Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Նարիման Ալ-Մուլլան իր անկեղծ շնորհաւորանքը յղած է բարեկամ հայ ժողովուրդինª սոյն թուականի Փետրուար 1-էն ԱՄԷ մեկնելու համար նախապես մուտքի արտօնագիր ստանալու պահանջէն ազատուելու առիթով:
ՙՄեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը պիտի կարենան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մուտք գործել առանց մուտքի արտօնագրի՚, նշուած է Հայաստանի մէջ ԱՄԷ դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Դեսպանը նաեւ շեշտած է, որ մուտքի արտօնագրերը փոխադարձաբար վերացնելու որոշումը կ’արտացոլէ երկու երկիրներուն միջեւ փոխըմբռնման եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու խորութիւնը եւ անոնք ի շահ երկու երկիրներու զարգացնելու համատեղ ցանկութիւնըª յաւելելով, որ այն պիտի նպաստէ ոչ միայն երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան, առեւտուրի, տնտեսութեան եւ ներդրումներու ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու ամրապնդման, այլ նաեւ պիտի նպաստէ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ մշակութային եւ քաղաքակրթական փոխգործակցութեան խորացման£
ՙՀՀ քաղաքացիներուն համար ԱՄԷ մուտքի արտօնագրերու ազատականացումը մեր կառավարութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած համատեղ ջանքերու արգասիքն է, որ ուղղուած է բոլոր մակարդակներու վրայ երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու համար աւելի լայն հորիզոններ բանալուն եւ երկու երկիրներու շուկաներուն մէջ գործարար համայնքներու ու մասնաւոր հատուածին համար նոր խոստումնալից հնարաւորութիւններ ստեղծելուն£ Այսպիսովª յոյս ունինք խթանել հայ գործարարներու եւ ընկերութիւններու ներդրումները ԱՄԷ-ի մէջ՚, ըսած է Ալ-Մուլլան£
Համարելով 2023 թուականը յաջող տարի երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման տեսանկիւնէնª դեսպանը յիշեցուցած է, որ ԱՄԷ-ն եւ ՀՀ-ն նախորդ տարի նշած են դիւանագիտական յարաբերութիւններու հիմնադրման 25-ամեակը: Ան ընդգծած է, որ 2023 թուականի ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը յանգեցուցած է բազմաթիւ շօշափելի ձեռքբերումներու, որոնք արտայայտուած են ոչ միայն առեւտրաշրջանառութեան աճով, որ 2023 թուականի 11 ամիսներու ընթացքին հասած է աւելի քան 1,9 միլիառ տոլարի (ըստ արտահանող երկրին), այլ նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներուն միջեւ փոխայցելութիւններու աշխուժացմամբ, ինչպէս նաեւª երկուստեք առաջնահերթ ոլորտներում մէջ փոխըմբռնման յուշագրերու ստորագրմամբ£
Այս ծիրին մէջ, դեսպանը մասնաւորապէս բարձր գնահատած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի այցը ԱՄԷ, ինչպես նաեւ ԱՄԷ պետական նախարար Ահմատ Ալ-Սայեղի եւ վերջերս Ալի Ալ-Նուայմիի գլխաւորած ԱՄԷ Դաշնային Ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան այցերը Հայաստանª կարեւորելով նաեւ 2023 թուականին Երեւանի մէջ կայացած հայ-էմիրաթական առաջին գործարար համաժողովը եւ Հայաստանի մասնակցութիւնը ԱՄԷ-ի մէջ տեղի ունեցած ՙCOP28՚-ի համաժողովին, որ արժեւորուած է նաեւ ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ ԱՄԷ կիպեռանվտանգութեան խորհուրդին միջեւ փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրմամբ£
Ալ-Մուլլան գոհունակութիւն յայտնած է նաեւ էմիրաթական օդանաւային ընկերութիւններու (Fly Dubai, Air Arabia եւ Wizz Air) կողմէ երկու երկիրներուն միջեւ շաբաթական մօտ 30 ուղիղ թռիչքներու իրականացումըª այն կարեւոր գործօն համարելով զբօսաշրջութեան եւ առեւտրային ոլորտներում մէջ համագործակցութեան զարգացման շարունակական յարաշարժութեան պահպանման տեսանկիւնէն£
Դեսպանը եզրափակած է խօսքըª ըսելովգ ՙՎիզայի կարգի չեղարկման արձանագրութեան ուժի մէջ մտնելէն յետոյ կ’ակնկալենք երկու երկիրներբւն միջեւ ուղիղ թռիչքներու թիւի եւ զբօսաշրջային հոսքերու քանակի աւելացում, ինչպէս նաեւ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ մշակութային երկխօսութեան ամրապնդում£ Մենք կը հաստատենք մեր նուիրուածութիւնը Հայաստանի հետ կամուրջներ կառուցելու եւ հեռանկարային համագործակցութիւն զարգացնելու նկատմամբ, ինչ որ կ’ամրապնդէ իմ համոզմունքս, որ մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը սահմաններ չունի, եւ որ ԱՄԷ-ի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան ու գործընկերային յարաբերութիւններուն կը սպասուի պայծառ ապագայ՚£