Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հասաւ Լիբանան ու այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին Պէյրութի կառավարութեան սերային մէջ: Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, Հարիրի եւ Միքաթի ժողով գումարեցին: Աւարտին, վարչապետ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ 14 Փետրուարի յիշատակը կը միացնէ բոլոր լիբանանցիները դիմադրելու համար բոլոր մարտահրաւէրներուն: Ապա, Միքաթի կէսօրուան ճաշի պահեց Հարիրին: