Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹª Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

February 5, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹª Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

 

ՙՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆՈՒԹԵԱՄԲ ԹԵՄԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄԻ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ՚

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Այս հաստատումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց Տուպայի մէջ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթի մասնակիցները, իր փակման խօսքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ 400 անձեր մասնակցեցան ճաշկերոյթին, որ դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց թեմին վերածաղկումի շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկը: Ճաշկերոյթի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Քրիսթին Եփրեմեան-Թոսունեանը, ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեանը, մեր Ս. Աթոռին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանը եւ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը: Բոլոր խօսք արտասանողները անդրադարձան, Նորին Սրբութեան առաջնորդութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համահայկական առաքելութեան, Վեհափառ Հայրապետին համահայկական մտածողութեան եւ համախմբում յառաջացնելու աշխատանքին, տակաւ ծաւալող ու վերակազմակերպուող թեմի աշխատանքներուն եւ Նորին Ս. Օծութեան Հովուապետական այցելութենէն ետք թեմին դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 25 ամեակին:

Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին ծառայութեան լծուած է մեր գաղութները գործօն ներկայութիւն դարձնելու շրջանէն ներս, թեմին եւ այլ համայնքներու եւ պետական կառոյցներու հետ իր ունեցած հետեւողական յարաբերութեամբ եւ թեմական կառոյցները նոր ուժականութեամբ օժտելու իր ճիգով: Նորին Ս. Օծութիւնը գոհութեամբ հաստատեց, որ պետական պատասխանատուները իրենց յատուկ գնահատանքը յայտնած են, շրջանէն ներս հաստատուած հայ համայնքին նկատմամբ: Ապա, Հայրապետը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 25-ամեակին: Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց (ներկայ, բացակայ թէ ննջեցեալ, հոգեւորական թէ աշխարհական), որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են եկեղեցւոյ շինութեան եւ իրենց ծառայութիւնը մատուցած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Տուպայի մէջ նոր եկեղեցի ու երիտասարդներու նոր կառոյց մը կառուցելու ծրագիրը, որ դարձած է անհրաժեշտութիւն, մանաւանդ վերջին տարիներուն, երբ պայմաններու բերումով քաղաքին մէջ հայ համայնքի ներկայութիւնը նոր ծաւալ կը ստանայ, յատկապէս երիտասարդներու ներկայութեամբ: Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով յիշեց գաղութի կեանքէն ներս երիտասարդութիւնը ներառելու հրամայականը: Շարունակելով իր խօսքըª Հայրապետը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ազդու միջոցներու դիմել, որպէսզի երիտասարդութիւնը ո՛չ թէ սոսկ հետեւողի դիրքին վրայ ըլլայ, այլ առաջնորդողի դերով մասնակից դառնայ մեր համայնքային կեանքին:

Իր պատգամին վերջին բաժնին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: Ան ըսաւ, թէ յաճախ կը շեշտեմ, մեր ազգը մէկ ամբողջութիւն էª մէկ անցեալով, ներկայով ու ապագայով, եւ մէկ Հայրենիքով: Հայաստանի հզօրացումը Սփիւռքի հզօրացումն է, եւª փոխադարձաբար: Ասիկա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար լոզունգ չէ, այլ մտածողութեան ու ծառայութեան ուղեցոյց է: Այս յանձնառութեամբ լծուած ենք մեր թեմերու վերակազմակերպումի աշխատանքին:

Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով թեմի խնդրանքին, ՙԿիլիկեան Ասպետ՚ շքանշանով պարգեւատրեց Արա Քէօսէեանը, որ երկար տարիներ թեմական ծառայութիւն ունեցած է եւ նիւթապէս օժանդակած է թեմի ծրագրերուն£ Իսկ ՙՍ. Մեսրոպ Մաշտոց՚ շքանշանով պարգեւատրեց Մուշեղ Պետիրեանը, որ դարձեալ թեմական ծառայութիւն ունեցած է անցնող տարիներու ընթացքին:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանը եւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ասսաֆ Տումաթը:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Տուպայէն մեկնելէ առաջ հանդիպումներ ունեցաւ թեմի Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետներուն հետ եւ քննարկեց թեմին յառաջիկայ ծրագրերը: Նոյն օրը, Հայրապետը Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի հետ վերադարձաւ Անթիլիաս£ Իսկ յաջորդ օրը, Մեսրոպ սրբազան մեկնեցաւ Քաթար, Նորին Ս. Օծութեան կողմէ յատուկ նամակ մը յանձնելու վարչապետ Մոհամմատ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասէմ Ալ-Սանիին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄԷ-Ն ԵՒ ՀՀ-Ն ԿԸ ԽՈՐԱՑՆԵՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸª ԱԶԱՏԵԼՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ ԱՄԷ ՄՈՒՏՔԻ ՎԻԶԱՅԻ ՊԱՀԱՆՋԷՆ

Next Post

ԿՈ՛Չ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ԿՈ՛Չ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ

ԿՈ՛Չ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.