ պաշտպանեալը Չարենցի եւ յանուն արդարութեան, որպէս մեծ երախտաւոր՝ մարդկային միտքի հզօր արարումներու:
Կարդալ Զապէլ Եսայեան՝ կը նշանակէ գրական ու խոհափիլիսոփայական ակունքներ տանող բազմաթիւ ուղիներ բանալ դէպի համամարդկային անդաստաններ, ուր ամէն օր կը դալարին գեղեցիկ ոճի ու ճաշակներու գրական պարտէզները: Ուր կ’անձրեւեն սիրոյ եւ կանանց ապրումներու անդադրում երգեր, վէպերու վիրաբաց արցունքներ, արցունքին անկործանելի իմաստնութիւնը, որոնք կը պարզեն գրական ուխտագնացութիւն մը դէպի յաւերժութիւն…:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Աղթամար»
(Վերջ)
———————————————————-