Իրանի դատական իշխանութեան ղեկավարութիւնը յայտարարեց, թէ ապահովական ուժերուն եւ հետախուզական ծառայութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է յայտնաբերել ու ձերբակալել վերջերս Քերմանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան հեղինակները: Ըստ հետախուզութեան նախարարութեան, անցնող օրերուն ձերբակալուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցող 35 մարդ: Նշենք, որ պայթումները տեղի ունեցած էին 3 Յունուարինª ահաբեկուած հրամանատար Քասէմ Սուէյմանիի դամբարանին մօտակայքը, պատճառելով շուրջ հարիւր զոհ: